image

Նոր Տեսլական. Կոչնակ Հայկազուն

Նոր Տեսլական. Կոչնակ  Հայկազուն

Ի.Ա. դարուն՝ մարդկութիւնը կ'անցնի այնպիսի ալիքներէ, որ նոյնիսկ ան չի գիտեր ալիքներուն   մեծամասնութեան ծագումը: Այս ալիքներուն է ենթակայ նաեւ հայ ազգը. պէտք է ըսել, որ անոր հաւատարիմ զաւակները , որոնք չափազանց սակաւ են եւ բնականաբար գիտութեան լոյսը կը վայելեն, ճիգ չեն խնայեր հայոց առագաստը հաւասարակշիռ պահելու՝ ահեղ ալեաց դիմաց, սակայն անոր զաւակներուն մեծակշիռ մասը, որոնք  բնականաբար անգիտութեան խաւարին մէջ ինքզինքնին  կորստեան կը վարէն , ոչ մէկ հոգ ունին անոր ընկղման առաջքն առնելու եւ նոյնիսկ ձեւով մը՝ գոյատեւման նպաստելու. ահա այդ պատճառով՝ ցաւօք բայց իրաւ, հայ առագաստը արդէն, մերթ ընկղման եզրին հասած է եւ մերթ ալ կարծէս՝ ընկղմած :

Հետեւաբար, ազգը կը գտուի շատ վտանգաւոր եւ գիշատիչ երեւոյթներու ներսիդին: Արեգականման ժողովուրդին մէջ բնական  դարձած են ՝ զանազան գարշանման մոլութիւնները, ինչպէս նաեւ՝ մարդկային ամօթխածութեան եւ ազագային-կրօնական պատուիրապահութեան խիստ դրժումն ու գործադրութեան հանդէպ անտարբերութիւնը, հայ արիւնին ու շահին համար՝ ոչ հարազատ լոզունքներու որդեգրութիւնը, դէպի գիտութեան լոյս տանող ճամբաներու մերժումը՝ եւ յաճախ ազգակիցներուն ալ մերժելուն  պատճառ դառնալը, անգիտութեան խաւարին մէջ կորսուիլը եւ ազգային ինքնագիտակցութեան բացարձակ բացակայութիւնը: Եթէ այս բոլորը վերին հայեցողութեամբ դիտենք, պիտի խորհինք, թէ  մեր թշնամիներուն կողմէ ծրագրուած հայոց կործանումը, ահա հայ ժողովուրդը ինք իր ձեռքերով կը գործադրէ. թէեւ այս միտքը կրնայ շատ հեշտութեամբ իրականանալ, եթէ տրամաբանօրէն մտածուի, սակայն  վերջնական վճիռներ տալէ առաջ պէտք է ակնարկ մը նետել թէ՛ մեր պատմութեան եւ թէ՛ մեր գրականութեան, որտեղ պահուած են մեր անլուծելիք հարցերուն բոլոր պատասխանները:

 Երկար ուսումնասիրելէ եւ վերլուծելէ ետք հայ գրականութիւնն ու պատմութիւնը՝ եկած ենք հետեւեալ մեկնաբանութեան. մեկնաբանութիւնը կը հաստատէ, թէ  հայութիւնը օրնիբուն բնազդով այնպիսին է, որ տասնամեակներ,եւ ինչու չէ հարիւրամեակներ,   մտօք  կը քնանայ եւ կը մտնէ անգիտութեան ժամանակաշրջան մը ( անշուշտ խօսքը ամբողջ ածուին չի վերաբերիր. բացառութիւնները ընդմիշտ առկայ են) եւ ապա անմիջապէս կը զարթնի. անոր զարթօնքը, այնու ամենայնիւ, բաւականաչափ ուժեղ կ'ըլլայ, եւ այն զօրութեամբ, որ ամբողջ ազգին մշակոյթն ու անգամ մտայնութիւնը կրնայ շրջադարձօրէն փոխել : Պատմութեան ընթացքին հայերուն հիմնական «նինջ»երը եղած են՝ Երուանդունի եւ Արտաշէսեան շրջաններուն Աթէնական եւ Աքեմանեան  մշակոյթներուն հետ խառնուիլը, Քրիստոնէութենէն մինչեւ ոսկեդար ինկող ժամանակաշրջանը և Բագրատունեաց եւ Կիլիկեան թագաւորութեան անկումէն ետք մինչեւ Ժ.Թ. դարակիսուն փառահեղ մտաւոր զարթօնքը: Կարելի է այս դրոյթները նմանեցնել հրաբուխի մը, որ արդէն վաղուց իր վախճանը գտած է, կամ հանգիստի մէջ է, եւ յանկարծ կը վերաշխատաւորուի ու կը  ժայթքի, պատճառ դառնալով տարածաշրջանին թէ՛ բուսական եւ թէ՛ կլիմայական ամբողջական վերափոխման: Վերոյիշեալ մտաւոր նինջերուն պատճառները ընդհանրապէս եղած են՝ հայոց օտար տիրապետութիւններու տակ գտնուիլը, տեղի ղեկավարներուն աշխատանքի թերացումը եւ մասնակիօրէն կրօնական իշխանութեան անտարբեր եւ եսակեդրոն վերաբերմունքը:

