image

Արմին Վեկնըր խնդրած է Ֆրանց Վերֆելէն չգրել իր «Մուսա Լեռան Քառասուն Օրը» վէպը (Բ. մաս)

Արմին Վեկնըր խնդրած է Ֆրանց Վերֆելէն չգրել իր «Մուսա Լեռան Քառասուն Օրը» վէպը (Բ. մաս)

Ասիկա Արմին Թ. Վեկնըրի՝ 1932ին գրած նամակին շարունակութիւնն է, ուղղուած՝ Ֆրանց Վերֆելի: Այս նամակին ամբողջութիւնը կը հրապարակուի առաջին անգամ ըլլալով.

 

«Արդէն 1915ին ես ընկերացած էի Եոհաննէս Լեփսիուսի հետ։ Երբ գնացքով կը ճամբորդէի Կոստանդնուպոլսէն Փոքր Ասիոյ տարածքով դէպի Պաղտատ, ականատես եղայ ամբողջ տեղահանութեան: Ես շատ նիւթեր ուղարկած եմ Լեփսիուսի՝ իր հաւաքածոյին համար։ Քանի մը տարի շարունակ սերտ յարաբերութիւններ վարած եմ հայերու եւ թուրքերու հետ, խօսած եմ անոնց լեզուով, թէեւ ոչ կատարեալ կերպով։ Լուսանկարները, զորս ես առած էի անապատի սարսափելի տեսարաններէ, թաքուն տեղափոխած եմ՝ զանոնք պահելով ստամոքսիս վիրակապին տակ։ Մահուան վտանգի տակ, ես անոնք սահմանէ անցուցած եմ՝ գաղթականներու նամակներուն հետ միասին, որոնք ուղղուած էին ամերիկեան դեսպանատուներուն։ 

 

«1919ին, Ուրանիոյ (Պերլինի գիտական հասարակութիւն) մէջ կայացած հրապարակային ձեռնարկի մը ընթացքին, Եոհաննէս Լեփսիուսի օգնութեամբ ես ցուցադրեցի այդ լուսանկարները, զգայացունց դասախօսութեան ժամանակ։ Ասոր ի հետեւանք գրեթէ ջարդ սկսաւ ներգաղթեալ հայերու եւ թուրքերու միջեւ։ Շատ չանցած ես հրապարակեցի՝ «Ճամբայ առանց վերադարձի» (“Der Weg Ohne Heimkehr”) գիրքս՝ բացայայտելով այդ օրերու անձնական փորձառութիւնները: Ես շարադրեցի տեղահանութեան օրերուն ապրած փորձառութիւններուս մեծ մասը, հայկական վէպիս համար։ 

«Կարճ ընդմիջումներով լոյս տեսան եւս երկու գիրքեր՝ «Երջանկութեան տան մէջ» («Im Hause der Glückselligkeit») եւ իմ՝ «Թրքական վէպերը» («Tiscrkische Novellen»), որոնք նոյնպէս կը բովանդակէին երկու պատմութիւններ,  հայերու հալածանքներու  մասին։ Գրեթէ միաժամանակ, 1921ին, իմ «Փոթորիկ կիներու բաղնիքին մէջ» (“Der Sturm auf das Frauenbad”) վէպը՝ հայոց կոտորածներու նկարագրութեամբ, տպուեցաւ Berliner Tageblattի մէջ։ Նոյն թուականին, ես տպագրեցի «Թալէաթ փաշայի դատական գործը» («Der Prozess Talaat Pascha»), որուն իբրեւ վկայ հրաւիրուած էի Եոհաննէս Լեփսիուսի եւ այլոց հետ։

«1925ին, ես սկսայ գրել իմ հայկական վէպը, զոր արդէն ծրագրած էի պատերազմի ժամանակ։ Աշխատութեանս առաջին յայտարարութիւնները կարելի է գտնել միեւնոյն ատեն՝ Քիրշնըր եւ Ալպերթ Սորկելի գրականութեան պատմութեան մէջ, ուր գիրքը յայտարարուած էր «Արտաքսում» վերնագիրով («Die Austreibung»): Սակայն, քանի որ ես նպատակադրուած էի պատկերել մարդկային ամբողջ ցեղի մը տեղահանութեան եւ ոչնչացման հսկայածաւալ դիւցազնավէպը, ես շուտով հասկցայ, որ աշխատութիւնս մասնակի կ՛ըլլայ, եթէ ես զիս սահմանափակեմ միայն այս ողբերգութեան աւարտը նկարագրելով։

«Այսպիսով, այս աշխատութիւնը աւելի ու աւելի կը հասուննար ձեռքիս տակ, քան այն, ինչ որ ի սկզբանէ ծրագրած  էի։ Ասոր մէջ պէտք է ներկայացուէին ամբողջ ժողովուրդի մը ճակատագիրը եւ Մերձաւոր Արեւելքի ժողովուրդներու պայքարը: Մերկացուած էր ցեղերու, կրօններու եւ դասերու թշնամութիւնը։ Ասիկա ոչ թե իմ կամքս էր, այլ ստեղծագործութեան ներքին բնոյթը, որ դարձաւ քառահատոր վէպ։ Ես հակիրճ կը ներկայացնեմ նախագիծի ուրուագիծը, զոր կիսուեցայ Կաճառին հետ, երկու տարի առաջ։ 

«Առաջին հատորը նուիրուած է վէպի նախապատմութեան՝ գլխաւոր հերոսի երիտասարդութեան. ան ծնած էր 1890ին,  ասիական  փոքր  քաղաքի  մը  մէջ: 1896ին, Ապտուլ Համիտի կոտորածներու ժամանակ, ան կը կորսնցնէ իր ծնողները եւ որբ կը մեծնայ Երուսաղէմի սուրիական որբանոցին մէջ։ Այնուհետեւ,  առաջին  հատորի  իրական բովանդակութիւնը կը նկարագրէ ասիական փոքր քաղաքի կեանքը, թուրքերու եւ հայերու հակադրութիւնը, անոնց հակամարտութիւնը, ինչպէս նաեւ ընդհանուր յեղափոխական գործունէութիւնը, եւ վերջապէս կը  տանի  դէպի  Կոստանդնուպոլիս՝ Ապտուլ  Համիտի պալատը։ Հատորը կ՛ունենայ «Աստուծոյ շուքին տակ» խորագիրը:

«Երկրորդ հատորը՝ «Յաւերժական ատելութիւն» խորագիրով, սկիզբը կը տանի դէպի հայկական գիւղի լեռները: Հոն ցոյց կը տրուի քիւրտերու եւ հայերու միջեւ եղած տարբերութիւնները եւ, ի վերջոյ, կը նկարագրէ Փոքր Ասիոյ եւ Կոստանդնուպոլսոյ մէջ 1908ի յեղափոխութեան բռնկումը, Ապտուլ Համիտի տապալումը, Երիտթուրքերու յաղթանակը, եւ կ՛աւարտի Սահմանադրութեան դարաշրջանին թուրքերու եւ հայերու ընդհանուր եղբայրացումով եւ հաշտեցումով:

«Երրորդ հատորը, որ հաւանաբար պիտի կրէ «Ճիչ Արարատի» վերնագիրը, կը սկսի՝  համաշխարհային պատերազմի բռնկման նկարագրութեամբ: Այս հատորը կը բովանդակէ նաեւ Լեփսիուսի եւ Էնվեր փաշայի զրոյցը, զոր  Լեփսիուս ինքն է, որ այդքան տպաւորիչ արձանագրած է։ Վէպը մնայուն կերպով կը շարժի իշխող դասերու, իշխանութիւններու եւ մարդոց միջեւ։ Իրենց դերը ունեցած են Երիտթուրքերու ղեկավարները եւ Եւրոպայի ամբողջ դիւանագիտութիւնը։ Գիրքը կ՛աւարտի տեղահանութեան փաստացի մեկնարկով։

