image
Հրատապ լուրեր:

Չարենցի «Դէպի Արեւելք»ը

Չարենցի «Դէպի Արեւելք»ը

Հայ մեծ գրող Չարենց Արեւելքի հանդէպ անսահման սէր ունէր: Կարսի մէջ ծնած ըլլալով իր հայրենիքը կը նկատէր իր ծնողաց ծննդավայրը՝ Իրանի Մակու քաղաքը, որ նկարագրուած է իր քերթուածներուն մէջ: Ան Արեւելքը դարձուցած էր իր հոգեւոր հայրենիքը եւ բանաստեղծութիւններուն մէջ յաճախ յիշատակած է Արեւելքը իբրեւ ծննդավայրը, գրելով՝ Իրանի արեւն է հոգուս մէջ, իսկ աւելի ուշ գովերգած է Իրանի Շիրազ քաղաքին վարդերը: Ահա, թէ ինչո՞ւ շատեր երբեմն շփոթութեան մէջ կ՚իյնան եւ կը կարծեն, թէ Չարենց Իրանի Մակու քաղաքէն է:

Չարենցի սէրը պաշտամունքի հասած է Արեւելքին, արեւելեան քերթողութեան եւ արուեստին հանդէպ. ան գրականութենէն զատ նաեւ կենցաղին մէջ տուրք տուած է Արեւելքին եւ ջանացած է երբեմն նաեւ արեւելեան կենցաղով ապրիլ: Ահա, թէ ինչո՞ւ պատահական չէ, որ Երեւանի բանաստեղծին տուն-թանգարանէն ներս պահուող կենցաղային իրերուն մեծ մասը հնդկական, ճաբոնական, չինական, պարսկական եւ այլ արեւելեան երկիրներու արտադրութիւն են: Չարենց կը հաւաքէր մանաւանդ ճաշակաւոր եւ արժէքաւոր իրեր՝ սկիհներ, գաւաթներ, ծխամորճ, սկուտեղներ, ճաշի եւ թէյի ամբողջական հաւաքածոներ, որոնք ան գնած է Մոսկուայի, Սեն Փեթերսպուրկի, Թիֆլիզի, Երեւանի խանութներէն: Իր բարեկամները ծանօթ էին արեւելեան իրերուն հանդէպ անոր սիրոյն եւ իրեն կը նուիրէին Արեւելքէն բերուած իրեր, յուշանուէրներ: Չարենց նոյնպէս կը սիրէր անոնցմէ նուիրել: Բանաստեղծը ջանացած է ինքզինքը շրջապատել գեղեցիկ իրերով։ Այդ իրերուն մեծ մասը խնամքով կը պահուին եւ կը ցուցադրուին Չարենցի տուն-թանգարանին մէջ, մաս մըն ալ անոր ժառանգներուն քովն են:

«Չարենցի կենցաղը» խորագրով ցուցահանդէսը, որ բացուած է բանաստեղծի տուն-թանգարանին մէջ, Չարենցի արեւելեան սիրոյ վառ դրսեւորումն է եւ բացի ծանօթ իրերէն, կան նաեւ բանաստեղծին դստեր՝ Անահիտ Չարենցի հաւաքածոյին մէջ պահուող իրեր, որոնք առաջին անգամ հանրութեան կը ցուցադրուի։ «Չարենցի կենցաղը» խորագրով ցուցահանդէսին ներկայացուած են պարսկական ծխամորճ, չինական ծխախոտատուփ, ճաբոնական գաւաթներ, կաթնաման եւ սկուտեղ, ձեռակերտ սպասք, նախշազարդ իրեր, հնդկական ճատրակ, թէյի ինքնաեռ, չինական պահարան, չինական պաստառ մը չինական հէքեաթի պատկերներով, Պուտտայի արձանիկներ, գլուխներ, Չարենցի չինական թասերը, որոնց մէջ գրութիւններ կան՝ «Սէր», «Խաղաղութիւն»... Ցուցադրուած է նաեւ Չարենցի արեւելեան նշանաւոր թասակ-գլխարկը, որով ան սիրած է լուսանկարուիլ, այդ լուսանկարները նոյնպէս պահպանուած են: Չարենց կը սիրէր ընկերներուն հետ փոքր, արեւելեան գաւաթներով քոնեակ խմել. անոնք նոյնպէս ցուցադրուած են:

Ցուցադրութեան մաս կը կազմէ պարսկական գորգ մը, որ բաւական թանկարժէք եղած է Չարենցի համար, քանի որ իր հօրմէն մնացած ժառանգութիւն էր: Չարենցին հայրը՝ Աբգար Սողոմոնեանը, գորգավաճառ էր եւ գորգերու փոքրիկ խանութ մը ունէր:

Չարենցի անձնական հաւաքածոյին մէջ կան նաեւ ճաբոնական ինն հին փորագրանկարներ, որոնք նոյնիսկ թանգարան այցելող ճաբոնցիները կը զարմացնեն իրենց բացառիկութեամբ:

Իւրաքանչիւր իր ալ բացառիկ է եւ ունի բացառիկ պատմութիւն. չարենցեան այս մասունքները իրենց մէջ կը կրեն բանաստեղծին ոգին եւ կը վկայեն անոր ինքնատիպ կեանքին մասին:

Գրականագէտ Ռուբէն Զարեանի յուշերուն մէջ դրուագ մը կայ: Օր մը Չարենց խնդրած է նկարիչ Ալ. Պաժպէուք Մելիքեանէն՝ նկարել զինքը հնդկական ձեւով` ծալապատիկ նստած: Ռուբէն Զարեան կը վկայէ, որ կեանքի վերջին տարիներուն Չարենց շատ կը կարդար Հնդկաստանի մասին, կ՚ուսումնասիրէր պուտիզմը, եոկայի՝ հնդկական խստակեաց փիլիսոփայութեան ուսմունքը, կը խօսէր հնդիկ քաղաքական ու հոգեւոր առաջնորդ Կանտիի մասին, յաճախ կը նայէր Պուտտայի արձանին ու ինքնամոռաց կը խօսէր անոր հետ, ինչպէս կը նկարագրէ Ռուբէն Զարեան՝ կարծես միտքով կը տեղափոխուէր հնդիկներու սուրբ գետի՝ Քանքէսի ափերը: Երբ Ռուբէն Զարեան նորէն կ՚այցելէ Չարենցին, կը տեսնէ, որ Պաժպէուք Մելիքեանի նկարածը պատրաստ է եւ կախուած Չարենցի տան պատէն, վրան ալ գրուած՝ Մահաթմա Չարենց: Իսկ Չարենցը նկարին վերը գրած է.

«Ինձ. Դու դեռ անփորձ ես, ոգով, դեռ թոյլ ես, Չարե՛նց.-

Վարժի՛ր ոգիդ, եղի՛ր մոգ, եոկ ու արեգ,

Ինչպէս Կա՛նտին Մահաթմա՝ հնդիկն հանճարեղ…»:

Չարենցի ունեցած արեւելեան իրերէն մէկուն պատմութիւնն ալ կը պատմէ Աւետիք Իսահակեանի թոռը՝ Աւիկ Իսահակեանը: Այդ պատմութիւնը կապուած է հայ քերթողութեան ուրիշ մեծութեան մը՝ Աւետիք Իսահակեանին հետ.

Իսահակեան նոյնպէս ծանօթ էր Արեւելքի քերթողական արուեստին, կենցաղին հանդէպ իր սիրով եւ կապուածութեամբ: «19-րդ դարու Լաօ Ցզիի չինական արձանիկը Չարենց նուիրած է Աւետիք Իսահակեանին: Արձանիկին տակ գրուած է. «Սիրելի Աւետիքին: Չարենց, 24-ը Յունիսի, 37 թիւ: 37 թ-ի 24 Յունիսի օրը Չարենցը զանգ կու տայ մեր տուն, կ՚ըսէ՝ Աւետի՛ք, Պելլան (որ մայրս է), ղրկէ, քանի մը բան կ՚ուզեմ քեզի յիշատակ ձգել: Եւ երբ որ մայրս կ՚երթայ, կ՚ըսէ, որ այդ օրը Չարենցին տրամադրութիւնը բաւական վատ էր: Կ՚ըսէ՝ Պելլա ճան, կ՚ուզեմ Աւետիքին քանի մը բան ղրկել եւ կու տայ արձանիկը: Կարծես թէ սիրտը կը վկայէր, որ այլեւս պիտի չհանդիպին»:

Չինացի նշանաւոր իմաստասէր Լաօ Ցզիի օճառաքարէ արձանիկը այսօր կը պահուի Աւետիք Իսահակեանի տուն-թանգարանին մէջ, իսկ Իսահակեանի հարսին՝ Պելլային հետ տեսակցութենէն մէկ ամիս ետք Չարենցը կը ձերբակալեն, նոյեմբերեան ցուրտ գիշեր մըն ալ կը հասնի անոր մահուան բօթը: Լաօ Ցզիին նկատմամբ Չարենցի համակրանքին ապացոյցներէն մէկն ալ այն էր, որ իր վերջին գիրքին խորագիրը՝ «Գիրք ճանապարհի»ն փոխ առած էր չինացի փիլիսոփայէն:

Ոչ միայն Չարենցն ու Իսահակեանը, այլ Թումանեանը նոյնպէս տարուած էր արեւելեան բանաստեղծութեամբ: Այս երեք բանաստեղծները իւրայատուկ սէր ունեցած են Ֆիրտուսիի, Օմար Խայեամի եւ այլ արեւելցի գրողներու հանդէպ:

Իր բանաստեղծութիւններուն մէջ Չարենց գովերգած է նաեւ արեւելեան մեղեդիներու վարպետ աշուղ Սայաթ-Նովան. «Երազ տեսայ, Սայաթ Նովէն մօտս եկաւ սազը ձեռին…»: Չարենց սէր տածած է արեւելեան նուագարաններուն հանդէպ, ունեցած է ծանօթ զուռնաճիներ, որոնք բանաստեղծին ցանկութեամբ եւ պատուէրով իրեն համար կը նուագէին:

Պատահական չէ, որ հայ մեծ նկարիչ Մարտիրոս Սարեան Եղիշէ Չարենցի դիմանկարը վրձնած է եգիպտական դիմակներուն հետ: 1923 թուականին ստեղծուած ծանօթ այդ դիմանկարը կը գտնուի «Եղիշէ Չարենց» գրականութեան եւ արուեստի թանգարանին մէջ, իսկ Սարեանի նկարին նմանօրինակը, Չարենցի թանգարանին համար, արտանկարած է ուրիշ նշանաւոր նկարիչ մը՝ Հենրիկ Սիրաւեանը: 1924 թուականին եգիպտական դիմակով այս կտաւը ցուցադրուած է Վենետիկի 14-րդ միջազգային ցուցահանդէսին: Սարեան այս գործը ստեղծած է անոր մէջ խոր բովանդակութիւն դնելով: Նկարիչը նկարին մէջ խորհրդաւոր դիմակը կը մեկնաբանէր իբրեւ «հմայիլ, ճակատագրի, յաւերժանալու մարդկային ձգտումի խորհրդանիշ»: Նկարի պաստառին ետին մասը գտնուող երկնագոյն գլխաշորին վրայ պատկերած է եգիպտական դիմակներէն մէկը: Սարեան այս դիմակներով ուրիշ նկարներ ալ ունի:

Մարտիրոս Սարեանի արխիւին մէջ գտնուած է այն մետաքսէ ծաղկազարդ գլխաշորը, որուն յետնամասին վրայ կատարուած է Չարենցի դիմանկարը: 1932 թուականի երկերուն հրատարակութեան ժամանակ Եղիշէ Չարենց այդ իր նկարը գործածեց իբրեւ իր «Երկեր»ու նկար:

Եղիշէ Չարենց կեանքին որոշ մէկ շրջանը տարուած էր պուտտայականութեամբ: Ան յոյժ հետաքրքրուած է, ուսումնասիրած հնագոյն այդ կրօնքը եւ իր տունին մէջ ունեցած է Պուտտայի՝ զանազան չափերու արձանիկներ: Անոնցմէ մէկը Պուտտայի գլուխն է, որ Չարենց գնած է Թիֆլիզէն: Քանդակը փայտէ պատուանդանի մը վրայ է՝ կիսափակ աչքերով, շրթունքին հեգնական ժպիտ մը, ականջները՝ երկար-ակօսաւոր բլթակներով, յօնքերուն միջեւը խոշոր խալով եւ գանգուր, գագաթին գմբեթարդ ելուստէ սանտրուածքով: Այս քանդակը միշտ եղած է Չարենցի աշխատասենեակին մէջ, գրասեղանին ետեւին գտնուող պատուանդանին վրայ:

Այս ցուցահանդէսէն օրեր առաջ տպագրուած է նաեւ Արեւելքի հանդէպ Չարենցի սիրոյ մասին պատմող «Դէպի Արեւելք» գիրքը, որ ամբողջական պատկերացում կու տայ դէպի Արեւելք յառած անոր կերպարին մասին: Գիրքը կազմած է տուն-թանգարանի տնօրէն Անահիտ Ասատրեան:

Արեւելեան զգացողութիւններուն, տրամադրութիւններուն հետ հաւասարապէս, Չարենց ունեցած է արեւմտեան, եւրոպական հայեացքներ, անոր մտածողութիւնը միշտ յառաջադէմ էր իր ժամանակակիցներուն համեմատ եւ ան ինքզինքը աշխարհի բնակիչ կը նկատէր՝ գովերգելով եւ փառաբանելով նորը, յառաջադէմը եւ գեղեցիկը: Անոր տուն-թանգարանը ճիշդ այդպէս ալ կահաւորուած է՝ արեւելեան ու եւրոպական իրերու համադրումով: Արեւելեան երաժշտութեան, կենցաղին զուգահեռ Չարենց ուսումնասիրած է նաեւ ազգայինը, եւրոպականը եւ դաւանած է համամարդկային արժէքներ…

Անոր ողբերգական մահէն 82 տարի անցած է, եւ չարենցեան խօսքը, տակաւին կը գերէ, կը հմայէ եւ իր իմաստնութեամբ կը մնայ անգերազանցելի: Կը թուի, թէ ամէն ինչ բացայայտուած է բանաստեղծին կեանքէն, բայց բացայայտումներ, նորութիւններ միշտ կան եւ մանաւանդ միշտ կարելի է նորովի մեկնաբանել արդէն եղածները… Ան միշտ արդիական է ու անմահ եւ Չարենցը ամէ՛ն օր բացայայտումներու կարիք ունի:

Չարենցի կենցաղը ցուցադրութեան կազմակերպիչներէն մէկը Չարենցի թոռնուհին՝ Գոհար Չարենցն է, որ իբրեւ գիտաշխատող կը պաշտօնավարէ իր մեծ հօր տուն-թանգարանին մէջ: Երեւանի Մաշտոց պողոտային վրայ գտնուող այդ տունը Չարենցը անուանած է «Կարմիր տուն»: Ծանօթ է, որ մինչեւ 1935 թուականը Չարենց բնակած է աժան պանդոկներու մէջ, եւ ամէն անգամ քաղաքի կեդրոնը գտնուող այս շէնքին մօտէն անցած ատեն ըսած է՝ այստեղ տուն կ՚ուզեմ: Ու, օր մը, ան ստացած է բնակարան նոյն այդ շէնքին մէջ: Շէնքին երրորդ յարկը ապրած է Չարենց 1935-1937 թուականներուն: Նոյն այս տունէն ալ տարած են զայն…

1964 թուականին Երեւանի իր բնակարանին մէջ հիմնադրուած է բանաստեղծին կեանքի, գրական-մշակութային, հասարակական-քաղաքական գործունէութեան ուսումնասիրութեան գիտական կեդրոնը եւ տասը տարուան հաւաքչական աշխատանքներէն ետք կեդրոնը իր դռները բացած է 1975 թուականին:

Գոհար Չարենց Չարենցի երկու դուստրերէն՝ Անահիտին դուստրն է: Չարենցեան բացայայտումները անոր կեանքին իմաստը դարձած են, մանաւանդ, որ իբրեւ գիտաշխատող, ամէնօրեայ գործ ունի ընելիք տուն-թանգարանին մէջ: Գոհար Չարենց իր տունն ալ ունի Չարենցին պատկանող քանի մը իր, բայց հիմնական մասը նուիրած է տուն-թանգարանին: Ան կը յիշէ.

«Մօրաքոյրս հինգ, իսկ մայրս երկու տարեկան եղած են, երբ Չարենցը ձերբակալած են, իսկ անոնց մայրը՝ այսինքն մեծ մայրս, աքսորած են Ղազախիստան: Այսինքն իմ մայրս եւ մօրաքոյրս ո՛չ հայրը կը յիշէին, ո՛չ ալ՝ մայրը: Միայն կարդալով անոր գործերը եւ ժամանակակիցներուն յուշերը՝ ծանօթացած են Չարենցին:

Բնականաբար, մեր մէջ ալ մեծ հայր-թոռնիկ յարաբերութիւնները չեն եղած, բայց ես ժառանգած եմ անոր արիւնը: Ամէն օր կը կարդամ, կ՚ուսումնասիրեմ, նորովի կը բացայայտեմ, նաեւ՝ կը թարգմանեմ: Մեծ հպարտութիւն է Չարենցի թոռնուհին ըլլալը»:

Ան կը յիշէ պատմութիւն մը, որ լսած է իր մայրիկէն՝ Անահիտ Չարենցէն. «1945 թուականին Չարենցը տակաւին արդարացուած չէր: Դպրոցի ուսուցչուհին մայրիկիս յանձնարարած է սորվիլ «Ես իմ անուշ Հայաստանի» բանաստեղծութիւնը: Այնուհետեւ յաճախ զայն կանչած են ուսուցչանոց, ուր հաւաքուած են ուսուցիչները եւ դուռը գոցած, մարզանքի ուսուցիչը կեցուցած են դուրսի դուռին մօտ, որ ոեւէ մէկը ներս չմտնէ, ու մայրիկս սկսած է արտասանել: Ամէն անգամ երբ արտասանած է, նկատած է ու զարմացած՝ որ ամէն մարդ կու լայ: Միայն տարիներ ետք հասկցած է՝ թէ ինչո՛ւ»…

 

Անուշ Թրուանց

«Ժամանակ»/Պոլիս