image

Երկու իրադարձութիւններ. Արման Պաղտոյեան

Երկու  իրադարձութիւններ. Արման Պաղտոյեան

«Ասպարէզ»ի  գլխաւոր   խմբագիր  Արման  Պաղտոյեան  կը գրէ. 

 

Յատկապէս Արեւմտեան Ամերիկայի մեր համայնքին համար մերթ յոյզի եւ տխրութեան,  մերթ ցնծութեան ու յաղթանակի սուր ելեւէջներով յատկանշուող շաբաթ մը եղան անցնող օրերը: Շաբաթը սկսանք ՀԲԸՄի Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան երկրորդական վարժարանը յառաջիկայ տարի փակելու որոշումին ցնցիչ ու սրտաճմլիկ լուրով: Երկուշաբթի օր, ականատեսը եղանք դպրոցի աշակերտութեան, ծնողներուն, ուսուցչական կազմին, շրջանաւարտներուն եւ այլ հայրենակիցներու դպրոցի շրջափակին մէջ կատարած բողոքի ցոյցի յուզական պատկերին:

 

Եւ յանկարծ, համայնքը համակած յուսախափութեան եւ անոր առթող յուսալքութեան հոգեվիճակէն դուրս գալով՝ հաւաքաբար ցնծութեան եւ յաղթանակի պահեր ապրեցաւ, երբ յաջորդ օրը՝ 29 Հոկտեմբերին, Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տունը ձայներու գերակշիռ մեծամասնութեամբ ընդունեց Հայոց Ցեղասապանութիւնը ճանչցող թիւ 296 բանաձեւը:

 

Ժամանակագրական առումով, անշուշտ որ զուգադիպութիւն էր այս երկու իրադարձութիւններուն համընկնումը մէկ օրուան կարճ ժամանակամիջոցին մէջ:

 

Աւելի կարեւորը, սակայն, այս զուգադիպութեան բարացուցական խորհուրդն է, զոր հարկադրաբար, պահի դրդումով, վերյիշեցնելու կարիքը կը զգանք այսօր:

 

Այս առիթը թերեւս լաւագոյնն է ուշադրութեան յանձնելու, որ թիւ 296 բանաձեւին  նմանութեամբ եւ կշիռով քաղաքական իրագործումներ կարելի պիտի չըլլային իրականացնել, եթէ չունենայինք նաեւ մեր կրթական հաստատութիւնները, մեր հայկական վարժարանները, այս համայնքին մէջ: Սփիւռքի մէջ դպրոց կառուցելու մեր ազգային-քաղաքական ռազմավարութեան առաջադրանքն է նաեւ հասցնել սերունդներ, որոնք իրենց ներոյժը պիտի բերեն մեր ժողովուրդի ազգային իրաւունքներուն վերատիրանալու եւ անոր հանդէպ գործուած պատմական չարիքի արդարահատուցումը պահանջելու մեր համազգային պայքարին մէջ: Ահա՛ այդ վարժարաններէն դուրս եկած սերունդի ճիգերուն եւ անխոնջ աշխատանքին արգասիքն է նաեւ թիւ 296 բանաձեւի  քաղաքականօրէն հայանպաստ իրագործումը: Օր մը, նման յաղթանակներ ձեռք բերելու արդար ակնկալութեամբ, այլեւ երազով է որ սփիւռքեան այս համայնքի հիմնադիր սերունդները մարդկային վիթխարի զոհողութիւններով եւ նիւթական անչափելի յատկացումներով կառուցեցին նաեւ մեր վարժարանները:

 

Այս բոլորին մէջ, ամէնէն տխուր երեւոյթը այն է, որ վարժարանը փակելու որոշումը տուողներուն մօտ այսօր կը թուի կորսուած ըլլալ այդ տեսլականը:

 

 

«Ասպարէզ»