image

Գաղտնի փաստաթուղթը կը բացայայտէ ԱՄՆ Պետական բաժանմունքի միջամտութիւնը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գծով

Գաղտնի փաստաթուղթը կը բացայայտէ ԱՄՆ Պետական բաժանմունքի միջամտութիւնը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գծով

Անցեալին, Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը բազմիցս ընդունած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը: 1951ին, Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան կողմէ Համաշխարհային դատարան ներկայացուած պաշտօնական փաստաթուղթին մէջ Հայոց Ցեղասպանութիւնը առաջին անգամ ընդունուած է իբրեւ ցեղասպանութեան օրինակ: Ներկայացուցիչներու Պալատը Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող երկու բանաձեւ ընդունած է 1975ին եւ 1984ին։ Աւելին, նախագահ Ռանըլտ Ռէյկըն նախագահական հռչակագիր հրապարակած է 22 Ապրիլ 1981ին՝ վկայակոչելով Հայոց Ցեղասպանութիւնը:

Այսուամենայնիւ, Միացեալ Նահանգներու վերջին վարչակազմերը բազմաթիւ փորձեր կատարած են արգելափակելու համար Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը ԱՄՆ Գոնկրեսի կողմէ, ապա, ամերիկացի յաջորդ նախագահները խուսափած են օգտագործելէ «ցեղասպանութիւն» եզրոյթը՝ իրենց Ապրիլ 24եան ոգեկոչական յայտարարութիւններուն մէջ:

Օրինակ՝ Ռէյկընի վարչակազմը, նախագահ Ռէյկընի կողմէ 1981 թուականին նախագահական հռչկագիրի հրապարակումէն ետք, դէմ արտայայտուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ընդունող Գոնկրեսի բանաձեւերուն:

Հայր ՃորՃ Պուշի վարչակազմը դէմ արտայայտուեցաւ Ծերակոյտի մեծամասնութեան առաջնորդ Պապ Տոլի՝ 1990ին ԱՄՆ Ծերակոյտի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերեալ բանաձեւի ընդունման ի նպաստ ջանքերուն:

Քլինթընի վարչակազմը 2000ին արգելափակեց Հայոց Ցեղասպանութեան մասին բանաձեւի ընդունումը՝ Ներկայացուցիչներու Պալատին կողմէ նոյն բանաձեւին վերաբերեալ քուէարկութենէն վայրկեաններ առաջ։

Որդի ՃորՃ Պուշի վարչակազմը 2007ին դէմ արտայայտուեցաւ Ներկայացուցիչներու Պալատի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին բանաձեւի ընդունման։

2010ին, Օպամայի վարչակազմը դէմ արտայայտուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւին՝ թոյլ չտալով, որ անիկա հասնի Պալատի ընդհանուր քուէարկութեան:

Պետական Բաժանմունքի գաղտնազերծուած «Գաղտնի» փաստաթուղթը՝ 2 Հոկտեմբեր, 2000 թուակիր, կը բացայայտէ, որ 2000ին ԱՄՆ կառավարութիւնը արգելափակած է  Ներկայացուցիչներու Տան թիւ 596 բանաձեւի ընդունումը, երբ երկրին նախագահը Պիլ Քլինթընն էր, իսկ պետական քարտուղարը՝ Մատլէն Օլպրայթը։ 3 Հոկտեմբեր 2000ին, թիւ 596 բանաձեւը հաստատուած էր Ներկայացուցիչներու Պալատի Միջազգային Յարաբերութիւններու Յանձնախումբին կողմէ՝ 24 կողմ, 11 դէմ եւ 2 ներկայ ձայներու յարաբերակցութեամբ։

«Գաղտնի» փաստաթուղթը կը պարունակէ երկու նամակ՝ առաջինը պետական քարտուղար Օլպրայթի կողմէ ուղղուած Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Վարդան Օսկանեանին եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Իսմայիլ Իփեքճիին․ երկրորդը՝  պետական քարտուղարի քաղաքական հարցերով տեղակալ Թոմ Փիքերինկէն՝ ուղղուած Միացեալ Նահանգներու Խաղաղութեան Հիմնարկի նախագահ Տիք Սոլոմոնի։ Ներածական գրառման մէջ, նախկին Խորհրդային Միութեան նորանկախ պետութիւններու գծով պետական քարտուղարի յատուկ խորհրդական Սթիւըն Սեստանովիչ ըսած է Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մայքլ Լեմընի, որ Փիքերինկ եւ Սոլոմոն «ակնյայտօրէն մէկ մասն են  այն գործարքին, զոր մենք կը փորձենք իրականացնել՝ կանխելու համար Ցեղասպանութեան վերաբերեալ բանաձեւի ընդունումը։ Ես այսօր այդ նամակները քննարկեցի ՎՕի [արտաքին գործոց նախարար Վարդան Օսկանեան] եւ Վան Գրիգորեանի [Ամերիկայի Հայկական Համագումարի համանախագահ] հետ։ ՎՕն դրականօրէն էր տրամադրուած, սակայն ըսաւ, որ չի կրնար խօսիլ ՌՔի [նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան] փոխարէն, որ հիւանդութեան պատճառով արդէն տուն գացած էր։ ՎՕ վաղը պիտի խօսի անոր հետ եւ պիտի ստանայ անոր պատասխանը․․․»։

