image

18 Տարիքը չամբողջացուցած աղջիկները բռնաբարող եւ անոնց հետ ամուսնացող տղամարդոց կրնան ներում շնորհել Թուրքիոյ մէջ

18 Տարիքը չամբողջացուցած աղջիկները բռնաբարող եւ անոնց հետ ամուսնացող տղամարդոց կրնան ներում շնորհել Թուրքիոյ մէջ

Անցեալ շաբաթ բրիտանական «Ինտիփենտընթ» թերթը հրապարակեց անհաւատալի յօդուած մը՝ «Ամուսնացիր Քեզ Բռնաբարողին Հետ» Օրինագիծը Օրէնսդիրներու Կողմէ Կը Ներկայացուի Թուրքիոյ Մէջ» վերնագրով։

Կարծես միջնադարէն հնչող նիւթ ըլլայ։ Եթէ Թուրքիոյ խորհրդարանը հաստատէ զայն, սպասուող օրէնքը «թոյլ պիտի տայ, որ տղամարդիկ, որոնք կը մեղադրուին 18 տարիքը չամբողջացուցած աղջիկներու հետ սեռական յարաբերութիւններ ունենալու յանցանքով՝ խուսափին պատիժէն, եթէ անոնք ամուսնանան իրենց զոհերուն հետ», կը յայտնէ «Ինտիփենտընթ»։

Թուրք կիներու իրաւունքներու պաշտպանները զայրացած են, որ այսպիսի ամօթալի օրինագիծ մը կրնայ օրէնքի վերածուիլ «արդի» Թուրքիոյ մէջ: Քննադատները կը պնդեն, որ նախատեսուած օրէնքը «ոչ միայն կ՛օրինականացնէ մանուկներու ամուսնութիւնը եւ բռնաբարութիւնները, այլեւ ճամբայ կը բանայ փոքրերու նկատմամբ բռնութիւններու եւ սեռական շահագործման», կը գրէ «Ինտիփենտընթ»։ Քրտամէտ ընդդիմադիր «Ժողովուրդի դեմոկրատական  կուսակցութիւնը» (HDP) դէմ է այս օրինագիծին։

«Միաւորուած Ազգերու Կազմակերպութեան (ՄԱԿ) գործակալութիւնները մտավախութիւն յայտնած են, որ այս օրինագիծի հիմամբ լայն կարելիութիւններ կը ստեղծուին մանուկներու նկատմամբ բռնութիւն գործադրելու, իսկ զոհերը կը դառնան աւելի եւս խոցելի՝ իրենց վրայ յարձակողներուն կողմէ լրացուցիչ բռնութեան եւ տառապանքներու ենթարկուելու իմաստով», կը տեղեկացնէ «Ինտիփենտընթ»։

2016ին ներկայացուած նմանօրինակ օրինագիծ մը մերժուած էր Թուրքիոյ խորհրդարանին կողմէ՝ ամբողջ աշխարհի կիներու իրաւունքներու պաշտպաններու քննադատութիւնները ստանալէ ետք։ Այդ օրէնքը ներում կը շնորհէր միայն այն տղամարդոց, որոնք երիտասարդ աղջիկներու հետ սեռական յարաբերութիւն ունեցած են «առանց ուժի կամ սպառնալիքի»:

Քանի մը երկիրներու մէջ ընդունուած է նմանօրինակ օրէնք՝ «ընտանիքին պատիւը» պաշտպանելու եւ ապահովելու նպատակով։ Այսուամենայնիւ, շարք մը այլ երկիրներ, ինչպէս՝ Եգիպտոս, Յորդանան, Լիբանան, Մարոքքօ, Թունիս եւ Պաղեստին, որոնք ունէին նման առարկելի օրէնքներ, վերջին տարիներուն չեղեալ յայտարարած են զանոնք։

«Ինտիփենտընթ» մէջբերած է կիներու իրաւունքներու պաշտպան Սուատ Ապու-Տայայի խօսքերը՝ «ցնցող» է, որ քաղաքական գործիչները կը փորձեն ընդունիլ օրինագիծ մը, որ «անպատժելիութիւն կ՛ապահովէ մեղաւորներուն՝ մանուկներու սեռական շահագործման գծով»: Ան ըսած է «Ինտիփենտընթ»ի․ «Ես կ՛ողջունեմ կիներու իրաւունքներու պաշտպաններու խիզախ աշխատանքը Թուրքիոյ մէջ. անոնք կ՛ընդդիմանան այս խտրական օրինագիծին եւ հանդէս կու գան ընդդէմ յետադիմական ուժերու, որոնք կը ձգտին ջնջել ներկայի իրաւական պաշտպանութիւնը աղջիկներու համար: Նմանատիպ՝ «ամուսնացիր քեզ բռնաբարողին հետ» իրաւական դրոյթներ եղած են Մերձաւոր Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի երկիրներու օրէնսգիրքերուն մէջ: Եգիպտոսի, Յորդանանի, Լիբանանի, Մարոքքոյի, Թունիսի եւ Պաղեստինի մէջ կիներու իրաւունքներու պաշտպաններու եւ օրէնսդիրներու կողմէ տարիներ շարունակ տարուող քարոզարշաւներու շնորհիւ վերջին տարիներուն բոլորն ալ հեռացուցած են այդ սողանցքները: Կիներու իրաւունքներու եւ անոնց պաշտպանութեան վնաս հասցնող օրէնսդրութիւնը ընդունելու փոխարէն, թուրք օրէնսդիրները պէտք է հաշուի առնեն նշեալ յառաջընթացները՝ սեռային խտրական օրէնքները ջնջելու գծով»:

Թէեւ Թուրքիոյ մէջ ամուսնութեան օրինական տարիքը 18ն է, թրքական Daily News մէջբերած է Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ «Ժողովրդահանրապետական կուսակցութեան» (CHP) անդամ Թեքին Պինկոլի սա խօսքը․ «վերջին տասը տարիներուն ընդհանուր թիւով 482 հազար 908 անչափահաս կին ամուսնացած է։ Թուրքիոյ մէջ կիներու 26 տոկոսը ամուսնացած է մինչեւ 18 տարեկան հասնիլը: Անոնց տասը տոկոսը ծննդաբերած է մինչեւ 18 տարեկան ըլլալը, իսկ վերջին վեց տարիներուն 142 հազար 298 անչափահաս մայր արձանագրուած է: Այդ աղջնակներուն մեծ մասը ամուսնացած է կրօնական արարողութեամբ։ 2002 թուականէն ի վեր անչափահաս աղջիկները ծնած են ընդհանուր առմամբ 440 հազար մանուկ։ Թիւը՝ մինչեւ 15 տարեկան կիներու, որոնք ծննդաբերած են սեռական բռնութեան ենթարկուելէ ետք, կազմած է 15 հազար 937»:

 «Ինտիփենտընթ» յայտնած է, որ «Բռնութիւնը կիներու եւ աղջիկներու նկատմամբ տարածուած է Թուրքիոյ մէջ. համաձայն ՄԱԿի տուեալներուն՝ թուրք կիներու 38 տոկոսը իր զուգընկերոջ կողմէ ենթարկուած է ֆիզիկական կամ սեռական բռնութեան: «Մենք կը դադրեցնենք կինասպանդը» անուանումը կրող քարոզչական խումբի հաշուարկներով՝ 2017ին 409 կին սպաննուած է իր զուգընկերոջ կամ ընտանիքի անդամի մը կողմէ, բան մը, որ կտրուկ աճած է չորս տարի առաջ եղած 237 ցուցանիշի համեմատութեամբ։

Այդ ընթացքին, Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան, կիներու իրաւունքները պաշտպանելու փոխարէն, հանդէս եկած է կիներու դերը թերագնահատող յայտարարութիւններով․․․: 2014ին կայացած հանդիպման մը ժամանակ Էրտողան ներկաներուն ըսած է. «Դուք չէք կրնար հաւասարութեան նշան դնել կիներու եւ տղամարդոց միջեւ: Ատիկա կը հակասէ բնութեան»: 2016ին Էրտողան նաեւ յորդորած է կիները, որ առնուազն երեք երեխայ ունենան եւ պնդած է, որ կնոջ կեանքը «թերի» է, եթէ ան չի վերարտադրուիր: «Այն կինը, որ կ՛ըսէ՝ «քանի որ ես կ՛աշխատիմ, մայր պիտի չըլլամ», իրականութեան մէջ կը հերքէ իր կանացիութիւնը», ըսած է Էրտողան։ Մայրութիւնը մերժող կինը, որ հեռու կը մնայ տունէն, որքան ալ յաջողակ ըլլայ իր աշխատանքային կեանքին մէջ, թերի է»։

Յոյսով եմ, որ անչափահաս աղջիկները բռնաբարելէ  ետք անոնց հետ ամուսնացող տղամարդոց ներում շնորհող օրէնքը կը մերժուի։ Քանի որ Թուրքիոյ խորհրդարանի անդամներուն մեծամասնութիւնը կապուած է նախագահ Էրտողանի «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան հետ (AKP), հետեւաբար, նախագահը կրնայ հեշտութեամբ կանգնեցնել այս օրինագիծին ներկայացումը խորհրդարանէն ներս։ Այսուամենայնիւ, յայտնի չէ, թէ նախագահը ի՞նչ պիտի ընէ, որովհետեւ ան բազմաթիւ դիրքորոշումներ որդեգրած է ներքին եւ արտաքին հարցերու գծով, որոնք կը հակասեն Թուրքիոյ եւ թուրք ժողովուրդի շահերուն: Ինչպէս որ բազմաթիւ առիթներով ականատես եղած ենք, այս հարցով եւս կը նկատենք, որ Էրտողան կը նախընտրէ սիրաշահիլ իր արմատական հետեւորդները, քան ճիշդ վարուիլը․․․

 

Յարութ Սասունեան
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

www.TheCaliforniaCourier.com

 

Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան