image
Հրատապ լուրեր:

Աստուածամայր տիպար մայրութեան

Աստուածամայր   տիպար   մայրութեան

Մայրութիւնը բարձրագոյն դիրքն է մարդկային բնութեան, գագաթնակէտը՝ ամենաբարձր աստիճանը մարդկութեան, լրումը եւ կատարումը արարչութեամբ եւ ստեղծագործութեան ծրագրով՝ մարդուն կոչումին։ Մայրութիւնը ապացոյցն է մարդուն աստուածանմանութեան, Աստուծոյ ծրագրին գործակցութեան եւ ստացած կարեւոր պարտականութեան, իրաւասութեան եւ պատասխանատուութեան, «Ծրագիր»ին իրականացման նկատմամբ ստանձնած կենսական դերին։ Այս իմաստով, մայրը կը ներկայացնէ եւ կը տեւականացնէ Աստուծոյ «մարդը ստեղծել»ու գործը, շարունակականութիւն ապահովելով մարդկային ցեղին, ծնունդ տալով սերունդներու։

 

Արդարեւ, Աստուած մարդը ստեղծեց, անիկա «այր-մարդ» եւ «կին-մարդ» բաժնելով, յաջորդ սերունդներու արարչութեան գործը յանձնեց եւ վստահեցաւ «կին-մարդ»ուն եւ նաեւ անոր փոխանցելով մարդը խնամելու, հոգալու, հասցնելու պարտականութիւնը ըստ Իր Նախախնամութեան։ Աստուած Արարիչ է եւ Նախախնամ, մա՛յրն ալ կը ծնի եւ կը խնամէ իր ծնած «մարդ»ը, եւ կերպով մը գործակիցը կամ գործակատարը կը հանդիսանայ Արարիչին եւ Նախախնամին՝ Աստուծո՛յ…։

 

Մայրութեան այս հանգամանքը արդէն ցոյց կու տայ անոր գերազանց եւ գերակշիռ, եզական արժանիքը։

 

Եւ Աստուածամայրը՝ Կոյս Մարիամը իսկական եւ անզուգական տիպա՛րն է մայրութեան։

 

Արդարեւ, Յիսուս՝ Կոյս Մարիամի միածին Որդին է։

 

Աստուածամօր «հոգեւոր մայրութիւն»ը կը տարածուի ամբողջ մարդկութեան՝ բոլոր մարդոց, որոնց փրկութեան համար Յիսուս մարմնացաւ, մարդացաւ, եկաւ։ Առաքեալը կը վկայէ այս ճշմարտութեան. Կոյս Մարիամ ծնաւ իր Որդին, զոր Աստուած ըրաւ «անդրանիկը բազմաթիւ եղբայրներու մէջ» (ՀՌՈՄ. Ը 29), ինչ որ կը նշանակէ՝ հաւատացեալներուն մէջ՝ որոնց ծննդեան, հոգածութեան, խնամութեան եւ դաստիարակութեան ի նպաստ՝ Մարիամ իր մայրական սիրոյն գործակցութիւնը կը բերէ։

 

Արդարեւ, Մարիամի Աւետումը բացումը կը կատարէ «ժամանակներու լրումին» (ԳԱՂ. Դ 4), այսինքն խոստումներուն եւ նախապատրաստութիւններուն կատարումին։ Մարիամ կոչուած է յղանալու զԱյն՝ Որուն մէջ պիտի բնակի «մարմնապէս լրումը աստուածութեան» (ԿՈՂ. Բ 9)։ Մարիամի հարցումին թէ «Ի՞նչպէս պիտի ըլլայ ինծի ասիկա, քանի որ ես մարդ չեմ ճանչնար» (ՂՈՒԿ. Ա 34), աստուածային պատասխանը տրուեցաւ Հոգիին զօրութեամբ. «Հոգին Սուրբ պիտի գայ քու վրադ» (ՂՈՒԿ. Ա 35)։

 

Սուրբ Հոգիին առաքելութիւնը միշտ յարակից է եւ դասաւորուած՝ Որդիին առաքելութեան հետ. (ՅՈՎՀ. ԺԶ 14-15)։ Սուրբ Հոգին, որ «Կեանք տուող Տէրն է» առաքուած է սրբացնելու համար արգանդը Կոյս Մարիամին եւ զայն բեղմնաւորելու աստուածապէս, այնպէս ընելով որ Մարիամ յղանայ Հօր յաւիտենական Որդին՝ իրմէ առնուած մարդկայնութեամբ մը։ Ուստի Աւետարաններուն մէջ «Յիսուսի Մայր» կոչուած Մարիամը (ՅՈՎՀ. Բ 1, ԺԹ 25) անոր Որդիին ծնունդէն իսկ առաջ՝ մղումով Սուրբ Հոգիին ողջունուած էր «Մայրն իմ Տիրոջ» (ՂՈՒԿ. Ա 43)։ Արդարեւ, Ան որ Մարիամ  Սուրբ Հոգիով իբր «մարդ» յղացաւ ըստ մարմինին եւ ճշմարտապէս իր Որդին դարձաւ, ուրիշ մէկը չէ՛ եթէ ոչ՝ Հօր յաւիտենական Որդին, Ամենասուրբ Երրորդութեան երկրորդ Անձը։ Եւ Մարիամ ճշմարտապէս «Աստուածածին» է՝ «Աստուածամայր»։

 

Անարատ Կոյսը՝ զոր Աստուած զերծ պահած էր սկզբնական մեղքին ամէն արատէն, իր երկրաւոր կեանքին ընթացքը աւարտելէ ետք, մարմինով ե՛ւ հոգիով վերափոխուեցաւ երկինքի փառքին մէջ եւ Տիրոջմէ պանծացուեցաւ իբրեւ Աստուածածին եւ Մայր համայն մարդկութեան եւ Տիրուհի տիեզերքի, որպէսզի այսպէս աւելի՛ նմանի իր Որդիին, որ Տէրն է տէրերուն եւ յաղթողը՝ մեղքին եւ մահուան։

 

Սուրբ Կոյս Մարիամի վերափոխումը եզակի եւ աննախընթաց «մասնակցութիւն» մըն է իր միածին Որդիին Յարութեան եւ կանխակատարումը եւ նախապատրաստութիւնը միւս քրիստոնեաներուն յարութեան։

 

Աստուածածինը իր որդեծնութեամբ պահպանեց իր կուսութիւնը, իր ննջումով՝ չլքեց աշխարհը, այլ վերամիացաւ Կեանքի աղբիւրին։

 

Աստուածամայրը հաւատքի, սիրոյ եւ մայրութեան տիպա՛րը կը հանդիսանայ Հօր կամքին, իր միածին Որդիին փրկչական գործին, Սուրբ Հոգիին ամէն դրդումին իր ամբողջական փարումով։ Աստուածածին Մարիամ իր այս հանգամանքով՝ վսեմագոյն եւ ամենաբացառիկ անդամն է Եկեղեցւոյ եւ ան կը հանդիսանայ իսկական «տիպա՛ր» մը, որուն պիտի հետեւին բոլոր մայրերը…։

 

Եւ իւրաքանչիւր մայր որ կը հետեւի այս եզական «Տիպար»ին, ինք եւս տիպար կը հանդիսանայ յաջորդ սերունդի մայրերուն եւ կ՚արժանանայ երկինքի փառքին։

 

