image
Հրատապ լուրեր:

«Ֆարենհայթ 451»

«Ֆարենհայթ 451»

Ամերիկացի յայտնի գրող Ռէյ Պրետպիւրի 1951 թուականին գրի առաւ «Ֆարենհայթ 451» վէպը, որ կը համարուի հեղինակի ամենանշանաւոր ստեղծագործութիւնը։ Համաշխարհային գրականութեան յայտնի հակաիւթոփիական վէպերէն մին դարձած է գիրքը իր արտասովոր պատմութեամբ։ 

1951 թուականին գիրքի կրճատուած տարբերակը (մօտաւորապէս 25 հազար բառ) հրատարակուեցաւ Galaxy Science Fiction ամսագրին մէջ ,«Հրշէջը» անուան տակ։ Պրետպիւրի չունէր սեփական գրասենեակ մը, այս պատճառով «Ֆարենհայթ 451»ը գրի առած է հանրային գրադարանին մէջ վարձակալած գրամեքենայով, որու համար ժամուայ մը մէջ կը վճարէր 9.8 սենթ։

Գիրքը կը պատմէ ապագային հաստատուած ամբողջատիրական վարչակարգի մասին, որ կ՚արգիլէ բոլոր գիրքերու ընթերցումը, որպէսզի ջնջուի մարդկութեան մշակութային ժառանգութիւններու գոյատեւումն ու փոխուի մարդոց մտածելակերպը։ Այդ գիրքերը կ՚ոչնչացուին՝ կը հրկիզուին։ Այս աշխատութեան համար յատուկ ստեղծուած հրշէջ գունդը կը մտնէ օրէնքները խախտողներու տուները եւ կ՚այրեն ամէն ինչ՝ նա մանաւանդ գիրքերը։ Գիրքի գլխաւոր հերոսը՝ հրշէջ Կայ Մոնթէկ ուրախ է իր գործունէութեան մասին եւ համոզուած է, թէ ան մարդկութեան օգուտ կը բերէ։ Ան երբեք չէ մտածած իր երկրի վարչակարգի եւ հասարակութեան ներկայ վիճակին մասին։ Ան երբ գործէն վերադառնայ, իր ժամանակը կ՚անցընէ իր կնոջ՝ Միլտրըտի հետ հեռատեսիլի դիմաց փակ դռներու ետին։ Օր մը գործէն տուն վերադառնալու ժամանակ Կայ կը հանդիպի իր դրացիին՝ Քլարիսի, որու հետ զրուցելը մանրամասնօրէն կը փոխէ իր մտածելակերպը։ Քլարիսի գաղափարները զայն ստիպած է վերանայիլ եւ վերաքննել իր կարծիքը՝ պետութեան եւ իր միշտ հաւատարիմ մնացած ասպարէզի հասարակութեան վրայ ունեցած ազդեցութեան մասին։ Կը կանխատեսէ մարդոց մեքենայացումն ու զոմպիացումը։ Ան անմիջապէս կը սկսի գիրք կարդալ եւ հասկնալ, թէ մարդիկ ինչո՛ւ այսքան մեծ զոհողութիւններ կ՚ընեն գիրք կարդալու ու զանոնք պահելու համար։ Այսպէսով ան ալ կը դառնայ օրինազնանց մը։ Կը հրաժարի իր պաշտօնէն եւ կը նուիրուի գրականութեան եւ մշակութային գրութիւններու պահպանման գործին։ 

Գիրքի ամենահետաքրքրական յատկութիւններէն մին է անոր խորագիրը։ «Ֆարենհայթ 451» կը նշանակէ թուղթի այրման աստիճանը։ 

1956 թուականին ռատիոկայանի մը տուած հարցազրոյցի մը ընթացքին Ռէյ Պրետպիւրի յայտնած է իր մտահոգութիւնը այդ ժամանակաշրջանին Միացեալ Նահանգներու մէջ գիրքերու հրկիզման եւ կամ հաւաքման սպառնալիքի մասին։ Քանի մը տարի յետոյ ան նաեւ յայտարարած է նաեւ, որ գիրքի մէջ մեկնաբանած է, թէ զանգուածային լրատուական միջոցները որքան կը նուազեցնեն գիրք կարդալու հետաքրքրութիւնը եւ փորձած է հայելի փռնել այն ուղղութեան վրայ, ուր կ՚երեւի հաւանական խնդիրներ, եթէ մարդիկ շարունակեն աննկատ մնալ երկրի կարգավիճակին։ 

Գիրքերու շնորհիւ կ՚այցելենք օտար երկիրներ, կը ճամբորդենք ժամանակներու մէջ, նկարագրուած տեսարաններու մէջ կը պատկերացնենք մենք մեզ եւ դերակատարներու կեանքին մէջ պատահածներուն զգացականօրէն կը փորձենք մասնակցիլ։ Այսպէս կը ճոխացնենք մեր գիտելիքներու գանձարանն ու կը փոխուի մեր մտապատկերացումը։ Մարդկութեան գոյատեւման եւ զարգացման համար նախնական պայման է կարդալ ու սորվիլ։ Կարդալու հետամուտ անձեր միշտ քայլ մը առաջ կ՚երթան ու կարողութիւնը կ՚ունենան կանխատեսել պատահելիք խնդիրներն ու գտնել անոնց լուծումները։ Հակիրճ խօսքերով անշուշտ կարելի չէ արտայայտուիլ կարդալու մասին։

Գիրքերու արժէքը արդեօք մեր կարդալու իրաւունքը կորսնցնելէ՞ ետք պիտի գիտնանք։ Արդեօք պիտի հասկնա՞նք, թէ որքան կարեւոր է գրական մշակոյթը իւրաքանչիւր ազգի գոյատեւման ու չկորսուելուն համար։

 

Պիանքա Սարըասլան

«ժամանակ»/Պոլիս