image
Հրատապ լուրեր:

Ամէն օր տարբեր կեանք է

Ամէն օր տարբեր կեանք է

Մարդ կ՚ապրի կեանք մը՝ որ ժամանակի տարբեր հատուածներէ կը բաղկանայ։ Վայրկեաններ, ժամեր, օրեր, ամիսներ եւ տարիներ… բայց անոնցմէ ոչ մէկը կը նմանի միւսին։ Զոր օրինակ, ապրուած ժամ մը երբեք չի նմանիր ուրիշ ժամուան մը. ժամէ ժամ կը փոխուի մարդուս տրամադրութիւնը՝ արտաքին եւ ներքին զանազան ազդակներու համեմատ։ Մարդ չի գիտեր, թէ սա պահուս ապրուած ժամ մը, քիչ յետոյ անոր յաջորդելիք ժամուան ապրումներուն նոյնը պիտի ըլլա՞յ, թէ ո՛չ։ Պահ մը ուրախութիւն, պահ մը տրտմութիւն՝ ահաւասիկ ա՛յս է կեանքի օրէնքը։

Արդարեւ, մարդ եթէ ուշադրութիւն ընէ, կը տեսնէ իրողութիւնը. ո՞ր օրը իր ապրած կեանքին՝ կը նմանի ուրիշ օրուան մը։ Ամէն օր տարբեր կեանք մըն է, շղթայի մը տարբեր օղակներուն նման, որ թէեւ իրար կը յաջորդեն բայց իւրաքանչիւրը տարբեր են իրարու նկատմամբ՝ գոյնով, ձեւով, շինուածքով, քանի որ ամէն մէկ օղակ «տարբեր» է միւսէն։

Մարդուս ապրած օրերն ալ կեանքի երկար շղթային օղակներն են. օրերէն մէկ մասը լեցուած է «ցաւով, վիշտով, տառապանքով», ուրիշ մաս մը՝ «ուրխութեամբ, յաջողութիւններով, վայելքով»։ Եւ այս իսկ պատճառով՝ օրը օրին չի նմանիր, կարծես ապրուածը տարբեր կեանքեր ըլլային։

Այս իմաստով, մարդուս ո՛չ միայն օրը միւս օրին, այլ մէկ ժամը միւսին չի նմանիր, տարբեր ապրումներ, տարբեր կեանքեր կը ներկայացնէ։

Սա կը նշանակէ, որ մարդուս կեանքին ամէն մէկ օրուան վրայ արեւ չի ծագիր։ Թերեւս չկայ ապրող էակ մը այս աշխարհի երեսը՝ որ մութ եւ խաւար օրեր ունեցած չըլլայ, որ «մահուան շուքի ձորին մէջէն» քալած չըլլայ։

Կեանքի ընդհանուր փորձառութիւնները եւ վկայութիւնները շղթայուած, հիւսուած են փոխնիփոխ՝ առողջութիւնով եւ հիւանդութիւնով, ժպիտով եւ արցունքով, երանութիւնով եւ հիասթափումներով, բարի գործերով եւ չար գործերով, յաջողութիւններով եւ ձախողութիւններով, Աստուծոյ հետ հաղորդութեամբ եւ Աստուծմէ պաղած, հեռացած, եւ այլն, եւ այլն…։ Ուստի մարդուս կեանքին հորիզոնները երբեմն լայն են, երբեմն նեղ, երբեմն ամպամած, երբեմն՝ լուսաւոր։

Եւ մարդոց անհատական եւ ընկերային յարաբերութիւններն ալ, ընդհանրապէս իրենց մութ եւ լուսաւոր օրերը, գիշերը եւ ցերեկը ունին։

Ոսկեայ, անայլայլելի եւ մշտնջենաւոր բարեկամութիւն մը կարծուածը օր մըն ալ կը տեսնուի, թէ պղինձ է եղեր, փոխուած եւ վերջացա՛ծ։