Պետական քարտուղար Օլպրայթ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարներուն ուղղած իր նամակին մէջ կ՛ըսէ. «ԱՄՆ վարչակազմը կտրականապէս դէմ է այս բանաձեւին՝ համարելով, որ անիկա կ՛առաջարկէ լիովին հակաարդիւնաւէտ մօտեցում՝ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու բարելաւման եւ թուրք եւ հայ ժողովուրդներու միջեւ հաշտեցումը խթանելու նպատակին։ Ես յոյսով եմ, որ մէկ կողմ կը դնենք այս բանաձեւը, քանի որ  մենք աւելի խոստմնալից հնարաւոր մօտեցման ջատագով ենք․․․:  Օրին կը գրեմ որոշ գաղափարներու մասին, թէ ինչպէս կարելի է այս ջանքերը յաջողութեամբ պսակել»։

Երկրորդ նամակին մէջ, պետական քարտուղարի տեղակալ Փիքերինկ գրած է Գոնկրեսի կողմէ հիմնադրուած անկախ կառոյցի՝ ԱՄՆ Խաղաղութեան Հիմնարկի նախագահ Սոլոմոնի․ «․․․Վերջերս Գոնկրեսը կը քննարկէր Ներկայացուցիչներու Պալատի՝ «Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի մասին» թիւ 596 բանաձեւը։ Ինչպէս գիտէք, վարչակազմը դէմ է այս բանաձեւին, բայց մենք հաստատ համոզուած ենք, որ այս հարցով Ճշմարտութեան եւ հաշտեցման գործընթաց անհրաժեշտ է...: Պետական քարտուղարը խնդրած է ինձմէ գրել, որպէսզի ԱՄՆի Խաղաղութեան Հիմնարկը սկսի գաղափարներ մշակել Ճշմարտութեան եւ հաշտեցման նման գործընթացի մը համար` նպատակ ունենալով յառաջիկային սկսիլ զայն...: Իբրեւ առաջին քայլ, յոյսով ենք, որ դուք կը քննարկեք խումբ մը վստահելի եւ հանրածանօթ թուրքերու, հայերու եւ այլոց հրաւէրին հարցը։ Անոնց շարքին պէտք է ըլլան հասարակական խումբերու ներկայացուցիչներ, մտաւորականներ, արխիւագէտներ, կառավարութեան կամ նախկին կառավարութեան պաշտօնատարներ եւ ուրիշներ: Յոյսով ենք, որ նախնական հանդիպումը տեղի կ՛ունենայ Դեկտեմբերի սկիզբը, Ուաշինկթըն։ Նախնական ծրագրաւորման այս խումբը կը վերլուծէ պատմական եւ քաղաքական համագրութիւնները եւ փոխադարձ համաձայնութեան կու գայ հետագայ գործունէութեան շրջանակի եւ ժամանակացոյցի վերաբերեալ, ներառեալ՝ զեկոյցի նախապատրաստման համար Յանձնախումբի մը ստեղծման հարցով»։

Պետական Բաժանմունքի առաջարկած նախաձեռնութիւնը վերջապէս կեանքի կոչուեցաւ 2001 թուականի Յուլիսին, երբ ստեղծուեցաւ «Հայ-թրքական Հաշտեցման Յանձնախումբը»՝ վեց թուրքերու եւ չորս հայերու մասնակցութեամբ, որոնց շարքին էին Վան Գրիգորեան՝ Ամերիկայի Հայկական Համագումարէն, Անդրանիկ Միհրանեան՝ Մոսկուայէն եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան երկու պաշտօնատարներ:

Յանձնախումբի ձեւաւորման յաջորդած ամիսներուն ես քանի մը խմբագրական գրեցի անոր դէմ, քանի որ պարզ էր, որ Յանձնախումբը պետական Բաժանմունքի կողմէ խորամանկ քայլ մըն էր՝ արգելափակելու Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման համար առաջարկուած գոնկրեսական բանաձեւը։ Նոյնիսկ առանց այս յօդուածին մէջ բացայայտուած «Գաղտնի» փաստաթուղթի իմացութեան, դիտորդներէն շատեր կասկածներ ունէին, որ Յանձնախումբը ստեղծուած եւ նիւթապէս հովանաւորուած էր Պետական Բաժանմունքին կողմէ՝ Թուրքիոյ կառավարութեան հետ համատեղ, որպէսզի խոչընդոտէ Հայ Դատի հետապնդումը:

Դժբախտաբար, հայկական որոշ խումբեր եւ հայ անհատներ խաբուեցան թուրք-ամերիկեան այս խորամանկ քայլով, որուն միամտօրէն կ՛աջակցէր նաեւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը։ Բազմաթիւ սփիւռքահայերու կողմէ զգալի ջանքեր պահանջուեցան՝ համոզելու համար Հայաստանի կառավարութեան, որ հրաժարի Յանձնախումբին աջակցելէ։

Հայերը պէտք է զգօն ըլլան, որպէսզի չիյնան թակարդը անոնց, որոնք իրենց սեփական շահերը կը հետապնդեն հայ ժողովուրդի հաշուոյն․․․

 

Յարութ Սասունեան
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

www.TheCaliforniaCourier.com

 

Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան