image

Սուրբ կոյս Մարիամ. Գեղմն իմանալի

Սուրբ կոյս Մարիամ. Գեղմն իմանալի

Այսօր գառինքն օրինականքն Յովակիմ եւ Աննա
ետուն մեզ զգեղմն ընդունիչ զցօղն երկնային.

Յորմէ հոսեաց անձրեւն կենաց եւ բղխեաց
աշխարհի աղբիւրն իմաստից.


(Շարական Ծննդեան Ս. Աստուածածնի)


Գոհութիւն եւ փառք Ամենակալին Աստուծոյ, որ այս տարի եւս կ՚արժանանանք տօնելու Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածամօր Վերափոխման տաղաւարը։ Շատ անգամներ ուշադրութենէն կը վրիպի եւ կամ աննկատ կը մնայ, թէ այս տօնակատարութեամբ Սուրբ Կոյսի նկատմամբ ընծայուած առանձնաշնորհում մը կը յայտնաբերուի Հայ Եկեղեցւոյ տօնացուցային կարգադրութեամբ։ Չէ՞ որ կիրակի օրեր սուրբեր չեն յիշատակուիր եւ շաբթուան առաջին օրը՝ Միաշաբաթը յատկացուած է Քրիստոսի Սուրբ Յարութեան խորհուրդին։ Ինչո՞ւ այս առանձնաշնորհումը։ Որովհետեւ Սուրբ Կոյսը, Մայրն է Քրիստոսի, արժանացած՝ Աստուածամայր կոչումին։ Որովհետեւ Իրմէ մարմին առաւ Աստուծոյ Կենդանի Խօսքը եւ յայտնուեցաւ աշխարհի։ Ան, Սուրբերու Թագուհին է։ Ուստի ի զուր չէ որ Առաքելական բոլոր եկեղեցիներ կը մեծարեն Սուրբ Կոյսը, եւ կը դիմեն Իր բարեխօսութեան։

Տաղաւարի տօնակատարութեան հոգեւոր ուրախութեան մէջ կը յիշենք, թէ Եկեղեցւոյ սուրբ հայրապետները, Շարակնոցէն արտաբերուած բառերով «որք զծորանս Հոգւոյն արբին, եւ ընդ ժամանակս ժամանակս երգեցին զեղանակաւոր երգս շարականաց», շատ գեղեցկօրէն բնութագրած են Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածամօր մաքրամաքուր կենցաղը։ Շարականներու մէջ կը գտնենք ներկայացուած զուգորդութիւններ Սուրբ Գիրքէն արտաբերուած օրինակներու հետ, որոնք յիրաւի կը սքանչացնեն շարականի բառերու իմաստին թափանցողները։

ԺԳ. դարու մատենագիրներէն Յակոբ Կլայեցի Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածամօր ծննդեան ընծայուած օրհնութեան շարականին մէջ կ՚ակնարկէ Հին Կտակարանէն առնուած Սուրբ Գրական հատուածներու, որոնք շատ գեղեցիկ կերպով կու գան իրենց խորհրդաւոր իմաստը ցոլացնել Աստուածամօր կեանքի ճշմարտութեանց վրայ։

Հոգելից Հայրապետի գրչէն ծորած շարականի բառերը ակնարկութիւն է Հին Կտակարանի Դատաւորաց Գիրքի դէմքերէն Գեդէոնի կեանքին մէջ իրականացած հրաշքի մը։ Իսրայէլի ժողովուրդը Աստուծոյ նկատմամբ ունեցած էր անհաւատարիմ կեցուածք եւ այս պատճառաւ ալ մատնուած՝ Մադիամացիներու ձեռքը։ Նեղութեան մատնուած ժողովուրդը երբ տեսաւ, թէ այլեւս անտանելի կը դառնար ստեղծուած կեանքի պայմանները, յիշեց Աստուածը, որ զայն ազատագրած էր Եգիպտոսի գերութենէն եւ յորդորած՝ հաւատարիմ մնալ Իրեն ու հեռու կենալ կուռքերու պաշտամունքէն։ Ժողովուրդի աղաչական կեցուածքը իր պատասխանը գտաւ ու Տիրոջ հրեշտակը Գեդէոնի յայտնուելով ողջունեց զայն ըսելով. «Ո՜վ զօրաւոր կտրիճ Տէրը քեզի հետ է»։ Գեդէոն երբ այս ողջոյնին դիմադարձեց տրտնջալով, որ Տիրոջ հանդէպ դժգոհութեան մը արտայայտութիւնը կը բուրէր, Տէրը ուղղակի խօսեցաւ իրեն ու յայտնեց, թէ Ան իր ժողովուրդին ազատարարը պիտի ըլլար։ Գեդէոն տեսաւ, թէ իր մատուցած պատարագը Տիրոջ կողմէ ընդունելութեան արժանացած էր, այդ հրաշքին առթած զօրութեամբը գնաց ու կուռքի սեղանը կործանեց։ Գեդէոն Մադիամացիներու ու անոնց դաշնակիցներուն վերջնական հարուածը տալէ առաջ Տիրոջմէ նշան մը խնդրեց ըսելով. «Եթէ ըսածիդ պէս Իսրայէլը իմ ձեռքովս ազատելու ես, ահա ես կալին մէջ բուրդի գզաթ մը կը դնեմ. եթէ միայն գզաթին վրայ ցօղ իջնէ, իսկ գետինը չոր ըլլայ, այն ատեն պիտի գիտնամ որ ըսածիդ պէս Իսրայէլը իմ ձեռքովս պիտի ազատես»։ Եւ այնպէս եղաւ, վասն զի առաւօտուն կանուխ ելաւ ու գզաթը քամեց։ Գզաթէն ցօղը քամեց, որ կոնք մը լեցուն ջուր եղաւ»։ (Դատաւորաց, 6.36-38)։

Գեդէոնի կեանքին մէջ իրականացած այս վերջին հրաշքն է, որ գեղեցիկ նմանողութեամբ կը զուգորդուի Աստուածամօր կեանքին հետ, որուն մասին գրած է Հայ Եկեղեցւոյ եռամեծ վարդապետը՝ Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացին (Գիրք Քարոզութեան, որ կոչի Ձմեռան հատոր, էջ՝ 18-22)։ Շարականագիրի գործածած «գեղմն» բառը կը նոյնանայ մեր ոսկեղնիկ գրաբար Սուրբ Գիրքի «գզաթ մի ասուի» բառերուն հետ, որ կը նշանակէ «ոչխարի խուզուած բուրդ»։ Աստուած, որ իր հրաշքը ցոյց տուաւ Գեդէոնի բուրդին վրայ ցօղ իջեցնելով, կամեցաւ որ մարդկութեան մեղքի հետ ծանօթացման եւ մահուան անէծքի մատնուելուն աղբիւրը՝ սատանան պարտութեան մատնուի ու մարդիկ փրկութեան ճանապարհէն ընթանան։ Աստուծոյ առաջադրութիւնը իրականացաւ Իր Միածին Որդւոյն յայտնութեամբ։ Այս սրբազան յայտնութեան մէջ Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածածինը եղաւ «գեղմն իմանալի»ն, պարգեւուած՝ Յովակիմ եւ Աննայէն։ Նոյնօրինակ ողջոյնը ստացաւ Սուրբ Կոյսը Գաբրիէլ Հրեշտակէն. «Ուրախացիր շնորհընկալդ, Տէրը քեզի հետ է» (Ղուկաս, 1.28)։ Այս ողջոյնին յաջորդեց աւետիսը թէ «Աստուծմէ շնորհք գտած էր, ու պիտի յղանար եւ որդի մը պիտի ծնէր, որ Յիսուս պիտի կոչուէր։ Ան մեծ պիտի ըլլար եւ Բարձրեալի Որդի պիտի կոչուէր։…» (Ղուկաս, 1.30-32)։ Գաբրիէլ հրեշտակի աւետիսը կեանքի վերածուեցաւ երբ «Աստուծոյ Սուրբ Հոգին եկաւ Սուրբ Կոյս Մարիամի վրան եւ Բարձրեալի զօրութիւնը հովանի եղաւ Իրեն» (Ղուկաս, 1.35)։

Քրիստոսի յայտնութեան խորհուրդին նկատմամբ մեր ունեցած անխառն ու անխախտ հաւատքով կ՚ըմբռնենք Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածամօր յղութեան ճշմարտութեան մէջ ներկայացած «իմանալի գեղման» օրինակը։ «Իմանալի գեղման» վրայ իջած «երկնային ցօղով»՝ Սուրբ Հոգիով մարմին առաւ Աստուծոյ Խօսքը, դառնալու համար Օրհնաբեր Ջուր, որ ոռոգեց ցամքած հոգիները։ Յիսուս Քրիստոս, չորցած, Աստուծոյ օրհնութենէն զրկուած մարդոց կեանքին համար եղաւ «Ջուր Կենդանի»։ Անոնք որոնք «Կենդանի Ջուրը» ըմպելով հաւատացին Իրեն, զգացին, թէ իրենց հոգեւոր ծարաւը յագեցած էր, մխիթարուած էին, նաեւ ձերբազատուած՝ իրենց կեանքի անտանելի ծանրաբեռնութենէն։ Այս հոգեւոր ուրախութիւնը եղած էր վարակիչ այլոց, որոնք ականատես եղած էին թէ «Կենդանի Ջուր»էն ըմպողներու կեանքերէն «կենդանի ջուրերու գետեր կը բխէին» (Յովհաննէս, 7.37-39)։

Երբ կը հաւատանք, թէ Աստուած Իր մշակած ծրագրով դուռ բացաւ որ աշխարհ վե-րըստին օրհնուի Իր իսկ Խօսքով, այդ ծրագրին մէջ Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածամօր դերը անուրանալի է։ Երբ կը տօնախմբենք Իր վերափոխումը, կ՚անդրադառնանք, թէ Ան առ Աստուած ունեցած խոր հաւատքով յաղթահարած էր տատամսումի եւ երկչոտութեան զգացումը, որ վերածուած էր քաջութեան, խոնարհութեամբ ընկալելու Աստուծոյ կամքը։ Այս քաջութեան օրինակին ընդմէջէն Սուրբ Գիրքի բառերով կը հրաւիրուինք պատիւ ընծայելու Աստուծոյ, ականջ տալու եւ լսելու Իր Խօսքը։ Աստուծոյ ողորմութիւնը կը յայտնուի օրինակով մը, որով կը ծանուցուի թէ «Տիրոջ խրատները պիտի կաթին անձրեւի պէս, Իր Խօսքը ցօղի պէս պիտի իջնէ. անձրեւի պէս կանանչեղէնի վրայ, ու առատ անձրեւներու պէս խոտի վրայ» (Բ. Օրինաց, 32.1-4)։

Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածամայրը բոլորիս կը յիշեցնէ Աստուծոյ Խօսքով զօրանալու կարեւորութիւնը։ Պօղոս առաքեալ կ՚ընդգծէ ըսելով. «Ով որ Տիրոջ անունը կը կանչէ՝ պիտի ապրի»։ Սակայն եւ այնպէս «Տիրոջ անունը կանչելու համար պէտք է հաւատալ. հաւատալու համար՝ պէտք է լսել. լսելու համար պէտք է քարոզուած ըլլայ. քարոզելու համար ղրկուածներ պէտք են» (Հռովմայեցիս, 10.13-15)։ Սուրբ Կոյսը լսեց իրեն ղրկուածին պատգամը, հաղորդ դարձաւ Աստուծոյ Խօսքին, եւ հաւատաց բոլորով սրտիւ։ Ի զուր չէր որ Եղիսաբէթ ըսաւ. «Երանի անոր, որ կը հաւատայ թէ Տիրոջ կողմէ իրեն ըսուածները պիտի կատարուին» (Ղուկաս, 1.45)։ Այս առումով Սուրբ Կոյսի կեանքը մեզի կը ներկայանայ որպէս ապրող քարոզ։

Մեր ոչ-քրիստոնեայ հարեւանները Աստուածամօր Վերափոխման տաղաւարը կը կոչեն «Խաղողի տօն»։ Իսկ քրիստոնեաներուս համար Աստուածսիրութեամբ օծուն մաքրամաքուր Իր կենցաղին փոխարէն Աստուածամօր արժանացած պատիւին՝ երկինք փոխադրուելու տօնն է, որ գերիվեր է «Խաղողի տօն»ի հասկացողութենէն։

Սուրբ Կոյս Աստուածածնի Վերափոխման այս տաղաւարին յիշենք, թէ երբ մեր կեանքը աշխարհիկ հովերուն բերմամբ չորնայ, ունինք զայն ոռոգելու միջոցը, որ է դիմել Աստուծոյ։ Դիմել՝ հաւատքով, վստահութեամբ որ Իր օրհնաբեր զօրութիւնը ի գործ պիտի դնէ, մեր կեանքերէն ներս հրաշքներ գործելու պատրաստակամութեամբ։ Եւ այս բոլորին համար մենք ունինք Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածամայրը, որպէս բարեխօս։

Երբ կ՚ապրինք տօնական ուրախութիւնը, շարունակենք մեր սրտաբուխ խնդրանքը ներկայացնել Սուրբ Կոյսին «Ժամագիրք»ի բառերով. «Աղաչեա վասն մեր զառ ի քէն զմարմնացեալն Աստուած. Ներել մեզ անտես առնել զյանցանս մեր. եւ տալ օգնականութիւն ընդդիմակաց լինիլ հակառակամարտիցն ի պատերազմի. Աղաչեմք»։

Սուրբ Կոյս Աստուածամօր եւ բոլոր սուրբերուն բարեխօսութիւնը եղիցի ընդ մեզ այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից. Ամէն։

 

Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան

«Ժամանակ»/Պոլիս