«Չորրորդ հատորը՝ «Անապատը» խորագիրով,  նուիրուած  է  հայ  ժողովուրդի  բնաջնջման, Միջագետքի տափաստաններու մէջ: Այս հատուածը կը բովանդակէ նաեւ այն երկու հազար գաղթականներու տեսարանները, որոնք փրկուեցան լեռան վրայ, իսկ այնուհետեւ Անթանթի նաւերով բերուեցան Եգիպտոս՝ տեսարաններ, զորս կը կարծեմ ոգեշնչած են ձեր ծրագրած գիրքին վերնագիրը՝ «Մուսա լեռան քառասուն օրը»։ Վերջին հատորին վերջաբանը կը նկարագրէ Թալէաթ փաշայի սպանութիւնը Պերլինի փողոցներուն մէջ:

«Կ՛ակնկալուի, որ ամբողջ աշխատութիւնը պահպանէ բազմաթիւ անգամ յայտարարուած «Արտաքսում» վերնագիրը:

«Թէեւ ես սկսայ  վէպը  գրել տակաւին 1924 թուականին, բայց անիկա ընդհատուեցաւ բանաստեղծական եւ լրագրական այլ գործերով: 1925էն 1927 նախագիծը հասունցաւ իր ամբողջ ծաւալով, եւ 1930ի սկիզբը ես ստիպուեցայ անգամ մը եւս սկսիլ ամբողջ գործը: 1928ին, «Մոնի» վէպս (երկու տարեկան մանուկի մասին) հրատարակուեցաւ Berliner Tageblattի մէջ: Նոյն օրերուն ես գիրքը առաջարկեցի Վիեննայի «Զսոլնայ» հրատարակչութեան (Մարտ, 1928) եւ յայտարարեցի  պայմանագիրով  իմ պատրաստակամութեանս մասին՝  իմ ծրագրած աշխատանքին՝ հայկական վէպին, իբրեւ ժողովուրդի հրաշալի նկարագրութիւն։  Բայց «Զսոլնայ»ը մերժեց: Այնուհետեւ ես պայմանագիր կնքեցի Deutsche Verlags-Anstaltի հետ՝ Շթութկարթի մէջ (գարուն, 1928)՝ հայկական  տեղահանութեան  վերաբերեալ  իմ բազմահատոր վէպիս համար, եւ այդ ժամանակ զգալի  գումար  ստացայ։

«Տնտեսական մեծ դժուարութիւնները, ընտանիքը կերակրելու ճնշումը եւ միւս գիրքերուս ոչ այնքան գոհացուցիչ  վաճառքը դանդաղեցուցին աշխատանքը: նիւթական պարտաւորութիւններէ մեկնած՝ ես ստիպուած էի կրկին ու կրկին ընդունիլ կատարել լրագրական   մեծածաւալ   աշխատանք,  ինչ  որ  կը  պահանջէր  երկարատեւ ուղեւորութիւններ՝ դէպի այլ երկիրներ։ 1930ին,  Թոմաս  Ման  իմ անունով  դիմեց  Պրուսիոյ  արուեստի կաճառ (բանաստեղծութեան բաժին)՝ յիշելով աշխատութիւնս: Անոր նախաձեռնութեամբ ես Կաճառ ներկայացուցի իմ հայկական մեծ վէպին աւելի մանրամասն ծրագիրը։ Ես թուարկեցի վերոնշեալ անհատական հատորներու տարբեր հատուածները։ Բարեբախտաբար, Կաճառը  զգալի  աջակցութիւն  ցուցաբերեց  ինծի՝  այս  աշխատանքին համար: Սակայն, ցաւօք, այդ բոլոր գումարները բաւարար չէին, որ թոյլ տային ինծի՝  հանգիստ միտքով աշխատիլ այս հսկայածաւալ գործին վրայ»:

 

(Շարունակութիւնը՝ յաջորդ շաբաթ) 

 

 

Յարութ Սասունեան 
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

www.TheCaliforniaCourier.com

 

Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան

Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան