image

Վիճելու արուեստը

Վիճելու արուեստը

Մարդը՝ խորհող, զգացող եւ որոշող անձնաւորութիւն մըն է։ Եւ մարդ՝ շնորհիւ իր լեզուի եւ գրչի ազատութեան բանաւոր էակ մըն է։ Բարձրագոյն յատկութիւններու ընդունակ մարդուն հոգիին խորը թաքնուած են անսահման կարողութիւններ եւ ան օժտուած է երկնային այլազան ձիրքերով։ Ընկերային առօրեայ յարաբերութիւններու մէջ մարդուս խորհուրդը եւ գաղափարները իր նմաններուն յայտնելու եւ փոխանցելու եզական միջոցն է խօսակցութիւնը։

Սակայն, դժբախտաբար շատեր իրենց խօսակցութեան ընթացքին ազատութեան սահմանը անցնելով չարաչար կը տուժեն։ Մարդ խօսելու, վիճելու եւ ի հարկին մամլոյ միջոցաւ արտայայտուելու անհատական ազատութիւնը կը վայելէ։ Բայց պէ՛տք է գիտնալ, թէ աշխարհի վրայ անսահման բան չկայ։ Հետեւաբար մարդուն խորհելու, խօսելու եւ գործելու ազատութիւնն ալ ունի որոշ սահման մը։ Ուստի, տրամաբանող մարդուն եթէ իրաւո՛ւնքն է ազատութիւնը, այդ իսկ իր վրայ կը դնէ լուրջ եւ ծանր պարտք մը՝ պատասխանատուութիւն մը. իւրաքանչիւր անհատ իր արարքին համար պատասխանատո՛ւ է։ Սանձարձակ ազատութիւնը շատ անգամ վնասաբեր կ՚ըլլայ։

Խօսակցութեան կերպ մըն է վիճաբանութիւնը։

Վիճաբանութիւնը, որ թէ՛ գաղափարներու փոխանակութիւնն է եւ թէ՛ անոնց ընդհարումը՝ գլխաւոր նպատակ ունի բարձրագոյն ճշմարտութիւնը գտնել եւ անվեհեր կիրարկել։ Ուրեմն այս իմաստով վիճաբանութիւնը խօսակցութեան օգտակար եւ արդիւնաբեր մէկ ձեւն է։ Արդարեւ, ճշմարտութեան տիրապետութիւնը անվիճելի՛ է։

Երբեմն փայլուն խոստումներ կրնան շլացնել մարդուս աչքերը, բայց ճշմարտութիւնը վերջ ի վերջոյ անպայմա՛ն կը յաղթանակէ։ Սակայն այս համոզումը գոյացնելու համար եւ հանրային կարծիքը՝ հասարակաց միտքը նոյն եզրակացութեան հասցնելու նպատակաւ պէտք է համբերութեամբ եւ պաղարեամբ վիճիլ։ Սա պէտք է գիտցուի, թէ վիճաբանութիւնը երբեք կռիւ չէ՛։ Ինչ որ ալ ըլլայ վիճաբանութեան նիւթը, մարդ լրջօրէն, մաքուր շարժառիթով եւ անկեղծ ոգիով մասնակցելու է անոր։ Վէճի մը բռնուիլ եւ կամ կազմակերպեալ վիճաբանութեան մը մասնակցիլ ինքնին լո՛ւրջ գործ մըն է. կը պահանջէ առողջ գաղափար, հաստատ համոզում, արդար դատողութիւն, խոհականութիւն, խոհեմութիւն, փափկանկատութիւն, հոգեբանութիւն, խոր փորձառութիւն եւ համակրական հասկացողութիւն։

Վիճաբանութեան ընթացքին երբ մէկը կը պաշտպանէ գաղափար մը, նախ պէտք է ի՛նք համոզուած եւ իւրացուցած ըլլայ այդ գաղափարը, այլապէս «հովին դէմ կը թիավարէ…»։

