image

Կոստան Զարեան կը «վերադառնայ»…

Կոստան Զարեան կը «վերադառնայ»…

Երեւանի «Մեսրոպ Մաշտոց» հին ձեռագիրներու հիմնարկը, սրահի մը մէջ դրած է մետաղեայ կարծր փականներով հին, տախտակէ սնտուկ մը: Այդ սնտուկին մէջ կայ յայտնի հայ գրող Կոստան Զարեանին արխիւը, որ օտար ափերէն օրերս տուն դարձած եւ հանգրուանած է հայրենիքի մէջ: Գրողին ժառանգորդները իր ձեռագիրներուն արխիւը նուիրած են Մատենադարանին:

Այս մեծ սնտուկը ինծի կը յիշեցնէ գրողին կնոջ՝ Թագուհի Շահնազարեան-Զարեանին (Թագուհի Շահնազար) մէկ յուշը՝ Պոլիսէն: 1914 թուականի հոկտեմբերին, ինչպէս յայտնի է՝ Կոստան Զարեան ընտանիքին հետ փախուստ կու տայ Պոլիսէն: Թագուհի Շահնազար, իր յուշերուն մէջ նկարագրելով այդ փախուստը, կը խօսի նաեւ սնտուկի մը մասին, որ շոգեկառքի կայարանը՝ մայթին վրայ էր.

«Մայթին վրայ կը տեսնեմ Կոստեային գիրքերը եւ ձեռագիրները, բոլորը սնտուկէն դուրսն են՝ գետնին վրայ: Յանկարծ վեր թռայ ու Կոստեային գոռալով կանչեցի. «Սատանան տանի՛, ասիկա ծուղակ մըն է, կ՚ուզեն քեզ ձերբակալել»: Ան մազերուն բաշը խառնուած, առանց գլխարկի եւ վերարկուի, բարձր ձայնով երդուելով իջաւ: Գրկեց իր գիրքերը, դրաւ սնտուկին մէջ, մեխել տուաւ ու դնել տուաւ մեր վակոնը: Այս ամէնը՝ կայծակի արագութեամբ: Վերջին զանգն էր, երբ Կոստեան վակոնին մէջ ցատկեց, փլաւ քովս, առաւ Վահէն իր ծունկերուն ու խոր շունչ մը քաշեց»:

Այնուհետեւ Զարեան կնոջը ըսաւ. «Սիրելի՛ս, մենք փրկուած ենք եւ ահա՝ երկրորդ անգամ աքսորական…»:

Արդեօք այս սնտո՞ւկն է, որ երկրէ երկիր թափառելով այսօր հանգրուան գտած է Հայաստան… Կը մտածեմ՝ նայելով սնտուկին հնաոճ կափարիչին, մաշած տախտակին, որուն ճեղքերուն մէջ փոշին ներծըծ-ւած եւ զայն մոխրագոյն դարձուցած է… Եթէ այդ սնտուկը չէ, ապա այս մէկը նոյնպէս արժէքաւոր սնտուկ մը ըլլալու է՝ վկան է Կոստան Զարեանի անցած ճանապարհներուն, իսկ մէջը՝ իսկական գանձ…

Այդ փախուստէն ետք, Կոստան Զարեան կը հանգրուանէ Պուլկարիա, ուր կը մնայ վեց ամիս, ապա Զարեաններուն ընտանիքը կը մեկնի Իտալիա, Քափրի, Հռոմ եւ 1916 թուականին՝ Ֆլորանսա: Ապրուստի հարցերուն եւ ստեղծագործական գործունէութեան, ինչպէս նաեւ՝ ճնշուած ժողովուրդներու ազատագրութեան ընկերութեան անդամակցութեան պատճառով Կոստան Զարեան յաճախակի կերպով քաղաքէ քաղաք փոխադրուած է, եղած է նաեւ Միլանօ, իսկ 1920 թուականի սեպտեմբերին ընտանիքով երկրորդ անգամ փոխադրուած է Պոլիս… Մինչեւ առաջին անգամ Պոլիս երթալը՝ 1910-1913 թուականներուն, Կոստան Զարեան ապրած է Վենետիկ, ուր Մխիթարեան միաբաններուն քով բարելաւած է հայերէնը։ Մինչ այդ, Զարեան իր աշխատութիւնները գրած է օտար լեզուներով՝ իտալերէն, ֆրանսերէն:

Տարագիրի հարուստ կեանք մը ունեցած է Կոստան Զարեան՝ երկրէ երկիր, քաղաքէ քաղաք… Երկրորդ անգամ Պոլիս ապրելէ ետք ան 1922-1924 թուականներուն Հայաստան ապրած եւ գրականութիւն դասաւանդած է Երեւանի Պետական համալսարանին մէջ: 1924 թուականին կրկին մեկնած է Եւրոպա: 1944-1946 թուականներուն գրողը հայագիտութիւն դասաւանդած է Նիւ Եորքի Քոլումպիա համալսարանը՝ հոն հիմնելով եւ խմբագրելով «Հայկական Քառամսեակ» անգլերէն հանդէսը։ 1952-1954 թուականներուն արուեստի պատմութիւն դասաւանդած է Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանին մէջ եւ 1961 թուականին ներգաղթած է Հայաստան, ուր, ասկէ յիսուն տարի առաջ՝ 1969 թուականին կնքած է իր մահկանացուն:

Կոստան Զարեան ամէն տեղ յուշ մը ձգած է, իւրաքանչիւր քաղաք իւրովի անդրադարձած է իր ներաշխարհին եւ ստեղծագործութիւններուն վրայ. իր ձեռագիրներն ու իրեն առընչուող շատ բան տակաւին ցաքուցրիւ է իր անցած քաղաքներուն մէջ: Ահա արխիւէն բաւական մաս մը հայրենիքի մէջ է եւ այս մէկը ողջունելի է՝ Կոստան Զարեանի «վերադարձ»ին առումով:

Հայաստանի մէջ, այսուհետեւ, կը պահպանուի, շտեմարանի տեսք կը ստանայ, կ՚ուսումնասիրուի, կը հրատարակուի եւ կը թուայնացուի Կոստան Զարեանի գրական, արուեստագիտական, նամակագրական, նօթագրական, կենսագրական ողջ ձեռագիր, մեքենագիր անտիպ եւ հրատարակուած հարստութիւնը։

Բայց հարուստ կենսագրութիւն ունեցող գրողին արխիւը դեռ չէ ամբողջացած: Յառաջիկային, Կոստան Զարեանի այլ երկիրներու մէջ գտնուող արխիւները եւս պիտի հաւաքուին ու բերուին Հայաստան՝ պահպանուելու Մաշտոցեան Մատենադարանին մէջ: Այս արխիւին անոր ժառանգորդները միացուցած են նաեւ գրողին որդիին՝ ճարտարապետութեան պատմաբան Արմէն Զարեանին ճարտարապետական, քաղաքաշինական, արուեստի մասին զանազան լեզուներով գրուած, անտիպ ու հրատարակուած ձեռագիր, մեքենագիր նիւթերը:

Արմէն Զարեան, ինչպէս նաեւ Կոստան Զարեանի դուստրը՝ Նուարդ Զարեան, նոյնպէս, իրենց հետքը ձգած են հայոց պատմութեան մէջ. որդին՝ ճարտարապետութեան պատմաբան էր, դուստրը՝ քանդակագործ: Զարեան ունեցած է նաեւ Վահէ անունով որդի մը:

Պաքուի նահանգի Շամախի քաղաքին մէջ ծնած ըլլալով Զարեան շատ լայն աշխարհահայեացքի տէր էր ու այդ աշխարհահայեացքի ձեւաւորման մէջ մեծ էր իր ծննդավայրին դերը: Այսօր Ատրպէյճանի Հանրապետութեան մէջ գտնուող Շամախի քաղաքը ժամանակին յայտնի եղած է իր բարձրորակ գորգերով, կարպետներով, վարդաստաններով եւ աղբիւրներով: Հին ու բարեշէն այս քաղաքին մէջ զարգացած էր մանաւանդ մետաքսագործութիւնը, իսկ Շամախիի շրջակայքի գիւղերուն մեծ մասը եղած են հայաբնակ եւ հայերը հոն գործած են նշանաւոր գորգեր: Իր գրութիւններուն մէջ Կոստան Զարեան յաճախ փափաքած է վերադառնալ անցեալին, մանկութեան վայրերուն, որ Շամախին էր՝ գորգերու, մետաքսի եւ վարդերու բուրաւէտ քաղաքը, ուր կեանքը կ՚եռար նախանցեալ դարու վերջին… Քանի որ գրողին կեանքը անցած է իրարմէ շատ տարբեր քաղաքներու մէջ, եւ այդ բոլոր վայրերը փոփոխական հանգամանքներ թելադրած են, ապա մտերիմներ, բարեկամներ յաճախ յանդիմանած են զայն՝ այդպիսի արկածախնդրութիւններու համար: Բայց, անշուշտ, ատոնք արկածախնդրութիւններ չեն եղած, ոչ ալ՝ գրողական քմահաճոյքներ: Զարեան գրած է, որ ինքն ալ յոգնած է այդ մեկնումներէն եւ թափառումներէն, բայց վերլուծած է այնպէս, որ մարդ արարածը, առհասարակ, հակում ունի փոխադրուելու, տեղէ տեղ երթալու, կարծելով, թէ բնակավայր փոխելով երջանիկ պիտի ըլլայ: Եւ այսքանէն յետոյ Զարեան եզրայանգած է՝ բայց քանի որ նոր վայրը մարդս բախտաւոր չի դարձներ, ան կը մտածէ ոչ թէ նոր տեղ երթալու, այլ ետ դառնալու մասին: Իր ամենամեծ ցանկութիւնը եղած է վերադառնալ այն վայրը, ուր ծնած է: Անվերջ թափառելով երկրէ երկիր, ան չէ վերադարձած իր ծննդավայրը՝ Շամախի:

Հայկական, աւանդական ընտանիքի մը մէջ մեծցած ըլլալը եւ հօր մահուան պատճառով կորսուած մանկական ներաշխարհ ունենալը նաեւ իր գրականութեան վրայ մեծ ազդեցութիւն ձգած են: Հայրը Կոստանդին Եղիազարեանն էր՝ ծնունդով ղարաբաղցի, որ մասնակցած է չէրքէզներու, լէզկիներու, թաթարներու դէմ Կովկասի մէջ ցարական բանակի մղած կռիւներուն եւ վիրաւորուած տուն վերադարձած: Իր հերոսութիւններուն համար ան պարգեւատրուած է «Ս. Գէորգ խաչ»ի չորս աստիճաններով եւ թագաւորին կողմէ անձամբ ընծայուած ոսկէ ժամացոյցով: Զարեանի հայրը նոյնպէս կը սիրէր ճամբորդել եւ զանազան գործեր ձեռնարկել, բայց հետամուտ էր իր երեխաներու կրթութեան հարցերուն:

Ըստ գրականագէտ Արծրուն Աւագեանին, Կոստան Զարեան եղած է իր ընտանիքի զաւակներէն վերջինը՝ 19-րդը: Հայրը մահացած է, երբ գրողը հինգ տարեկան էր եւ ազգականները փոքրիկ Կոստանին (իսկական անունը Կոստանդին, մականունը՝ Եղիազարեան) տարած են Պաքու եւ յանձնած՝ ռուս ընտանիքի մը: Պաքուի մէջ ան յաճախած է ռուսական դպրոց եւ ուսանած է մինչեւ երկրորդ դասարան: Ազգականները կ՚որոշեն փոքրիկն Կոստանը ղրկել արտասահման: Մեկնելէ առաջ անոնք կանգ կ՚առնեն Թիֆլիզ եւ հոս պատահած երկու դէպք անդառնալի կերպով կ՚որոշէ գրող դառնալու անոր ճակատագիրը: Մէկը թատրոն այցելելն էր, միւսը՝ հայ գրող տեսնելը Թիֆլիզի Կալաւինսքի պողոտային վրայ: Այդ գրողը Ալեքսանտր Շիրվանզատէն էր, որ տպաւորութիւն կը ձգէ Կոստան Զարեանի վրայ. «...Յափշտակուեցայ մարդով մը, որ մայրս Ալեքսանտր կ՚անուանէր: Գեղեցիկ մազերով, արտայայտիչ, կապոյտ աչքերով, վայելուչ կեցուածքով այդ մարդը Շիրվանզատէն էր»,կը գրէ ան յետագային, տեղեկացնելով, որ Շիրվանզատէն եւ իր մայրը մօրաքրոջ զաւակներ են:

Ֆրանսայի մէջ երգեցողութիւն ուսանող անոր ազգականը իրեն հետ գնացքով տասն տարեկան Կոստան Զարեանը Ֆրանսա կը տանի: Արդէն կարելի է պատկերացնել հայրը կորսնցուցած պզտիկ տղան՝ Ֆրանսա, ուր զայն կը տեղաւորեն Անիէր փոքրիկ քաղաքի գիշերօթիկ դպրոցներէն մէկուն մէջ, ուր ան միայն ֆրանսերէն կը լսէր: Մօր, տան, հայրենի հող ու ջուրին կարօտը եւ ֆրանսերէնին անհաղորդ ըլլալուն հանգամանքը յաճախ ըմբոստանալու առիթ կու տան եւ դպրոցին մէջ Զարեանը կ՚անուանեն «վայրենի»: Այս բոլորը խոր ազդեցութիւն կը ձգեն Կոստան Զարեանի ներաշխարհին վրայ, եւ թերեւս այդ ժամանակէն կը սկսի փնտռտուքի… Ան պատիժներուն եւ խստութեան չդիմանալով կը փախչի այս դպրոցէն, այնուհետեւ զայն կը տեղափոխեն Փարիզ: Յետագային Փարիզ կը հանդիպի Արշակ Չօպանեանին, որուն հետ, մինչեւ կեանքին վերջը, կը կապուի հոգեւոր կապով: Ծանօթ են երկու գրողներուն նամակները:

1901 թուականին աւարտելով ֆրանսական լիսէն՝ Կոստան Զարեան կը վերադառնայ Կովկաս, իսկ 1905 թուականին Թիֆլիզէն աղքատ ու մինակ կը մեկնի Պրիւսքել, ուր կը յաճախէ փիլիսոփայութեան եւ գրականութեան դասընթացքներու, 1909-1910 թուականներուն Պրիւքսելի մէջ արուեստի եւ գրականութեան վերաբերեալ դասախօսութիւններ կը կարդայ: Գրողը լիովին հայերէն կը սերտէ Վենետիկի մէջ, անոր կենսագիրները կ՚ըսեն, որ Զարեան հայերէն գիտցած է նաեւ մինչեւ Վենետիկ երթալը, նոյնիսկ իր մանկութեան տարիներուն, պարզապէս մխիթարեաններուն քով աւելի կատարելագործած է մայրենի լեզուն:

Վենետիկի մէջ Զարեան կ՚ամուսնանայ Թագուհի Շահնազարին հետ, որ պոլսահայ դաշնակահարուհի մըն էր՝ «Հայրենիք» օրաթերթի հիմնադիր, մտաւորական եւ հան-րային գործիչ Յովհաննէս Շահնազարի եղբօր դուստրը: Անոնք կը մեկնին Պոլիս:

Պոլիս ապրած շրջանները շատ յատկա-նըշական եղած են:

Առաջին անգամ Պոլիս երթալը համընկնած է 1908-ի Սահմանադրութեան հռչակումէն ետք գրական-մշակութային կեանքի ծաղկումին, եւ ան Դանիէլ Վարուժանի, Յակոբ Օշականի, Գեղամ Բարսեղեանի եւ Ահարոն Տատուրեանի հետ հիմնած է «Մեհեան»ը՝ գրականութեան եւ արուեստի թարմ ու նորարարական հանդէսը, որուն առաջին թիւը լոյս տեսած է 1914 թուականի յունուարին։ «Մեհեան»ի թիւերը շատ արագ կը վաճառուէին, բայց եւ տեղի կու տային բուռն վէճերու. եօթ ամիս տեւեց ամսագրին կեանքը եւ Առաջին աշխարհամարտին պատճառով դադրեցաւ լոյս տեսնելէ: Մինչ այդ, ան Պոլսոյ մամուլին մէջ («Շանթ», «Ազատամարտ», «Ամէնուն Տարեցոյցը» եւ այլն) արդէն դրած էր իր ստորագրութիւնը՝ տպագրելով ֆրանսերէնէ թարգմանուած բանաստեղծութիւններ: 1913-1914-ի տարեշրջանին ան ֆրանսական գրականութիւն կը դասաւանդէ Պոլսոյ վարժարաններուն մէջ:

Զարեան դարձեալ Պոլիս կու գայ 1920-ի սեպտեմբերին՝ երեխաներուն հետ եւ այս անգամ, ինչպէս կը գրէ իր «Անցորդը եւ իր ճամբան» գործին մէջ, քիչ մը գիտութիւն ծախելով, կը հոգայ իր հացին խնդիրը: «Սարսափելի բան է փոքր ազգի գրող ըլլալը, այն ալ հայ ազգի», գրած է:

Զարեան կը դասաւանդէ Կեդրոնական վարժարանը, ուր անոր աշակերտներէն եղած է Լեւոն Զաւէն Սիւրմէլեան, ինչպէս նաեւ՝ Էսաեան եւ Հինդլեան ուսումնական հաստատութիւններուն մէջ։ Ազգին հարցերը հանգիստ չէին ձգեր զայն եւ այն գրական, ազգային ու մշակութային շարժումը, որ Չօպանեանի խորհուրդով կը ծրագրէր կատարել Փարիզ, Զարեան կը փորձէ իրականացնել Պոլսոյ մէջ:

1921-ի վերջերուն եւ 1922-ի սկիզբներուն Պոլսոյ մէջ կը հիմնուի «Հայ արուեստի տուն»ը, որուն մտայղացման հեղինակը Յովհաննէս Թումանեանն էր, որ 1921 թուականի հոկտեմբերին, որպէս Հայաստանի օգնութեան կոմիտէի պատուիրակ, կը գտնուէր Պոլիս։ Այս միութեան աշխատանքներուն մասնակցութիւն կը բերէ նաեւ Զարեան, իսկ 1922 թուականին ան Պոլսոյ մէջ կը հիմնէ «Բարձրավանք» հանդէսը, որ թէ՛ գաղափարական եւ թէ ստեղծագործական առաջադրանքներով «Մեհեան»ի տեսակ մը շարունակութիւնն էր։

Նոյն 1922 թուականին, Պոլսոյ մէջ լոյս կը տեսնէ Զարեանի բանաստեղծութիւններուն առաջին հայերէն ժողովածոն՝ «Օրերու պսակը» խորագրով, բայց նոյն տարուան հոկտեմբերին, քեմալականներուն մուտքէն առաջ, ան կը թողու Պոլիսը եւ երեք երեխաներուն հետ կը մեկնի Խորհրդային Հայաստան։ Ասկէ ետք կը սկսի մաքառումի, տառապանքի եւ թափառումի ուրիշ շրջան մը՝ Հայաստանէն դէպի Արեւմուտք:

Խորհրդային Հայաստանին եւ եւրոպական երկիրներուն մէջ Զարեանի կեանքը լի էր անձնական եւ հասարակական բազում իրողութիւններով: Ծանօթ է, որ յետագային ան ձգած է կինը եւ ամուսնացած ամերիկացի նկարչուհիի մը հետ… Անշուշտ, ասոնք Կոստան Զարեանի շատ հարուստ ճամբորդութիւններուն եւ տեղէ տեղ փոխադրուելուն մէկ մասն են միայն:

Զարեանի կենսագրութեան մանրամասնութիւններուն յետագային անդրադարձած եւ նորանոր փաստեր ու եղելութիւններ մէջտեղ բերած են զարեանագէտ Վարդան Մատթէոսեան, գրականագէտ Եուրի Խաչատրեան եւ ուրիշ ուսումնասիրողներ… Եւ ահաւասիկ, Երեւան հասած արխիւը կ՚ամբողջացնէ Կոստան Զարեանի կեանքին մանրամասնութիւնները եւ Զարեան, որ Հայաստանի անկախութենէն ետք, կարգ մը հրատարակութիւններով կը «վերադառնայ» Հայաստան, արդէն «վերադարձ»ի մեծ ճամբուն վրան է…