image
Հրատապ լուրեր:

ԺԱԳ ՍԱՅԱՊԱԼԵԱՆ (ՓԱՅԼԱԿ) . ԱՇՈՒՆ

ԺԱԳ ՍԱՅԱՊԱԼԵԱՆ (ՓԱՅԼԱԿ) . ԱՇՈՒՆ

 

Սիրուած անձ մը երբ մեկնի, անոր բացակայութեան գաղափարը երազի մը պէս կուգայ մեզի, օրեր պէտք կ՚ըլլան համոզելու համար թէ այդ տխուր բաժանումը իրականութիւն մը ըլլայ, շատ անգամ կը կարծենք թէ դեռ հոս է ան, մեկնողը, մինչեւ որ մեկնումին գաղափարը անդրադառնալով մեր ուղեղին մէջ՝ վերջապէս դրօշմուի հոն ամրապէս։

Ճիշդ այսպէս ահա, ես ալ չէի ուզեր համոզուիլ թէ ամառը՝ իր վճիտ կապոյտովը, իր գաղջ գիշերներուն հմայող լուսնակովը՝ առանց իմաց տալու, առանց «ես կ՚երթամ կոր» ըսելու անձայն անշշուկ մեկնած ըլլայ բոլոր աղուոր բաներուն պէս։ Այնպէս է սակայն, չուե՜ր է։ Այսօր համոզուեցայ այնպէս ըլլալնուն, կամայ ակամայ։

Իրիկուան դէմ՝ ձի նստեր էի, երթալ սովորական պտոյտս ընելու համար դաշտերուն մէջ։ Կայարան տանող խճուղիին վրայ, քաղաքին շէնքերէն դուրս ելլելուս պէս, դիմացէն, դաշտին մէջէն, կծու հով մը եկաւ խայթեց դէմքս — աշնան պաղ, ախտաժէտ շունչը, որ դաշտերը գրաւած է արդէն եւ քաղաքին մէջ ալ պիտի թափանցէ կամաց կամաց, իր յամր բայց անյողդողդ յառաջխաղացումին մէջ առջեւէն քշելով ամրան աղուոր օրերը։

Ճամբան երկու կողմի թուփերէն չոր տերեւներու անձրեւ մը կը տեղայ. խե՜ղճ տունկեր։ Դեռ քանի մը շաբաթ առաջ հասարակաց պտոյտի տեղ մըն էր այս օրուան ամայի ճամբան. թուփերը որչափ ատեն որ աղուոր էին, կանանչ էին, տերեւներ ունէին, մարդիկ կուգային, կը դիտէին, կը հիանային, կը սիրէին զիրենք, բայց հի՛մա, հիմա որ ա՛լ իրենց հմայքները, արդուզարդը մերկացած են, հիմա որ չոր ճիւղեր միայն ունին ցուցադրելիք, քովերնին անգամ չեն մօտենար… ապերախտնե՜րը, կը լքեն զիրենք — կիներու պէս՝ որոնց շուրջը բիւրաւորներ կը քծնին, կը շողոքորթեն, կը մեծարեն որչափ ատեն որ աղուոր ու գեղեցիկ են, բայց յետոյ, երբ ծերանան, երբ տգեղնան, երեսնին նայող չըլլար։

Դաշտերը, թէեւ շատոնց իրենց արգանդին պտուղը մարդուն ամենակուլ ձեռքին յանձնած, դեռ հմայիչ էին սակայն, ժպիտ մը ունէին — գործ մը գլուխ հանած մարդու մը գոհունակութեան ժպիտը. այդ ժպիտը չկայ այսօր, մարեր է. թախծոտ խորշոմներու սկզբնաւորութիւն մը կայ անոր տեղ՝ որ հետզհետէ պիտի շատնայ, մինչեւ որ վերջապէս ճերմակ մազերուն պսակը գայ պատկառելի պարզութիւն մը ցանել հոն։

