image

«Կենդանական ագարակ»

«Կենդանական ագարակ»

«Կենդանական ագարակ»ը անգլիացի յայտնի գրող Ճորճ Օրուէլի այլաբանական վէպն է, որ առաջին անգամ Անգլիոյ մէջ հրատարակուած է 17 օգոստոս 1945 թուականին։ Ճորճ Օրուէլ սրամիտօրէն, աչալրջութեամբ ու զգուշութեամբ հիւսած է իր բոլոր ստեղծագործութիւնները, որոնց միջոցաւ արտայայտած է իր մտահոգութիւններն ու դիրքորոշումները այդ ժամանակուայ քաղաքական կացութիւններու մասին։ Իր կեանքի փորձառութիւններու եւ ականատես եղած անգութ գործադրութիւններու, արարքներու ազդեցութիւնը յստակ կ՚երեւի իր գործերուն մէջ։

«Կենդանական ագարակ»ը առաջին անգամ հայերէն լոյս տեսած է 1984 թուականին՝ Սամսոն Առաքելեանի թարգմանութեամբ, իսկ Հայաստանի մէջ առաջին անգամ հրատարակուած է 1991 թուականին, Արտաշէս Էմինի թարգմանութեամբ «Գարուն» ամսագրի 9րդ համարին մէջ։ Վէպը 2013 թուականին վերահրատարակուեցաւ առանձին գիրքով։

Ճորճ Օրուէլ նշեալ վէպը գրի առած է Երկրորդ աշխահամարտի տարիներուն, սակայն հանրային մեծ ճանաչում ստացած է 1960-ականներուն։ Հռչակաւոր հեղինակի «1984» եւ «Կենդանական ագարակ» հատորները 20-րդ դարու հանրայայտ «հակաիւթոփիական» նմոյշներ են, որոնցմով Ճորճ Օրուէլ կը քննարկէ ամբողջատիրական վարչակարգերու պայմաններուն անհատներու դիմագրաւած դժուարութիւններն ու կործանումը։

Օրուէլ իւրայատուկ ու ստեղծագործ ձեւով պատկերացուցած է Պոլշեւիկեան յեղափոխութիւնն ու անոր յաջորդած սթալինիզմը։ Խորհրդային Միութեան հիմնադրութենէն սկսեալ յառաջ եկած իրադարձութիւններուն լոյս սփռող սեւերգիծաբանութեան (dark humor) եւ փոխաբերութեան (metaphore) խառնուրդն է վէպը։

Գիրքը կը պատմէ ագարակի մը բնակիչ կենդանիներու մասին, որոնք զիրենք շահագործող տիրոջ դէմ կ՚ապստամբեն՝ որպէսզի արդարութեան, ազատութեան, հաւասարութեան ու խաղաղութեան  հիման վրայ ժողովուրդ մը ստեղծեն։ Ուիլինկթըն քաղաքի մօտակայքին գտնուող այս ագարակի ամենածեր խոզը՝ Մէյըր, բոլոր անասունները կը հրաւիրէ համախմբուելու, ժողով մը գումարելու նպատակով։ Ան կոչ կ՚ուղղէ ապստամբեալներուն՝ իրենց աշխատանքը շահագործող տիրոջմէ՝ Ճոնսէ ու աղքատութենէ ազատելու համար, յետոյ կ՚երգէ «Անգլիոյ գազաններ» (Beasts of England) երգը։ Ապըս-տամբութեան պատրաստութեան աշխատանքները կը յանձնուին խոզերու, որովհետեւ անոնք կը համարուէին ամենախելացի կենդանիներ։ Մէյըրի խօսքերը կ՚ոգեշնչէ կենդանիները եւ ապստամբութիւնը աւարտին կը հասնի անասուններու յաղթանակով։ Մէյըրի կոչերը կը վերածեն  անասնաւորութեան (animalism), կ՚ունենան իրենց սեփական դրոշակը, իսկ ագարակը կը կոչեն «Կենդանական ագարակ» (animal farm)։

Ագարակի եօթ պատուիրաններն են՝

-Բոլոր երկոտանիները թշնամիներ են,

-Բոլոր չորքոտանիները եւ թռչնազգիները բարեկամ են,

-Կենդանիները հագուստ չեն կրեր,

-Կենդանիները անկողնի վրայ չեն քնանար,

-Կենդանիները ոգելից ըմպելի չեն գործածեր,

-Կենդանիները չեն սպաններ միւս կենդանիները,

-Բոլոր կենդանիները հաւասար են։

Յեղափոխութենէ ետք կը սկսի անոնց երազած կեանքը։ Սկիզբին ամէն ինչ լաւ էր, սակայն ագարակը հետզհետէ կը վերածուի բռնապետութեան։ Իրենց նոր տէրերը կենդանիները աւելի դաժան շահագործման կ՚ենթարկեն եւ կը տիրէ անարդար ու ճնշիչ մթնոլորտ։ Օրուէլ կենդանիներու՝ ձիերու, այծի, էշի, հաւերու, ոչխարներու, կատուի, բադերու, ագռաւի, խոզերու եւ շուներու մարմնաւորած կերպարներու միջոցաւ կ՚ապացուցանէ անոնց ազատ, համերաշխ եւ արդար կեանք ապրելու եւ աշխատելու համար ինչեր կ՚ընդունին։ Վէպի ամենայատկանշական խոզը՝ Նափոլէոն իր վարած քաղաքականութեամբ՝ անտարբեր ու աննկատ կը մնայ բոլորին կողմէ ընդունուած գաղափարներուն ու սկզբունքներուն, որպէսզի հասնի ամենաբարձր դիրքերու։ Խոզերն ու շուները հետզհետէ կ՚առանձնանան զիրենք համարելով վերնախաւեր։ Նափոլէոն եւ իրեն համախոհ միւս խոզերն ու շուները կը փոխեն պատուիրանները՝ աւելցնելով իրենց շահերուն զուգահեռ բառեր։ Իրենց ճանապարհին խոչընդոտ հանդիսանալիք կենդանիները կ՚ոչնչացնեն՝ մահապատիժի կ՚ենթարկեն։ Այս ձեւով, այլեւս կենդանիներու միջեւ հաւասարութիւն գոյութիւն չ՚ունենար։

Հեղինակը իր այս ստեղծագործութեամբ նաեւ կ՚անդրադառնայ մարդոց ագահութեան ու փառասիրութեան հետեւանքներուն։ Գիրքը բազում երկիրներու մէջ երկար տարիներ արգիլուած էր, սակայն այժմ ան կարեւոր տեղ կը գրաւէ լաւագոյն հակաիւթոփիական վէպերու շարքին։

 

Պոանքա Սարըասլան 

«Ժամանակ»/Պոլիս