image
Հրատապ լուրեր:

Այնճարի Ժամացոյցին Պատմութիւնը.Նաթալի Քէնտիրճեան

Այնճարի Ժամացոյցին Պատմութիւնը.Նաթալի Քէնտիրճեան

Ժամանակը բանալին է կեանքին, եւ  կեանքը կ՛իմաստաւորուի բարի գործերով: Արդեօ՞ք կրնանք աւելիով իմաստաւորել զայն` մեր շրջապատը սիրելով:

Երբ ժամանակը դանդաղած էր Մուսա Լերան կարիքաւոր գաղթականներուն համար, որոնք երկարամեայ հալածանքներէ ետք հաստատուած էին Այնճար` նոր կեանք մը սկզբնաւորելու,  պայքարելով սովի, համաճարակներուն եւ ամէն տեսակի դժուարութիւններու դէմ, ահա միսիոնարուհի մը ոտք կը դնէ Այնճար:

Բ. Համաշխարհային պատերազմէն ետք, 1947-ին, քոյր Հետուիկ Այնսհանսլին զուիցերիացի ըլլալուն համար արտօնութիւն ունէր ճամբորդելու եւ ահա կու գար Պէյրութ` տեսնելու, թէ ինչպէ՛ս եւ ո՛ւր կրնար օգտակար ըլլալ հայ ժողովուրդին, տրուած ըլլալով, որ Հիլֆսպունտը կ՛օգնէր միայն հայերուն: Բայց դէպքերը տարբեր ձեւով կ՛ընթանան, երբ ան կը հանդիպի վեր. Արամ Հատիտեանին, որ կը հրաւիրէ զինք Այնճար:

Քոյր Հետուիկ այս այցելութենէն հիասթափած` տարիներ ետք իր յուշերուն մէջ պիտի գրէր. «Բնաւ պիտի չմոռնամ այդ օրը, երբ Այնճար ոտք կոխեցի առաջին անգամ: Տաք էր շատ, շուք չկար, անտանելի փոշի, հովը անողորմ կը փչէր: Աչքերս արցունքոտեցան եւ բորբոքեցան: Ջուր չկար, ելեկտրականութիւն չկար: Ինչպէ՞ս կրնայի հոն ապրիլ առանձին, հեռու քաղաքակրթութենէ»:

Կը վերադառնայ, եւ պատասխանը ո՛չ կ՛ըլլայ. «Չեմ կրնար Այնճար ծառայել, անկարելի կացութիւն է»: Այսպէս հրաժեշտ կու տայ պատուելիին:

Բայց իր սրտին մէջ պայքար մը կը սկսի: Տրամաբանութիւնը կ՛ըսէր. «Ո՛չ, Այնճար պիտի չերթամ, Պէյրութ պիտի մնամ», բայց խիղճը կ՛ըսէր. «Այս է քու ճամբադ: Այնճարի ժողովուրդը քեզի պէտք ունի»:

Քանի մը օր տառապելէ, գիշերները արթուն մնալէ եւ մտածելէ ետք պատրաստ էր «այո՛»-ն ըսելու` այս անգամ ուրախութիւն մը պատելով սիրտն ու հոգին:

Եթէ իրապէս կ՛ուզենք հասկնալ քոյր Հետուիկի գործը Այնճարի մէջ, պէտք է վերլուծենք իր նամակը, որ գրած էր Այնճարի Հիլֆսպունտ միսիոնարութեան Զուիցերիոյ եւ Գերմանիոյ մէջ 1972-ին, 25 տարի ապրելէ եւ ծառայելէ ետք:

«Աստուած իր խօսքը իրական դարձուց, երբ այս անապատը մտայ եւ այս խօսքը կու գար Յոբի գիրքին 22-րդ գլխուն 28-րդ համարէն. «Եթէ դիտաւորութիւն մը պիտի ունենաս, քեզի պիտի յաջողի ու ճամբաներուդ վրայ լոյս պիտի ճառագայթէ»:

«Սիրելի՛ բարեկամներս, ես ծրագիր չունէի Այնճարի գործին համար, բայց կը զգայի, որ ուժ մը զիս կը հրէր աւելին ընելու, եւ ահա Աստուծոյ օրհնութիւնները միշտ կը թափէին առատ»:

Երբ Պէյրութի բարեկամները կը փորձէին համոզել զինք, որ չերթայ Այնճար, որովհետեւ այնճարցիները դժուար մարդիկ էին, եւ դիւրին չէ Այնճար ապրիլը, քոյր Հետուիկ աւելի հաստատամիտ կը դառնար եւ կ՛ըսէր. «Իրենք ինծի աւելի պէտք ունին, քան` որեւէ այլ տեղի հայերը»:

Ու ահա օր մը քոյր Հետուիկ` մէկ պայուսակով, կու գայ Այնճար, աւելի ճիշդ էր ըսել` կու գայ անապատ, ճահիճ:

Պատուելին իր տունը կը տրամադրէ քոյր Հետուիկին` ֆրանսական սենեակ մը չորս մեթրով չորս մեթր տարածութեամբ: Ան մէկ անկիւնը կը գործածէ որպէս դարմանատուն, մէկ անկիւնը` որպէս խոհանոց, մէկ անկիւնը` որպէս ննջարան եւ միւսը` որպէս գրասենեակ, եւ ահա կը սկսի գործը:

Շատ կարճ ժամանակի ընթացքին կը շահի Այնճարի ժողովուրդին վստահութիւնը:

Պէտքերը, պահանջները շատ էին: Մէյ մը այցելութիւն կու տար հիւանդներուն: Մանուկներ քովը գալով` կը խնդրէին, որ Աստուածաշունչ կարդար իրենց:

Տիկիններ հաւաքներ կը խնդրէին: Առաքելական եկեղեցւոյ քահանան` Վահան Քենտիրճեան, կը հրաւիրէր զինք, որ կիրակնօրեայ դպրոցը առաջնորդէր: Նաեւ աւետարանական եկեղեցիին պատգամախօսն էր, որովհետեւ հոն մնայուն պատուելի չկար:

Ամէն կողմէ կը խնդրէին, որ քոյր Հետուիկ բան մը ընէր: Նոյնիսկ ձեռագործ աշխատիլ կը սորվեցնէր փոքրիկ աղջիկներուն: Յետոյ Հայ աւետարանական եկեղեցիներու խորհուրդը առաջարկ մը կը ներկայացնէ իրեն:

Անոնք կ՛առաջարկեն, որ քոյր Հետուիկ Այնճարի Հայ աւետարանական վարժարանին տնօրէնութիւնը ստանձնէ: Բայց անշուշտ ան շատ կտրուկ կը մերժէ` ըսելով, որ դպրոցը նախնական տուեալները չունի դպրոց կոչուելու:

Բայց պատասխանատուները չեն յուսահատիր եւ հաստատ կը մնան իրենց առաջարկին վրայ, մինչեւ որ քոյր Հետուիկ տեղի կու տայ եւ կ՛ընդունի:

Տնօրէնութիւնը ստանձնելէ ետք, մէկ ծրագրէն միւսին անցնելով, դպրոցը կամաց-կամաց կը մեծնայ, աշակերտները կը շատնան, եւ գիշերօթիկի դրութիւն ալ կը ստեղծուի:

Գիշերօթիկի աշակերտները ֆրանսական տուներու մէջ կը բնակին, մինչեւ որ ընթացք առնէ գիշերօթիկի շէնքի կառուցումը. գործը կը մեծնայ եւ կը ծաւալի, եւ դպրոցը կ՛ունենայ 900 աշակերտ: Գիշերօթիկը աշակերտներ ընդունած է տարբեր երկիրներէ, ինչպէս` Թուրքիա, Քուէյթ, Իրաք, Սուրիա, Պուլկարիա, Եթովպիա:

Քոյր Հետուիկ մինակ չմնաց այս գործին մէջ, իրեն միացան երկու այլ քոյրեր` քոյր Մարի Ռոք եւ քոյր Հաննա Նիչքէ:

Քոյրերը տարբեր տեսակի գործեր ալ ըրին, անոնք պարտէզներ ցանեցին, պտղատու  ծառեր բերել տուին Զուիցերիայէն եւ բաժնեցին ժողովուրդին: Հիւանդները հոգացին, այսպէս, անոնք մէկ բարդ գործէն միւսին անցան. Տէրը օրհնեց իրենց գործերը: Եթէ այս օրուան պայմաններով նայինք, հրաշագործութիւն մըն էր պատահածը: Այսքան մեծ գործի ձեռնարկել` փոքր պայմաններով, փոքր լումաներով, փոքր նուիրատուութիւններով: Քոյրերուն պատրաստակամութիւնը մեծ էր` օգտակար ըլլալու ժողովուրդի մը, որ ձգած էր իր հայրենիքը` Մուսա Լեռը երկու անգամ, մէկը 1915-ին` պայքարելով թրքական զօրքին դէմ, եւ երկրորդը 1939-ին` տեղահան ըլլալով եւ գաղթելով:

Պայքարող ժողովուրդին հանդէպ հիացմունքն է, որ վառած է քոյրերուն ջահը, որպէսզի անոնք օգտակար ըլլան ժողովուրդի մը, որ չի վախնար թշուառութենէ, աղքատութենէ եւ որոշած է ապրիլ հայօրէն եւ հաւաքականօրէն. քոյրերուն գործին գաղտնիքը եւ մղիչ ուժը քրիստոնէական սէրը եղած էր:

Շատ կարեւոր նուէր մըն ալ ըրին քոյրերը գիւղին:

Երբ ոչ ոք ժամացոյց ունէր եւ ժամանակի հասկացողութեան ճշդապահութիւնը բացակայ էր գիւղէն, անոնք կառուցեցին աշտարակ-ժամացոյց մը,  որ զետեղուեցաւ գիւղին կեդրոնը եւ մարդոց կեանքերը հեզասահ դարձուց: Ժամացոյցը զարկաւ ամէն ժամ եւ տարիներ շարունակ մնաց հաւաքական վայր, համագիւղական հաւաքներու, սկաուտական բանակումներու:

Այսօր մենք` որպէս այնճարցիներ, ժառանգութիւն մը ունինք, որ կու գայ քոյրերէն, որոնք պահապան հրեշտակի նման աշխատեցան, հիմնեցին եւ լաւագոյնը ըրին այս գիւղի պատմութեան համար:

Այսօր, Այնճարի 80-ամեակին առիթով, պահենք այս ժառանգութիւնը` վերաշինելով ժամացոյցը, որ պիտի խորհրդանշէ մեր արժէքները եւ յօդակապէ մեզ մեր պատմական արմատներուն: Անիկա յոյս պիտի ներշնչէ ապագայի նկատմամբ եւ առիթ դառնայ ժողովրդային մէկտեղումին, ինչո՞ւ չէ, նաեւ զբօսաշրջական հրապոյր պիտի դառնայ եւ տեղատուական հիմ մարդկային ծառայութեան` կոչելով զայն «Ժամանակի հրաշալիքը»:

Այնճարի հիմնադրութեան 80-ամեակին առիթով, ժամացոյցի վերականգնման աշխատանքները ընթացք առած են արդէն` իբրեւ յուշարար համագիւղական զօրաշարժի: Անոր շինարարութեան ամբողջացումը առաջնահերթութիւն դարձած է, իսկ բացումը նախատեսուած է 1 սեպտեմբերին:

Այս առիթով յառաջացած է ու կը գործէ աշխատանքային խումբ մը, կատարուած են նուիրատուութիւններ, սակայն տակաւին կարելի ու փափաքելի է նեցուկ կանգնիլ այս ծրագիրի յաջողութեան, որովհետեւ ասիկա խորհրդանշական մեծ իմաստ ունի իւրաքանչիւր այնճարցիի համար:

Նաթալի  Քէնտիրճեան