image
Հրատապ լուրեր:

Կուտինայէն Երուսաղէմ ու ... Հայաստան

Կուտինայէն Երուսաղէմ ու ... Հայաստան

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» սրահին մէջ բացուած է բացառիկ ցուցահանդէս մը. երեք ամսուան ցուցահանդէսի համար Երուսաղէմէն Հայաստան բերուած են Երուսաղէմի նշանաւոր Պալեան ընտանիքի աւանդական գործին նմոյշները՝ սպասք, կենցաղային իրեր, սալիկներ եւ զարդանախշուած այլ իրեր, ընդհանուր առմամբ՝ հարիւր ցուցանմոյշ: Ցուցահանդէսը նուիրուած է Պալեան ընտանիքի աւանդական գործի 100-ամեակին եւ կը կրէ «Կուտինայէն Երուսաղէմ. Յախճապակիի վարպետութեան 100-ամեայ ճամբորդութիւն» խորագիրը: Հաւաքածոն ներկայացուած աշխատանքներով, նիւթերով, գրութիւններով ամբողջական պատկերացում կը փոխանցէ Պալեաններու ժառանգութեան մասին:

Երկար ու դժուար ճանապարհ անցած են Պալեանները. Կուտինա ծնած, հոն ապրելէ եւ ստեղծագործելէ ետք, դիպուածով մը Երուսաղէմ անցած են, ուր անմիջական ականատեսը եղած են Մերձաւոր Արեւելքի տագնապներուն, յեղափոխութիւններուն, այլեւայլ խժդժութիւններու, բայց չեն ընկճուած եւ յաղթահարելով ճգնաժամները, ահաւասիկ, այսօր Հայաստան հասած են:

Հայաստանի մէջ առաջին անգամ ըլլալով կը ցուցադրուին նաեւ արուեստագիտուհի Մարի Պալեանի գործերը: Ան ֆրանսահայ նկարչուհի մըն էր, որ ամուսնացած էր Պալեաններու ընտանիքէն Սեդրակ Պալեանի հետ եւ Երուսաղէմ երթալով տարբեր շունչ մը հաղորդած էր Պալեաններու գործին: 1992 թուականին անոր անհատական ցուցահանդէսը՝ «Մարի Պալեան եւ Երուսաղէմի հայկական յախճապակին» խորագրով՝ աշխարհի ամենամեծ թանգարաններէն մէկուն՝ Ուաշինկթընի «Սուիթսընեան» թանգարանին մէջ, մեծ համբաւ բերած է Պալեան ընտանիքին, որմէ ետք Պալեանները Սպանիոյ եւ Երուսաղէմի մէջ անհատական ցուցահանդէսներ կազմակերպած են:

80-ականներէն սկսեալ աշխարհը սկսած է ճանչնալ եւ գնահատել Պալեան ընտանիքի յախճապակին, իբրեւ հայկական յախճապակի: Մարի Պալեան կեանքէն հեռացած է 2017 թուականին: Անոր գործերը կը պահուին Երուսաղէմի թանգարանին եւ անհատական հաւաքածոներու մէջ: Այս ցուցահանդէսը ձեւով մը նաեւ տուրք է Պալեաններու արուեստանոցէն անցած բոլոր երախտաւորներուն:

Այսօր ընտանեկան գործը կը շարունակեն Մարի Պալեանի որդին՝ Նշան Պալեանը եւ անոր երեք զաւակները: Զաւակներէն Սեդրակ Պալեան, որ իր մեծ հօր անունը կը կրէ, հաստատուած է Հայաստան, կ՚ուսանի Ֆրանսական համալսարանը եւ հպարտութեամբ կը պատմէ իր նշանաւոր նախնիներուն մասին:

Հպարտութեան ուրիշ առիթ մըն է, որ Կուտինայէն սերած Պալեաններու ցուցահանդէսը հայրենիքի մէջ, համընկնած է ամենանշանաւոր հայ կուտինացիին՝ Կոմիտաս Վարդապետի 150-ամեակին:

Սեդրակ Պալեանի հետ ԺԱՄԱՆԱԿ Մայր Աթոռի «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» մատենադարանի սրահին մէջ ունեցաւ այս հարցազրոյցը:

 

-Դժուար չէ՞ր այսքան նուրբ աշխատանքներ երկրէ երկիր փոխադրելը:

-Մէկ անգամէն չենք բերած, Հայաստանի մեր այցելութիւններուն ընթացքին մաս առ մաս հետերնիս բերած ենք: Մեր ընտանիքին մէկ ոտքը, ինչպէս կ՚ըսեն, այստեղ է այլեւս: Աշտարակ տուն առած ենք, խեցեգործութեան արուեստանոց բացած ենք: Ես հոս կը բնակիմ եւ դժուարութիւն մը չէ այլեւս հայրենիքի մէջ ձեռնարկներ կատարելը. մանաւանդ, որ այդ մէկը կ՚ընես սիրով, հաւատքով:

 

-Մշտակա՞ն հաստատուած էք Հայաստան:

-Ես ծնած, մեծցած եմ Երուսաղէմ: Ապրած եմ Ֆրանսա, Սպանիա եւ այժմ Հայաստանի մէջ կը շարունակեմ իմ ուսումս: Ամէն օր աւելի կը համոզուիմ, որ պէտք է մնամ այստեղ, աւելի ամուր հաստատուիմ: Կը կարծեմ, որ հայերուն մեծամասնութիւնը պէտք է վերադառնայ հայրենիք, իրենց արուեստը, արհեստը, մասնագիտութիւնները հոս բերէ, գործերու սկսի, որպէսզի զարգացնենք մեր երկիրը, մեր հայրենիքը:

 

-Ինչպիսի՞ պատասխանատուութիւն է ձեզի համար՝ ըլլալ նշանաւոր Պալեաններու ժառանգորդներէն մին:

-Շատ մեծ պատասխանատուութիւն է կը կարծեմ, որովհետեւ ընդհանրապէս, ընտանեկան գործերը երկրորդ սերունդէն կ՚անհետանան: Մենք այսօր կը հասնինք չորրորդ սերունդին: Ի հարկէ, մեր ճանապարհը միշտ բարդ եղած է, բայց կարողացած ենք յաղթահարել բոլոր դժուարութիւնները: Կը յուսամ, որ մենք՝ մեր սերունդն ալ՝ ես, եղբայրս, քոյրս, պիտի կարողանանք այդ դժուարութիւնները յաղթահարել ու շարունակել հարիւր տարուան այս արուեստն ու արհեստը: Նախ՝ ասիկա պատմութիւն է: Պատմութիւն այն մասին, որ ինչպէս Կուտինայի քանի մը հայ ընտանիքներ՝ խեցեգործներ, ատոնց մէջ նաեւ մեր ընտանիքին մեծ հայրը՝ Նշան Պալեանը, Կուտինայի կոտորածներէն առաջ արդէն Երուսաղէմ տարուած են, որպէսզի հոն նկարազարդեն եւ այսպէսով փրկուած են: Այդ մէկը 1919 թուականին էր, եւ ահա այսօր, 100 տարի ետք՝ Նշան անունով անոր թոռը, որ իմ հայրս է եւ անոր զաւակները, հայրենիքի մէջ կը պատմեն այս պատմութիւնը: Ասիկա, անշուշտ, պատասխանատուութիւն է եւ հպարտութիւն:

 

-Իսկ ո՞րն է հարիւր տարի գոյատեւելու եւ յաջողութեան հասնելու գաղտնիքը:

-Մենք գոյատեւած ենք, որովհետեւ ընտանիքի աշխատասէր անդամներ ունեցած ենք, որ միշտ փափաքած են այս գործը շարունակել: Անոնք նաեւ պարտք ու բեռ ունէին՝ ամէն ինչ ընել, որպէսզի Կուտինայի հայկական յախճապակիի արուեստը չմեռնի, շարունակուի իբրեւ հայկական արուեստ: Ատիկա զիրենք ոգեւորած եւ ներշնչած է միշտ:

 

-Ընտանիքին յաջողութիւններուն մէջ միշտ կը նշուի Մարի Պալեանին՝ քու մեծ մօրդ դերը: Դուն տեսա՞ծ ես, թէ ան ինչպէս կ՚աշխատէր: Այս մասին ի՞նչ կը պատմես:

-Այո, ամենամեծ պատճառներէն, որ կարողացաւ Պալեան ընտանիքը յարատեւել, պահել իր գործը եւ իւրայատուկ ըլլալ իր դաշտին մէջ, կը կարծեմ, որ իմ մեծ մօրս ներդրումն է: 1922 թուականին Պալեան եւ Քարաքաշեան ընտանիքները հիմնած են հայկական յախճապակիի իրենց աշխատանոցը Երուսաղէմի մէջ, բայց զայն կոչած են «Պաղեստինեան խեցեղէն» (Palestinian pottery): Այն ատեն Պաղեստինի իշխանութեան տակ կը բնակէին: 1922-1965 թուականներուն Պալեան ընտանիքը կ՚աշխատէր Քարաքաշեան ընտանիքին հետ: Քարաքաշեանները գործին գծագրութեան պատասխանատուն էին, իսկ Պալեանները՝ կաւագործութեան: Իրենց համաձայնութիւնն էր, որ մէկը միւսին պիտի չմիջամտէ: 1965 թուականին, երբ կը բաժնուին երկու ընտանիքները, այն ատեն մեծ մայրս կը կարողանայ արուեստը, որ ունէր իր մէջ, փոխանցել խեցեգործութեան: Այսինքն, խօսելով Մարի Պալեանի գործին մասին, մենք կը խօսինք յեղափոխութեան մը մասին, որովհետեւ, ըլլալով Ֆրանսայէն եկած արհեստավարժ նկարչուհի, ան կրցած է շատ-շատ փոփոխութիւններ կատարել գործին մէջ: Եթէ բաղդատենք Կուտինայի հին գործերը՝ այսօրուան գործերուն հետ, կը տեսնենք տարբերութիւնը: Իմ մեծ մօրս գործերուն մէջ շատ աւելի շարժում կայ, կան շատ աւելի մանրամասնութիւններ, որոնց վրայ ան ուշադրութիւն դարձուցած է: Անոր գործերուն մէջ ծաղիկները կը պարեն, թռչունները կ՚երգեն, կենդանիները կը խաղան, այսինքն, աւելի կեանք բերաւ ան այս գործին:

Ես կը յիշեմ, որ մինչեւ իր վերջին օրերը անոր ձեռքը մելան, մատիտ, վրձին կար: Անդադար կը գծէր: Իննսուն տարեկան էր, բայց երբ կը նստէի իր կողքը, թուղթ ու մատիտ կ՚առնէր, կը գծէր սալիկներուն վրայ: Արուեստը իր արիւնին եւ հոգիին մէջն էր: Ան այդ սէրը Պալեաններու աւանդական գործին մէջ ներդրած է մինչեւ իր կեանքին վերջը:

 

-Քու մեծ մայրդ, հայրդ նոյնպէս Հայաստան գալու եւ գործը հոս բերելու փափաք ունէի՞ն:

-Խորհրդային Միութեան ժամանակ դժուար էր, եթէ չըսեմ՝ անկարելի էր այդ մէկը: Եկած է Մարի Պալեանը, սիրած է հայրենիքը, հայրենիքին հանդէպ սէրը իրենց մէջ եղած է, բայց անկախութենէն վերջ անոնց ժառանգորդներուն մէջ ծնաւ այդ փափաքը՝ վերադառնալ եւ կրկին հայկականացնել այս արուեստը: Գործը Հայաստան բերելով, մենք այստեղի երիտասարդներուն միայն Կուտինայի խեցեգործութիւնը չէ, որ պիտի փոխանցենք, այլ՝ ամբողջ պատմութիւն մը պիտի սորվեցնենք. պատմենք, թող գիտնան, ծանօթանան, իրենք ալ իրենց կարգին տարածեն, պահպանեն: Այս պատմութիւնը ձեւով մը նաեւ վերապրումի եւ արարումի պատմութիւն է: Կը կարծեմ, որ ամէն մարդ պէտք է գիտնայ, որ հայկական յախճապակի անունը ծնած է Երուսաղէմի մէջ: Մինչ Երուսաղէմ գալը Կուտինայի յախճապակի անունով ծանօթ էր, հակառակ որ Կուտինայի մէջ յախճապակիի գործ ընողներուն եօթանասուն տոկոսը հայեր էին: Իսկ Երուսաղէմի մէջ զանազան կրօններու, ազգերու մէջ այս գործը ստացաւ հայկական յախճապակի անուանումը:

 

-Երբ կ՚ըսեն Պալեանները կապոյտ գոյնի հմայքը տուած են Սուրբ Քաղաքին, այդ մէկը ի՞նչ կը նշանակէ:

-Պալեանները իրենց գործին մէջ հիմնականօրէն կը գործածեն հողեղէն գոյներ: Կարմիր եւ ուրիշ տարբեր գոյներ շատ չկան, ամենաշատ գործածուած գոյնը կապոյտը եղած է՝ եգիպտական նշանաւոր կապոյտ գոյնը: Բոլոր հին յախճապակիի գոյներուն մէջ այդ կապոյտը շատ յայտնի է, Երուսաղէմի մէջ երբ քալէք, յախճապակիներու մէջ գործածուած այդ աւազագոյն կապոյտ գոյնը կը զգաք:

 

-Ցուցահանդէսին ներկայացուած գործերէն որո՞նք կը նկատէք հոգեհարազատ եւ արժէքաւոր:

-Բոլորն ալ սիրելի են եւ արժէքաւոր, բայց, ինչպէս ըսի, Մարի Պալեանի գործերն են շատ սիրելի եւ արուեստի շունչ կրող: Այստեղ ցուցադրուած են երկու բացառիկ գործեր, որոնք Կուտինայի մէջ պատրաստուած են: Մենք Կուտինայէն շատ գործեր չունինք դժբախտաբար, բայց այս երկուքը, որ իմ մեծ հօրս հօր ձեռակերտն է 1916 թուականին, շատ արժէքաւոր են ո՛չ միայն մեր ընտանիքին, այլ՝ հայ արուեստին համար: Ատոնք ան 1916 թուականին պատրաստած է իր կնոջ, իբրեւ նշանտուքի նուէրներ, անոնց վրան գրուած է՝ «Թագուհի Պախճապանեանին»: Մէկը տափակ գաւաթ մըն է, գաւաթները այն ատեն տափակ կը շինէին, որպէսզի կիները կրնային իրենց գրպանները դնել, իսկ միւսը՝ զարդատուփ մը: Շատ բարակ կտորով սարքուած են, ինչ որ շատ դժուար է խեցեգործութեան մէջ նման բարակ կտորով աշխատիլը: Նշան Պալեանը հոն՝ Կուտինայի մէջ նշանուած է, եւ յետագային այդ գործերը ընտանիքը Երուսաղէմ բերած է:

 

-Սրահին մէջ կը հնչէ Կոմիտասին երաժշտութիւնը: Այս համադրութիւնը ի՞նչ զգացողութիւններ կ՚առաջացնէ:

-Ինչպէս ծանօթ է՝ Կոմիտասը եղած է Կուտինայի հայութեան ամենայայտնի դէմքերէն: Կը կարծեմ, որ շատ աղուոր անակնկալ մըն է, որ այս տարի նաեւ անոր 150-ամեակն է: Այս երաժշտութիւնը ոչ միայն դիտելու ժամանակ հրաշալի զգացողութիւններ կը հաղորդէ, այլ նաեւ կը յիշեցնէ, որ 150-ամեակն է Կոմիտասին եւ 100-ամեակը՝ Երուսաղէմի հայկական յախճապակիին: Այնպէս որ այս ցուցահանդէսը, ձեւով մը նաեւ պատմական է. նոյն օրերուն, երբ հայաշխարհի մէջ, նաեւ հոս՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, կը նշուի մեծ հայուն 150-ամեակը, մենք նոյն օրերուն ցուցահանդէսը բացած ենք:

 

Անուշ Թրուանց

«Ժամանակ»/Պոլիս