image

Շաւարշ Միսաքեան. Մամուլ եւ լեզու

Շաւարշ Միսաքեան. Մամուլ եւ լեզու

Լրագրութիւնը ամէնէն բանուկ անդաստանն է, մշակելու, ճոխացնելու, ծաղկեցնելու համար արդի աշխարհաբարը։


Միեւնոյն ատեն կրնայ խամրեցնել զայն։

Ուրիշ խօսքով, տեսակ մը երկսայրի սուր է։

Կրնայ ե՛ւ բարիք ե՛ւ չարիք պատճառել, ինչպէս կը տեսնենք ամէն օր։ Եւ ամէնուր որ հայերէն թերթ կը հրատարակուի։

Վարպետ եւ բարեխիղճ մշակ մը կրնայ ծաղկաստանի վերածել այգին։ Չորցած ոստերը յօտելով, խոտերը եւ խիճերը ժողվելով, որոմը եւ ցորենը զատելով։

Իսկ եթէ մշակողը անհոգ է կամ անճարակ, անդաստանը կը դառնայ լպրծուն գետին մը, ուր առատօրէն կ’աճին եղիճներ, փուշեր եւ այլազան խոտեր։ Թէ՛ իբրեւ բովանդակութիւն եւ թէ՛ իբրեւ լեզու։

Մինչեւ 80-100 տարի առաջ, երբ հետզհետէ կը ծաղկէր օրագրութիւնը, Պոլսոյ մէջ, հասարակ լրաբերն անգամ գոնէ տարրական հայերէն գիտէր։ Իսկ թարգմանիչը դասընթացք մը բոլորած կ’ըլլար, եթէ լրաքաղէն անցնէր թերթօնի մը թարգմանութեան։

Եւ խմբագրապետներ կային որոնք լեզուն կը ճոխացնէին թերթօններ թարգմանելով։

Այսօր ճրագով պիտի փնտռէինք գրոց բրոց մը որ բարեհաճէր «Թշուառներ»ը, «Գաղտնիք Հաւատաքննութեան», «Թափառական Հրեայ» կամ «Կրացիէլլա» թարգմանել։

Ամբողջ մատենադարան մը կազմուեցաւ ոչ միայն սովորական թերթօններու, այլեւ հատընտիր երկերու թարգմանութեամբ, շնորհիւ Կ. Իւթիւճեանի, Գ. Չիլինկիրեանի, Մ. Մամուրեանի, Եր. Օտեանի, Եր. Տէր Անդրէասեանի եւ ուրիշներու։

Եւ եթէ այսօր, բարեհաճիք մասնաւոր ուշադրութեամբ կարդալ այդ գիրքերը, ձեր առջեւ պիտի պարզուի լեզուին զարգացման ընթացքը։ Պիտի գտնէք բառեր եւ բացատրութիւններ որոնք երբեմն խոյս կուտան ձեր միտքէն։

Այն ատեն լրագրութիւնը ոչ ժամանց էր, ոչ ալ անտէր այգի, այլ ասպարէզ մը որ կարգ մը յատկութիւններ կը պահանջէր։

Ամէն պարագայի մէջ, անոնք որ կոչում ունէին, կարելին կը փորձէին, «թեքնիք»ը եւ լեզուն զարգացնելու համար։

Մեծ յաւակնութիւններ չունէին այն ատեն, ոչ ալ սաւառնաթեւ ճախրանքներ կամ քաղաքական «դիրքաւորում»։

Համեստ էին, եւ վարուցան կը կատարէին, անդաստանը հերկելով համբերութեամբ, յարատեւութեամբ եւ հաւատքով։

Այսօրուան լրագրութիւնը կը քալէ անոնց բացած ակօսներուն վրայ։

Բայց, քանի՞ հոգի կը յիշեն այդ սեւ աշխատաւորներուն անունները։

Իսկական մշակներ էին անոնք եւ կանգ չէին առներ որեւէ դժուարութեան առջեւ, բան մը աւելի սորվելու կամ սորվեցնելու համար։

Անոնց ամէնէն տաղանդաւորներուն մշակած լրագրական լեզուն է որ հետզհետէ ճոխացաւ, յղկուեցաւ 1900էն մինչեւ 1908, եւ նոր թռիչք ստացաւ վերջին արտագաղթին ասդին, դառնալով աւելի ճկուն եւ հոսուն։ Միշտ ընդունակ՝ աւելի զարգանալու։

Շարժումը կանգ առած պիտի ըլլար, եթէ եղածով գոհանայինք։

Այս խորհրդածութիւնները գրի կ’առնենք հայերէն առաջին թերթին՝ «Ազդարար»ի հրատարակութեան 160-ամեակին առթիւ, որ կը լրանայ այս տարի։

Միշտ օգտակար է յետադարձ ակնարկ մը նետել, որպէսզի կարենանք դատել- յառա՞ջ կ’երթանք թէ ետ։


21 Մարտ 1954