Արդիւնաբեր վէճի մը համար անհրաժեշտ է անաչառ եւ արդար ըլլալ, հարկ է շահամոլութենէ, թաքնուած ակնկալութիւններէ, կուսակցամոլութենէ եւ կամ կրօնամոլութենէ հեռու մնալ. քանի որ մոլութիւններէ եւ չափազանցութիւններէ տարուող մէկուն դատավճիռները միակողմանի կ՚ըլլան, որովհետեւ «նայուածքը շիլ՝ դատողութեան առացնքը ծո՛ւռ» է։

Վիճելէ առաջ պէտք է լա՛ւ ուսումնասիրել ոչ միայն նիւթը, այլ նաեւ՝ հակառակորդին խառնուածքը եւ անձնաւորութիւնը։ Նպատակին հասնելու համար նպաստաւոր կրնայ ըլլալ համակրական հասկացողութեամբ մօտենալ հակառակորդին։

Փորձառու մասնագէտներու խօսքը միշտ կշիռ եւ արժէք ունեցած է. ուրեմն մարդ պէտք չէ վիճի չգիտցած նիւթերու շուրջ, ընդունելու է թէ ինք մասնագէտ մը չէ այդ մասին. խելքէն, մտքէն, կարողութենէն, տարողութենէն եւ փորձառութենէն վեր շատ մը խնդիրներու շուրջ արտայայտուիլ, գաղափար յայտնել, անոնց միջամուխ ըլլալ եւ նոյն իսկ հեղինակօրէն պնդել՝ թէ այս ա՛յսպէս է եւ կամ ա՛յսպէս ըլլալու է՝ ծիծաղելի կ՚ըլլայ։

Հիւանդի մը վիճակը հասկնալու համար մասնագէտին՝ բժիշկին կը դիմենք, եւ սակայն հանրային գործերու շուրջ, զոր օրինակ, քաղաքական-ազգային կամ եկեղեցական նիւթերու եւ հարցերու շուրջ կը կարծենք, թէ ամէն բան գիտենք եւ կրնանք օգտակար հանդիսանալ։ Բայց օգուտէ աւելի վնաս կը պատճառենք, քանի որ պակաս կամ կէս գիտութիւնը՝ տգիտութենէ շատ աւելի վտանգաւո՛ր է…։

Անկեղծ եւ լուրջ վիճաբանողը թէ՛ լսելու եւ թէ խօսելու է. մարդ առաւելապէս պէտք ունի լսելո՛ւ այն բազմաթիւ նիւթերու շուրջ, որոնց մասին որեւէ գաղափար չունի։

Վիճաբանութեան ատեն պէտք է լա՛ւ գիտնալ, թէ հակառակորդը երբեք «թշնամի» մը չէ՛. ազնուութիւն է ի հարկին ջատագովել անոր գաղափարները եթէ ճշմարտութեան մեծ բաժին ունին անոնք։

Ուստի ամենայն լրջութեամբ եւ ուշադրութեամբ պէտք է լսել «հակառակորդ»ին գաղափարները, որպէսզի լաւ հասկցուին եւ ուղիղ դատողութեան առարկայ ըլլան։ Վիճաբանութեան ընթացքին պէտք է նաեւ քաղաքավար եւ պաղարիւն ըլլալ։ Վերջապէս վիճաբանութիւնը «պատերազմ» մը չէ, եւ ոչ ալ հակառակորդը՝ «թշնամի» մը։ Կիրքով, յուզումով, բարկութեամբ եւ մանաւանդ յետին նպատակով վիճողներ ո՛չ միայն որեւէ բան կը շահին, այլ շա՜տ բաներ ալ կը կորսնցնեն։

Ահաւասիկ, այս պատճառով, վիճելը արուեստ մըն է։

Այդ արուեստին տիրանալու եւ յաղթական հանդիսանալու համար հա՛րկ է համոզումով, հանդարտութեամբ, անթերի կարգապահութեամբ, բանավարութեան եւ օրինականութեան եւ թէ՛ փափկանկատութեան շրջագիծին մէջ տրամաբանական գնացքով՝ աստիճանաբար պէտք է յառաջանալ։ Վիճաբանութեան ընթացքին առաւելագոյն բծախնդրութիւն պէտք է ցոյց տալ՝ հակառակորդին արժանապատուութիւնը չվիրաւորելու, քանի որ վիճաբանութիւնը անձնական չէ՛, այլ՝ գաղափարակա՛ն…։

Անշուշտ այս չի նշանակեր, որ անձնական հակաճառութիւններու ընթացքին ներելի է արժանապատուութիւն վիրաւորել. ամէն պարագայի մարդկային արժանապատուութիւնը պէտք է միշտ վեր բռնել եւ յարգե՛լ։ Ուստի պէտք է զգոյշ ըլլալ որեւէ մէկուն արժանապատուութիւնը վիրաւորելէ։ Անձը եւ անոր կարծիքը, գաղափարը եւ կամ համոզումը, պէտք չէ իրարու հետ շփոթել, ուստի միշտ պէտք է յարգել «անձ»ը եւ բարեկամաբար, համակրական հասկացողութեամբ պէտք է քննադատել «գաղափար»ը։ Անհատի մը հետ հակակարծիք ըլլալով հանդերձ կարելի է բարեկամութիւնը պահել եւ ամրացնել։ Տարակարծութիւնը պէտք չէ շփոթել թշնամութեան հետ. մարդ կրնայ տարակարծիք ըլլալ նաեւ իր բարեկամին հետ, բայց ո՛չ երբեք «թշնամի»։

Այստեղ, նոյն նիւթին շուրջ յիշենք Կ. Ս. Ֆարաճեանի «Գաղափարի փոխանակութիւն» յօդուածէն տողեր՝ որոնք համակարծիք են իր խորհրդածութիւններուն։

«Կը ձայնակցինք «ՀԱՍԿ»ի պատուարժան յօդուածագրին, որ 1937-ի նոյեմբերի թիւին մէջ ազգային վէրքին վրայ, որպէս վիրաբոյժ, զարկեր է դանակը եւ եզրափակած հետեւեալ խօսքերով.

«Ազգին եւ եկեղեցիին մէջ կան հասուն մտքով հեղինակաւոր անձեր, որոնք կրնան զանազանել կարեւորութիւնը անկարեւորէն, օգտակարը անպիտանէն։ Զանոնք մտիկ ընել պէտք է…։

«Ամէն մարդ իրաւունք ունի հեղինակաւոր ձայն բարձրացնելու.- Բայց միայն իր մասնագիտութեան մէջ։ Ամէն ոք ազատ է իր կարծիքը յայտնելու.- Բայց միայն իր փորձառութեան մասին։ Արդ՝ ըլլալ անկախ բայց հպատակ։

«Վիճէ՛, սակայն ուսումնասիրէ եւ լաւ գիտցիր նիւթը. խօսէ՛, սակայն երբ գաղափարդ կը յայտնես մի՛ պարտադրեր որ անպայման ընդունուի եւ գործադրուի անմիջապէս։

«Յարգէ վիճաբանութեան օրէնքները, մարդավայել քաղաքավարութեան սկզբունքները՝ եւ միշտ գիտցիր ազատութեանդ սահմանը, այն ատեն յաղթանակը քուկդ է։

«Հետամուտ եղիր նորանոր լոյսի եւ խորապէս հետաքրքիր ճշմարտութեանց։

«Ասոնք գտնելով, կիրարկելու եւ տարածելու նպատակաւ ապրէ՛, գործէ՛, եւ վիճէ՛. այն ատեն օգտակար պիտի հանդիսանաս անձիդ, ազգիդ եւ համայն մարդկութեան»։

Կ. Ս. Ֆարաճեանի վերոյիշեալ տողերը եւ մէջբերումները լաւագոյն կերպով ցոյց կու տան արդար եւ արդիւնաբեր վիճաբանութեան մը անհրաժեշտ պայմանները եւ սկզբունքները։ Եւ երբ ի մտի ունենանք այդ պայմանները եւ տարրերը, բացայայտ կերպով կը տեսնենք եւ կը համոզուինք, որ վիճաբանութիւնը իրապէ՛ս «արուեստ» մըն է…։

 

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«ժԱՄԱՆԱԿ»/Պոլիս