* * *

Վեր կը նայիմ. վճիտ կապոյտի վրայ գորշի ու ճերմակի խառնուրդ անթափանց, թանձր ծեփ մը զարկեր են, այնպէս որ այդ անծայրածիր ձեղունը քիչ մը աւելի մօտեցեր է մեզի, դէպ ի վար իջեր է։ Այո՛, չեմ խաբուիր, անդին լեռներուն գագաթները ամպերու մէջ կորսուած են, խորհրդաւո՜ր բան ասիկա, շքե՛ղ, արդեօք սա ամեհի գորշ ամպերը իրօք վա՞ր իջած են, թանձր խաւերով, իրենց ծոցին մէջ պահելու համար կատարները այդ տիտաններուն՝ թէ անոնք, հրաբուխներու փոխուած յանկարծ, ծուխի հսկայ ամպեր կ՚արձակեն օդին մէջ, այնքան առատ կերպով որ մինչեւ մէկ մասը ամպերուն ոլորքներով դէպ ի վար իրենց կողերուն վրայ կը թափի։ Չեմ գիտե՛ր. հմայիչ բաներ տեղի կունենան կարծես հոն, այդ ամպէ քօղին ետեւ՝ զոր առտու մըն ալ, բնութեան մէկ քմահաճոյքովը ու եղանակին փոփոխումովը, յանկարծ պիտի մէկղի ընեն արեւուն տեկ շողացող խտղեցուցիչ ճերմակ հագուստներնին ցոյց տալու համար մեզի, մեր հիացումը գրաւելու համար — ինչպէս շքեղօրէն զարդարուած թատերաբեմի մը վարագոյրը վեր կը քաշուի յանկարծ անտեսանելի ձեռքէ մը, հանդիսականներուն հիացումի բացագանչութիւններուն մէջտեղ։

* * *

Ամառուան թեթեւ վերարկուս չկրնար արգիլել այդ կծու հովը մինչեւ մարմինս թափանցելէ, եւ սակայն տեղի չեմ տար. ձին կը խթեմ, petit galopին օրօրող տատանումներովը տաքնալու, հակազդելու համար ցուրտին, ու ճամբաս կը շարունակեմ, ճակատս հովին, սիրուն ու վէս կորութիւն մը առած պարանոցին վրայի սեւ բաշին ալեծուփ տատանումը դիտելով։ Կայարանին անկիւնը հասնելուս սակայն, հեռուէն անցնող կառքերու խուլ դղրդիւնին պէս բաներ մը կը լսեմ գլխուս վերեւի ամպերուն մէջէն եւ, թը՛բ, թը՛բ ջուրի ցանցառ կաթիլներ կը սկսին իյնալ։ Մե՜ղք, պտոյտիս էն աղուոր մասը — ամայի դաշտերու թափառումս — պիտի ուտէ անձրեւը։ Սանձը կը քաշեմ կամայ ակամայ, եւ, դառնալուս պէս, ուշիմ կենդանին վայրկեան մը առաջ տուն մտնելու պէտքը ինքն ալ զգացած արդէն, առանց իմ ազդարարութեան սպասելու, անզուսպ եռանդով մը կը սուրայ։ Գետինը, արագ տրոփիւնով մը կը փախչի ոտքերուս տակէն, ձիուս ոտքերուն ջղուտ հարուածներուն տակ կը փլչի կարծես ու կենդանիին ամէն մէկ խոյանքը՝ պրծելու ճիգ մըն է իր ետեւ բացուող անդունդի մը եզերքէն։

Տուն հասնելուս, դեռ հազիւ թէ լրջօրէն տեղալու տրամադրութիւն կը ցուցնէ անձրեւը։

Հիմա պատուհանիս ապակիները կը հարուածէ ան՝ քմահաճ հովին խարազանի հարուածներով գրգռուած — կից տուող ձիու մը պէս։

Դուրսը, սարսռացնող, թանձր մութ մը կայ. երկինքին պլպլացող սիրուն լապտերներն ալ գացեր մէկիկ մէկիկ մարե՛ր է աշուն ը — սա բնութեան շփացած զաւակը որ տարրուան միւս երեք եղանակներէն աւելի կը սիրուի, կարծես, իր մօրմէն, հիւանդ տղու մը պէս որուն ամէն բան կը ներուի։


«Մասիս», 1902, 30 Նոյեմբեր, թիւ 48, էջ 768—769