image
Հրատապ լուրեր:

Սուտը եւ ստախօսութիւնը

Սուտը եւ ստախօսութիւնը

Երբ կա՛յ ճշմարիտը, մարդիկ ինչո՞ւ կը նախընտրեն սուտը եւ երբ կա՛յ ճշմարտախօսութիւնը, ինչո՞ւ ստախօսութիւնը այսքան սովորական է դարձած։

 

Անկեղծօրէն խոստովանինք որ երբեմն ո՛րքան դժուար է ճշմարտութիւնը դաւանիլ, յայտարարել եւ խոստովանիլ, երբ կը գտնուի բիւրաւոր սուտեր, որոնք խօսիլ շատ աւելի դիւրին եւ հրապուրի՛չ է։

 

Մարդկային տակարութիւններէն մէկը եւ գլխաւորն է դժուարէն փախչիլ, խուսափիլ եւ նախընտրել դիւրինը։ «Մտէք նեղ դռնէն, քանի կորուստի տանող դուռը լայն է եւ ճամբան՝ ընդարձած, եւ շատեր կը մտնեն անկէ։ Մինչ դէպի կեանք տանող դուռը նեղ է եւ ճամբան դժուարին, եւ քիչեր միայն կը գտնեն զայն», կ՚ըսէ Յիսուս (ՄԱՏԹ. Է 13-14)։ Մարդիկ կը նախընտրեն ընդհանրապէս սուտը, քանի որ շատ դիւրին է զայն գտնել եւ գործածել, քանի որ ան բազմաթիւ ձեւեր եւ տեսակներ ունի, մինչդեռ ճշմարիտը մէ՛կ է եւ զայն գտնել ջանք կը պահանջէ եւ այդ պատճառով դժուա՛ր է զայն գտնել եւ գործածել։ Եւ մարդիկ փոխանակ ճշմարտութեան՝ սուտը կը նախընտրեն։ Բայց մարդ պէտք է գիտնայ որ մի՛շտ հազուագիւտը թանկագին է…։

 

Արդարեւ, ըստ Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոսի «սուտը կը կայանայ սխալ բան մը ըսելու մէջ, խաբելու դիտաւորութեամբ»։ Տէրը սուտին մէջ կը մատնանշէ «սատանայական» գործ մը երբ կ՚ըսէ. «Դուք ձեր հօրմէն՝ սատանայէն էք, անոր մէջ ճըմարտութիւն չկայ, ան երբ սուտ խօսի, իր խորքէն կը խօսի, քանի որ ստախօս է եւ հայր ստախօսութեան» (ՅՈՎՀ. Ը 44)։ Այս իմաստով սուտը ճշմարտութեան դէմ ամենէն ուղղակի՛ թշնամանք է։ Ստելը՝ ճշմարտութեան դէմ խօսիլ կամ գործել է, մարդս սխալի տանելու՝ սխալ ճամբու առաջնորդելու չար նպատակով։ Ճշմարտութեան եւ մերձաւորին հետ մարդուն յարաբերութիւնը  վիրաւորելով՝ սուտը մարդուն եւ անոր խօսքին Տիրոջ հետ ունեցած հիմնաւոր յարաբերութեան դէմ կը մեղանչէ։ Եւ ստախօսութեամբ կը սկսի ամէն չարիք, քանի որ սուտը մա՛յրն է ամէն չարիքի։ Սուտին ծանրութիւնը կը կշռուի անոր աղաւաղած ճշմարտութեան բնոյթին համեմատ, զայն խօսողին պարագաներուն եւ դիտաւորութիւններուն համեմատ, անոր զոհերուն կրած վնասներուն համեմատ։ Եթէ իսկ սուտը, յինքեան «ներելի մեղք» մըն է, ան կը դառնայ սակայն մահացո՛ւ, երբ ծանրօրէն կը վիրաւորէ արդարութեան, հաւատարմութեան եւ մարդասիրութեան առաքինութիւնները եւ պատճառ կ՚ըլլայ ուրիշ մեղքերու։

 

Իր բնութեամբ իսկ սուտը դատապարտելի՛ է։

 

Սուտը սրբապղծութիւն մըն է խօսքին, որ եղած է ճանչցուած ճշմարտութիւնը ուրիշներուն հաղորդելու։

 

Ճշմարտութեան հակառակ խօսքերով մերձաւորը սխալին առաջնորդելու, տանելու դիտումնաւոր առաջադրանքը, կը գոյացնէ թերացում մը արդարութեան եւ մարդասիրութեան դէմ։

 

Յանցաւորութիւնը աւելի ծանր է, երբ խաբելու դիտաւորութիւնը կրնայ աղէտալի հետեւանքներ ունենալ անոնց համար, որոնք շեղեցուած են ճշմարիտէն։

 

Սուտը, որովհետեւ բռնաբանում մըն է ճշմարտախօսութեան առաքինութեան, ուրիշին վրայ գործուած իսկական «բռնութիւն» մըն է։ Սուտը եւ ստախօսութիւնը մարդը կը խոցէ ճանաչումի իր կարողութեան մէջ՝ որ նախապայմա՛նն է ամէն դատումի եւ որոշումի։ Ան իր սերմին մէջ կը բովանդակէ մտքերուն պառակտումը եւ անոր յարուցած բոլոր չարիքները։ Սուտը եւ ստախօսութիւնը աղէտալի է ամբողջ ընկերութեան համար։

 

Սուտը կը քանդէ վստահութիւնը մարդոց միջեւ եւ կը պատռէ ընկերային փոխյարաբերութիւններուն հիւսուածքը։ Վստահութիւնը մարդիկ իրարու կապող զօրաւոր կապ մըն է, որուն պակասը ծնունդ կու տայ անհամաձայնութիւններու։

 

Ուստի, արդարութեան եւ ճշմարտութեան դէմ գործուած ամէն յանցանք հատուցումի պարտաւորութիւն կը պարտադրէ՝ նոյնիսկ եթէ անոր հեղինակը ներուած ըլլայ։ Երբ անկարելի է հրապարակաւ հատուցանել վնասը, հարկ է ընել զայն գաղտնօրէն։

 

Իսկ եթէ կարելի չէ վնաս կրողին ուղղակի՛ հատուցում կատարել, պէտք է անոր բարոյական գոհացում տալ, յանուն մարդասիրութեան։

 

Հատուցումի այս նոյն պարտաւորութիւնը կը հայի նաեւ այն յանցանքներուն, որոնք գործուած են ուրիշին վարկին դէմ։ Այս նիւթական եւ երբեմն ալ բարոյական հատուցումը հարկ է գնահատուի գործուած վնասին համեմատ։ Ան կը պարտաւորէ ի խղճէ։ Արդարեւ, կան սուտեր, որոնք մինչեւ իսկ կը քանդեն տուներ, ցիրուցան կ՚ընեն ընտանիքներ, թշնամութեան կը վերածեն բարեկամութիւններ, եւ դժբախտաբար մարդիկ կը շարունակեն սուտի վրայ հիմնել ընդհանրապէս իրենց փոխյարաբերութիւնները…։

 

Մաշտոց Քահանայ Գալփաքճեան

«Ժամանակ»/Պոլիս