image

Լրջանալու Պահը. Գրեց՝ Յակոբ Լատոյեան

Լրջանալու Պահը.  Գրեց՝ Յակոբ Լատոյեան

Անցնող տարիներու տնտեսական, քաղաքական, համայնքային, աւատապետական (այսինքն` աւանդական ընտանիքներու սերնդափոխութիւնը), մանաւանդ կեանքի սղաճի եւ անգործութեան կուտակումը, արտագաղթը եւ փտածութեան թափը հասցուցին տեղ մը, ուր քաղաքացիները ընդվզեցան, եւ ամբողջ Լիբանանի մէջ բողոքի ու ընդվզումի ալիքը սաստկացաւ:

 

Փաստօրէն Լիբանանի պատմութեան մէջ վերջին 50 տարիներուն հակակուսակցական եւ հակահամայնքային առաջին ցոյցն է, որ տակաւին կը շարունակուի:

 

Բնականաբար մեկնաբանողներ կան, որ կազմակերպուած է: Օտար երկիրներու կողմէ երկրի տնտեսական եւ ապահովական հարուած մը պիտի ըլլայ: Խորքային իմաստով Հըզպալլայի խաղաքարտը պիտի տկարանայ: Քաոսային վիճակ մը պիտի տիրէ: Ժողովուրդը վճռակամ է եւ ետդարձ չ՛ըներ իր պահանջներէն: Կը վանկարկէ` «Բոլո՛րը, այսինքն` բոլո՛րը»:

 

Ինչո՞ւ այսքան երկար քաշքշուք: Ամիսներէ ի վեր նախահաշիւ պիւտճէի քննարկում: Իւրաքանչիւր շաբաթ զիրար վարկաբեկող եւ ամբաստանող ելոյթներ: Յանկարծ ցոյցերու ճնշումի տակ բոլորը միացած եւ միակամ մեծ զիջումներ կ՛ընեն: Ուշ է բնականաբար:

 

Հարցը այլեւս այլ ձեւով պէտք է լուծուի: Ամէնէն կարեւորը այն է, որ եթէ ժողովուրդի այս փորձը յուսախաբութեամբ աւարտի, գաղթի նոր ալիք մը պիտի սկսի, մանաւանդ` երիտասարդութեան մօտ:

 

Հաշուետու չըլլալու, անօրէն հարստացման մեծ ալիքը, երկրի գլխաւոր ապրեցնող եւ շնչող երեւոյթներու լուծումներ չգտնելու պատճառով հոս հոսանք:

 

Հոգեւոր պետերու յայտարարութիւնը ժողովուրդին պահանջներուն կը սատարէ: Սակայն ամէն մէկ օր որ լուծումները կ՛ուշանան, բաւական մեծ վնասներ կ՛արձանագրուին:

 

Ցուցարարները համոզուած են, որ այսօրուան կառավարութեան հրաժարականի պահանջի անտեսումն ու փոխադարձ բարեկարգչական թղթածրարի ներկայացումը ժամանակի կորուստ է:

 

Ժողովուրդը այլեւս սպառած է եւ չի կրնար խոստումներով համոզուիլ կամ խոստումներու հաւատալ:

 

Ժողովուրդը գործնական քայլեր կ՛ուզէ:

 

Ժողովուրդը փոփոխութիւն կ՛ուզէ:

 

Միաժամանակ կայ մտահոգութիւն` սահմանադրական դատարկութիւն չստեղծելու:

 

Փաստօրէն երկրի քաղաքական ղեկավարութիւնը վարկաբեկուած է եւ ժողովուրդին վստահութիւնը կորսնցուցած: Ժողովուրդին ատեանը ամէնէն բարձրն է:

 

Պատմութիւնը ցոյց տուած է այդ մէկը: Կարելի չէ այս տրամաբանութեան դէմ քայլեր առնել: Հիմա աւելի շահաւոր կ՛ըլլան, երբ ճիշդ քայլեր առնեն: Ժամանակը ի նպաստ ժողովուրդին է: Պէտք է լսեն եւ հասկնան պահանջները: Պէտք է զգան եւ գիտակցին իրենց վստահելիութեան կորուստը: Պէտք է հաւատան եւ համոզուին, որ ձախողած եւ խաբած են ժողովուրդը, եւ հաշուետուութեան պահը եկած է:

 

Ինչո՞ւ այսօրուան իշխանութեան ներկայացուցիչները. բոլորս ալ գիտենք, որ ո՛վ որ սպասարկութեան գործավարն է: Բոլորս ալ գիտենք, որ ո՛վ եղբայրասպան պատերազմի հերոս է, բոլորս ալ գիտենք, որ իւրաքանչիւրը ինչպէ՛ս հարստացած է: «Բոլո՛րը, այսինքն` բոլորը» կարգախօսը կարգախօսէ անդին սեղան դարձնել է, համակարգ փոխել է:

 

Պետութիւնը պէտք է լրջանայ:

 Յակոբ Լատոյեան 

«Ազդակ»