image
Հրատապ լուրեր:

Զաւէն Խանճեան. Արաբկիրը Հալէպի մէջ

Զաւէն Խանճեան. Արաբկիրը Հալէպի մէջ

 

Հայրենակցական միութիւնները ողնածուծն էին տարագիր եւ հայրենազուրկ հայութեան: Կորսնցուցած ըլլալով նիւթականն ու շօշափելին, փրկուածները բերին իրենց միտքը, յիշողութիւնն ու փորձառութիւնը, հայրենական բարքերն ու փառքերը, արհեստն ու արուեստը: Կարողացան ոտնակոխել կորուստին ցաւն ու տառապանքը եւ ստեղծեցին ու երկնեցին, երգեցին ու պարեցին յանուն պատմութեան, յանուն կորսուածին եւ յանուն յոյսին ու լուսաւոր ապագային: Ու տակաւ փիւնիկի նման վերածնան Սասունն ու Վասպուրականը, Խարբերդն ու Ուրֆան, Մարաշն ու Զէյթունը, Վանն ու Արաբկիրը իրենց կենցաղով, բարբառով, խոհանոցով, երգով ու պարով: Վերապրողները՝ համեստ միջոցներով եւ կարողութիւններով, համառօտ կերպով գրի առին բանաւոր պատմութիւնը, սեւագրեցին կորսուած հայրենիքի պատկերը եւ դրոշմեցին զանոնք նոր սերունդին էութեան մէջ:

Դաշտագնացութիւններով, պարտիզագնացութիւններով, ոչ փարթամ ճաշկերոյթներով, դասախօսութիւններով եւ ընտանեկան հաւաքոյթներով,  հայրենակցական միութիւնները դարձան հայապահպանման պատուանդանը, որու հաստատուն հիմերուն վրայ կեանք առին աւելի լուրջ եւ կազմակերպուած մշակութային, մարզական եւ այլ ազգային կառոյցներ:

Կար ժամանակ երբ հայրս կեդրոնն էր Արաբկիրի Հայրենակցական Միութեան կեանքին: Իսկ Կայարանը՝ անոր ընկերային ծառայութիւններու դաշտը:  1953ին, երբ հայրս վերադարձաւ իր հայրենադարձութեան առաջին ուխտագնացութենէն, մեր տունը մեղուափեթակի վերածուած էր: Ամիսներ շարունակ կարօտախտէ տառապող հայրենակիցներ կ՛այցելէին մեզ, խապրիկ մը առնելու համար ծննդավայրէն, պահ մը ապրելու անոր շօշափելի իրականութիւնը եւ կամ համտեսելու հօրս բեռցած Արաբկիրի չոր թութը, պաստեղը, չիրն ու ռոճիկը:  Այս պարագային, ուխտագնացութիւնը եւ անոր ընծայած տօնախմբումի առիթը  սահմանափակուած չէր Մեքքա այցելողներու իսլամական պարտաւորութեան եւ վերադարձի թաղային տօնական լուսաւորումով: Այդ օրերուն, Հալէպի մէջ, արաբկիրցի հայրենակիցներու հոգիները լուսաւորուած էին, հազիւ քառորդ դար առաջ կորսուած հայրենիքի հետ, հօրս միջոցաւ, իրենց ունեցած շօշափելի ժամադրութեան պատճառած անգերադասելի հրճուանքին շնորհիւ: 

 

(«Հալէպ Առաջին Կայարան. Մանկութիւն Ունեցող Տղու Մը Յուշերը» գիրքէն)