Աստուածամօր այս «տիպար» ըլլալու հանգամանքը, եւ մարդոց հանդէպ մայրական դերը երբեք չի նսեմացներ եւ ո՛չ ալ կը նուազեցնէ Քրիստոսի՝ իր միածին Որդւոյն միակ միջնորդութիւնը, այլ ընդհակառակը՝ կը բացայայտէ Անոր անսահման զօրութիւնը։ Որովհետեւ Աստուածամօր կողմէ փրկչագործ ամէն ազդեցութիւն կը բխի Քրիստոսի արժանիքներուն յորդառատութենէն, կը յենու Անոր միջնորդութեան վրայ, Անկէ կախում ունի ամէն բանի մէջ եւ Անկէ կ՚առնէ իր ամբողջ զօրութիւնը։ Արդարեւ, ո՛չ մէկ արարած կարելի է դնել անոր հետ նոյն չափաստիճանին վրայ։ Ան, սկսեալ Աւետումին օրը հաւատքով եւ հաւատարմութեամբ տուած հաւանութենէն, զոր անխախտ պահպանեց ամբողջ կեանքի ընթացքին եւ մանաւա՛նդ Խաչին ոտքին, այս «Մայրութիւն»ը շնորհքի տնտեսութեան մէջ անընդհատ կը գոյատեւէ մինչեւ վերջնական աւարտումը բոլոր ընտրեալներուն։ Արդարեւ, Աստուածամօր փրկչագործ դերը՝ բարեխօսութիւնը չ՚ընդհատուիր իր երկինք Վերափոխուելովը, ան իր մշտանորոգ բարեխօսութեամբ՝ կը շարունակէ մեզի համար ընդունիլ մեր յաւիտենական փրկութիւնը ապահովող պարգեւները։ Ան բարեխօս է եւ օգնական, սատար, միջնորդ՝ որպէս Տիպար Մա՛յր։

 

Երանի՜ այն կնոջ եւ մօր, կամ կնոջ եւ մօր այդ «անբիծ» եւ «անարատ» Տիպարին՝ որ երբեք առանձին չի թողուր իր որդիները եւ մանաւանդ իր տիպարին հաւատարմութեամբ հետեւող մայրերը։ Եւ երանի՜ այն կիներուն եւ մայրերուն՝ որ կը հետեւին այս անարատ մայրութեան անշեղ Տիպարին։

 

Արդարեւ, Աստուածամօր տիպարով, կին-մարդը հաւասար է այր-մարդուն, քանի որ «այր» եւ «կին» միասին կը կազմեն «Մա՛րդ»ը։ Եւ եթէ այր-մարդը «տէր» կը կոչուի ընտանիքի միութեան, կին-մարդն ալ «տիրուհի»ն է համայն մարդկութեան։

 

Բնահոգեխօսական այն բոլոր պայմանները եւ երեւոյթները՝ որոնց ընթացքին դերակատարը կը դառնայ կին-մարդու կեանքը որդեծնական, մանկատածական եւ մինչեւ իսկ տնարարական անհրաժեշտութիւններու եւ պատասխանատուութիւններու հետեւանքով, կը զատորոշեն կին-մարդը այր-մարդէն՝ որ զերծ է ե՛ւ այդ պայմաններէն ե՛ւ այդ երեւոյթներէն։ Արդարեւ, իգական սեռին մէջ գերակշիռ կը յայտնուի անհաշիւ եւ անպայման «նուիրումի բնազդ»ը։ Այր-մարդը ընդհանրապէս իր առնական յատկութիւններով, ֆիզիքական կառուցուածքով եւ խառնուածքով գերադաս դասուած է կին-մարդուն նկատմամբ, ինչպէս կը վկայէ ամբողջ մարդկային պատմութիւնը։

 

Բայց Աստուածամայրը՝ Կոյս Մարիամը իր տիպարով յեղաշրջեց այս կարծիքը, եւ կին-մարդուն յանձնեց իր արժանիքը, հաւասարութիւնը վերհաստատելով այր-մարդուն եւ կին-մարդուն արժանիքները եւ կարողութիւնները։ Ներդաշնակեց անոնց իրաւասութիւնները՝ նկատի առնելով «մա՛րդ» եզրը։

 

Այս իսկ պատճառով ան կոչուեցաւ նաեւ «Տիրուհի», երբ այր-մարդը կը կոչուէր «Տէր»։

 

Այր-մարդը կրնայ ունենալ շատ մը առաւելութիւններ, կարողութիւններ, բայց որդեծնութեան սրբազան պաշտօնը կը վերաբերի միա՛յն կի՛ն-մարդուն…։

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

 «ԺԱՄԱՆԱԿ»/Պոլիս

Յուլիս 28, 2019, Իսթանպուլ