Ո՞ր աւերումը աւելի ցաւալի, աւելի եղերերգական է քան «բարեկամութեան պալատ»ը…։

Գեղեցիկ շէնք մը երբ դուրսէն դիտուի, կարելի չ՚ըլլար հասկնալ, թէ անոր հիմերը ո՛րքան խորունկ եւ ամուր են, կամ թէ «ժայռի վրայ» հաստատուած են թէ լպրծուն աւազի վրայ։ Կեղծ եւ մանաւանդ շահամոլ զգացումներու վրայ հիմնուած բարեկամութիւններ, որքան ալ տեւեն, վերջապէս կը փլչին՝ վերջանալու դատապարտուած են։ Մարդկային բարեկամութիւններ որքա՜ն յաճախ փուր ու փուտ են՝ փտած եւ անկայուն։

Ուստի, մինչեւ որ մարդուս սիրտը չի մաքրուի ամէն տեսակ ծածկուած նենգութիւններէ, ատելութիւններէ, թոյներէ, եւ ո՛չ մէկ բարեկամութիւն կրնայ երկար ապրիլ։ Արդարեւ ճշմարիտ բարեկամութեան հիմերն են՝ անկեղծութիւն եւ հաւատարմութիւն։ Անկեղծ եւ հաւատարիմ բարեկամներն են, որ կը տեւեն մինչեւ մահ եւ անմոռաց են։

Բարեկամութիւն մը կայ, որուն մէջ երբեք մութ եւ խաւար չկայ. Աստուծոյ հետ բարեկամութիւնն է ան։ Աստուծոյ հետ բարեկամութիւնը բնաւ խաւար չունի, քանի որ Աստուած Ի՛նք լոյս է։

Եւ ան որ փորձառաբար ճաշակած է Աստուծոյ բարեկամութիւնը, վայելած է անոր բարիքները, պիտի հաստատէ Սաղմոսերգուին վկայութիւնները. «Տէրը իմ լոյսս եւ փրկութիւնս է… Տէրը իմ կենաց զօրութիւնն է…։ Թէեւ մահուան շուքի ձորին մէջէն քալեմ, չարէն պիտի չվախնամ, քանի որ Դուն՝ Տէրս եւ Հովիւս ինծի հետ ես։ Տիրոջը համար պիտի ըսեմ թէ Ան իմ ապաստանս եւ ամրութիւնս է, թէ Ան իմ Աստուածս է, ես միշտ Իրեն պիտի վստահիմ…»։

Ահաւասիկ, այս պատճառով է որ Աստուծոյ բարեկամութիւնը տիպար եւ ճշմարիտ «բարեկամութիւն»ն է եւ մարդիկ ո՛րքան ջանան իրենց յարաբերութիւնները այդ «տիպար»ին վրայ մշակել՝ ա՛յնքան իսկապէս բարեկամ կ՚ըլլան իրարու։

Սա անուրանալի իրողութիւն է, թէ «գիշեր» կայ, եւ «ցերեկ» բոլոր մարդկային յարաբերութիւններուն մէջ մարդ էակին, բայց միա՛յն լոյս եւ անխաւար լոյս՝ Աստուծոյ մէջ։ «Լոյսի Որդի»ներ ըլլալ կը նշանակէ Աստուծոյ հոգիին հաղորդ ապրիլ ամէն ժամանակ։

Յաւիտենական կեանքը, ուրեմն «Լոյսի կեանք»ն է. Խաւարի եւ լոյսի, չարի եւ բարիի, ատելութեան եւ սիրոյ յաջորդականութիւնը յատուկ է միայն մարդուս «երկրաւոր» գոյութեան։ Ուստի յաւիտենականին մէջ մտնելու համար մարդ հաւատքի թեւերուն պէտք ունի։ Գիշերուան եւ ցերեկուան՝ խաւարի եւ լոյսի յաջորդականութիւնը կանգ կ՚առնէ երկրաւորին եւ երկնաւորին, անցաւորին եւ յաւիտենականին սահմանագծին վրայ եւ խաւարը կը պարտուի լոյսէն, եւ կը նահանջէ, կ՚ամփոփուի «երկրաւոր կեանք»ի սահմաններուն մէջ…։

 

Մաշտոց քահանայ Գալփաքճեան

«Ժամանակ»/Պոլիս