    Այսօր, հայ իրականութիւնը կը բաժնուի երկու մասի սփիւռք եւ Հայաստան-Լ.Ղարաբաղ: Սփիւռքահայութիւնը, հետեւապէս, արդիւնք է Հայոց Ցեղասպանութեան: Ան իր ձեւաւորման սկզբնական շրջանին շարունակեց  ազգային կեանքն ու ապրելակերպը, սակայն տարիներու ընթացքին անոր պատկերը ամբողջովին փոխուեցաւ: Սփիւռքահայքը ինքնին արդէն ըլլալով գաղութային կառոյց մը, ունի իր բազում ենթաբաժինները, որ կը նշանակէ տարբեր խնդիրներ  երեւոյթներու այլազանութիւններու հետ միախուռն. այս բոլոր խնդիրներով հանդերձ ան մեծաւ խաղաղ վիճակի մէջ է մտաւոր զարգացում ստեղծելու համար, սակայն օտար ափերու մէջ գտնուիլն ու առօրեայ ձուլման վտանգին դէմ պայքարիլը արգելք կը հանդիսանան, ոեւէ մտաւոր վերելքի մը կայացման: Հարկ է յիշել, թէ շատ մը սփիւռքեան գաղութներ, պարզապէս կապրին միմիայն «հայ» մակդիրին տակ եւ ոչ մէկ կերպով հայկական չափանիշներ կը ներկայացնեն, բացի հայ եկեղեցւոյ անդամ դառնալէն.  հետեւաբար անոնք ոչ մէկ ներդրում կրնան ունենալ հայոց մտաւոր զարգացման մէջ, բացի եթէ իւրայատուկ ջանքեր թափուին անոնց վրայ հոգեւոր ասպարէզին կողմէ, սակայն այսօրուայ պայմաններուն համեմատ այդ բանը իրականացնելը անկարելիութեանց  եզրէն անդին է:

Գալով Հայաստան-Լ. Ղարաբաղ հատուածին անոնց ընդհանրապէս վիճակն ու զարգացման ձեւը տարբեր է: Առանձնացնելով Հայաստանը, ան վերջին  հարիւրամեակին շնորհիւ իր խորհրդային վիճակին, կը գտնուէր մտաւոր բացառիկ զարգացման մէջ, որ ցաւօք այս օրերուս իր ընթացքը ամբողջականապէս դադրած է (ծանօթ*- գրուածը պարզապէս իրականութիւնն է, ոչ մէկ ուրիշ քաղաքական կեցուածք) : Մէկ կողմ դնելով բոլոր այլազան աղաւաղուած տեղեկութիւնները խորհրդային Հայաստանին մասին, կու գանք յայտարարել ամենայն համարձակութեամբ, թէ Խորհրդային Հայաստանի ստեղծած հայ միտքն ու մշակոյթը կ'արձանագրէ գագթնակէտը՝ ընդհանուր հայ իրականութեան վերջին վեցհարիւր տարուան մտաւոր ու մշակութային զարգացման վերելքին, հակառակ այն փաստին, որ ան երեւութապէս զերծ էր ոեւէ տեսակի հոգեւոր ազդեցութիւններէ:(Յաւելուած*-Հայ ոգին կամօք, թէ անկամ միշտ կապուած է հոգեւորին հետ եւ անոնց զանազնումը անկարելի է): Դժբախտաբար, Հայաստանը իր անկախացումէն վերջ չկրցաւ պահել իր ստեղծած «նոր գոյն»ի ընտիր մշակոյթը, եւ փոփոխութիւն եւ անկախացում յանցեալէ» վերնագրին տակ ենթարկուեցաւ օտար թէ՛ մտաւոր, թէ՛ մշակութային ազդցութիւններու, որ երիտասարդ, նորանկախ երկրին լուսաւորականութիւնն, ուսումն ու մտաւոր մակարդակը հասցուցին ամենահամեստ ու սովորական մակարդակներուն, որ անխտիր՝ անվայել է հայ ժողովուրդին: Հետեւաբար, դասաւանդութեան լրչութիւնը ակնյայտօրէն բացակայ է ուսուցչաց կողմէ, իսկ աշակերտները իրենց հերթին ոչ մէկ յանձնարարութիւն պատասխանատւօրէն չեն գործադրեր: Այս բոլորին կը զուգորդէ  դպրոցներու մեծամասնութեան տնօրինութեանց կամայ անհոգոգութիւնը եւ պետական մարմիններուն այս գործին հանդէպ հետնահերթութեան կեցուածքը: Եւ առաւել,  դպրոցներուն մէջ անուղղակի ատելութիւն կայ եկեղեցական եւ քրիստոնէական առարկաներու հանդէպ, որ միշտ իշխանութեան կողմէ ստացած է իր հաւանութիւնը, բայց չյիշելով, թէ սա անկախ Հայաստանն է՝ Հայոց երազը, հայ  եկեղեցւոյ ճիգը ... սակայն գոչիւնը ոչ մէկ տեղ կը հասնի: Գալով բարձրագոյն ուսման, այսինքն համալսարաններուն՝ անոնք կը փորձեն պահապանել իրենց անցեալի վաստակն ու մակարդակը, սակայն օրուայ եւ դրութեանց ալիքները, ընդմիշտ կը խախտեն անոնց առաքելութիւնը, անոնց ներդաշնակեցնելով ընդհանուր անառողջ կարծիքներուն հետ: Նայելով Լ. Ղարաբաղին ան խորհրդային շրջանին գարաւեալ էր եւ չկրցաւ մաս դառնալ Հայաստանի զարգացման, եւ իր անկախացումէն ետք հետեւեցաւ Հայաստանին, մէկ խօսքով անոնց ներկայ վիճակները, բացառութեամբ կարգ մը քաղաքական պայմանաց, կրնանք նոյնացնել:

   Այս է եզրահանգումը: Մտաւոր զարգացումէ մը ետք, հայ ազգը ,կամաց- կամաց, կը հռչակէ իր մտաւոր նինջը ներկայ վիճակին վկայմամաբ, որ պիտի տեւէ մինչեւ անծանօթ հեռաւոր զարթօնքը: Իսկ հետեւանքները՝ վտանգաւոր են ,եւ ազդեցիկ՝ առ յաւիտեանս...

     Արդեօ՞ք այս նինջին ժամանակը արդար է: Արդեօք ազգը կարողութիւնն ունի՞ երկրորդ երկար նինջ մ'առնելու, անոր սպառնացող ահաւոր վտանգներուն հակառակ:

     Ո՛չ... Կտրականապէս՝ ո՛չ... ժամանակը երբէք արդար չէ: Նաեւ նշելի է, որ ազգը թեպէտեւ այս անգամ չի կրնար երկար արթուն մնալ, սակայն պէտք է տոկայ ու պայքարի մինչեւ վերջին շունջ: Այս անգամ, եթէ ան սխալի ու ննջէ՝ մահը զինք անակնկալօրէն պիտի գտնէ, եւ ան սպաննուած պիտի ըլլայ  իր քունին մէջ. այդպիսով վերջ պիտի գտնէ ամէն ինչ, նոյնիսկ իր պատմութիւնն եւ անունը... Արդ պէտք է տոկալ, պայքարիլ եւ կռուիլ: Եթէ քաջալերուած չենք՝ քաջալերուինք ու իրար ալ խրախուսենք, քաջ իմանալով, թէ  եթէ  արթուն մնանք ու հսկենք մենք մեր վրայ, ու ահազանգի պահին մենք մեր ոյժերով մահին ետ դնենք՝ մօտեցող խաւարին, ոչ միայն ողջ կը մնանք, այլեւ կը դառնանք տէրը մեր դարւոր իրաւունքներուն, զոր միշտ սպասեցինք, ինչպէս նաեւ կը դառնանք կրողը մեծ երախտիքի ու հեղինակութեան՝ ազգերու համաշխարհային ընտանիքին մէջ:

Հետեւաբար քաջալերուինք, ինչ որ ալ ըլլայ մեր վիճակը: Ետ գանք մեր ակունքներուն՝ թէ՛ հոգեւոր եւ թէ՛ մտաւոր: Իրար սորվեցնենք, իրար պատմենք, իրար օգնենք: Գիտունը թող սորվեցնէ տգէտին, իսկ տգէտը թող ընդունի գիտունի լաւութիւնը եւ ընկալէ գիտութեան լոյսը: Մեր ազգին միակ զէնքը մնացած է կարդալու աչքը եւ գրելու գրիչը՝ օգտագործենք զանոնք, եւ վստահ ենք եւ յոյսով, որ ինչպէս Խրիմեան հայրիկը իր «Վան Գոյժ»ին մէջ նոյնպէս կը յիշատակէ՝ Մովսէսի քոյր՝ Մարիամին պէս թմփուկներ պիտի առնենք եւ պիտի երգենք   « Օրհնեսցուք զՏէր, զի փառօք է փառաւորեալ»:

 Կոչնակ  Հայկազուն