image

Կոմիտասի «Անուշ» օփերան

Կոմիտասի «Անուշ» օփերան

Հայաստանի մէջ, Կոմիտասի ծննդեան 150-ամեակին առթիւ, ամէն օր տեղի կ՚ունենան հետաքրքրական ձեռնարկներ: Յայտնի է, որ իր կեանքին ընթացքին Կոմիտաս Հայաստանի մէջ չարժանացաւ այն գնահատանքին եւ ընդունելութեան, որուն արժանի էր իր տաղանդով եւ մեծութեամբ: Սակայն, այսօր, մահէն 150 տարի ետք անոր անձին ու տաղանդին գնահատանքը, մեծարումը եւ այն մեծ ակնածանքը, որ կայ, լիուլի կը լրացնեն պակասը, որ եղած է անցեալ դարասկիզբին:

Հայաստանը լեցուն է կոմիտասեան շունչով: Յոբելենական ամսաթիւին՝ Կոմիտասի ծննդեան օրուան (26 սեպտեմբեր նոր տոմարով, 8 հոկտեմբեր՝ հին տոմարով) տակաւին շատ օրեր կան, բայց այս տարուան սկիզբէն ի վեր Հայաստանի մէջ հանդիսաւորութեամբ սկսած է տօնուիլ մեծ երաժիշտին 150-ամեակը:

Օրեր առաջ, Հայաստանի Երգահաններու միութեան դահլիճին մէջ հնչեց բացառիկ կատարում մը, որ Յովհաննէս Թումանեանի «Անուշ» ստեղծագործութեան հիման վրայ Կոմիտասի ստեղծած «Անուշ» օփերայի տարբերակն էր: Մեզի հասած կոմիտասեան երաժշտութեան պատառիկներուն հիմքով երգահան Արզաս Ոսկանեան լրացուցած եւ ամբողջացուցած է Կոմիտասի «Անուշ» օփերան: Այս մէկը տուրք էր թէ՛ Կոմիտասին, թէ՛ «Անուշ»ի հեղինակ Յովհաննէս Թումանեանին, որոնց երկուքին յոբելեանն է այս տարի:

Կոմիտասի «Անուշ» օփերային երաժշտութիւնը հանրութեան ծանօթ դարձած է կոմիտասագէտ Ռոպերթ Աթայեանի ձեռամբ եւ 1970-ականներուն անիկա կատարուած է մէկ անգամ (Արզաս Ոսկանեանը Սարոյի դերին մէջ երգած է), բայց այս մէկը Արզաս Ոսկանեանի կողմէ կոմիտասեան շունչին համապատասխան լրացուած տարբերակն էր, եւ նոյնքան տպաւորիչ, որքան՝ Արմէն Տիգրանեանի «Անուշ» օփերան:

Հայ երգահան, խմբավար Արմէն Տիգրանեան «Անուշ» օփերան գրած է 1908-1912 թուականներուն. այն թերեւս հայ ժողովուրդին ամենանշանաւոր օփերան է, հայ ժողովրդական երաժշտական լեզուով գրուած առաջին լիաւարտ օփերան, որ ազգային օփերային գրականութեան մէջ ստեղծած է նոր ոճական ուղղութիւն: Տիգրանեան օփերայի հիմնական երաժշտութիւնը գրած է հինգ տարիներու ընթացքին, բայց յետագայ երեսուն տարիներուն՝ երգահանը բազմաթիւ ուղղումներ եւ լրացումներ կատարած է: Արմէն Տիգրանեան այս կոթողային գործը ստեղծած է իր ծննդավայր Ալեքսանդրապոլի մէջ, եւ առաջին տարին՝ 1908 թուականին, անկէ անջատ հատուածներ հնչած են Թիֆլիզի Ներսիսեան դպրոցի սաներուն ուժերով: Պատմական իրադարձութիւն մըն է Ալեքսանդրապոլի մէջ օփերայի առաջնախաղը՝ 4 օգոստոս 1912-ին: Սարոյի դերակատարն էր Շարա Տալեան, իսկ Անուշինը՝ Աստղիկ Մարիկեան: Քաղաքի համերգային դահլիճը լեփլեցուն էր: Շատերը չեն կրցած տեղ գտնել դահլիճին մէջ եւ օփերան ունկնդրած են դուրսը՝ դահլիճին բաց պատուհաններէն: Այդ տարիներուն գրեթէ միջոցներ չկային պատշաճ բեմադրութիւն ստեղծելու համար, դահլիճը համապատասխան ձայնային հնչեղութիւն չունէր, նուագախումբը միայն տասներկու երիտասարդ երաժիշտներէ կազմուած փոքրիկ նուագախումբ մըն էր, երգիչ-դերասաններուն հագուստն ու դահլիճին ձեւաւորումը խիստ համեստ էին: Հակառակ այս բացթողումներուն՝ հանդիսատեսը ամբողջութեամբ զգացած էր օփերայի ուժն ու շքեղութիւնը եւ երբ ներկայացումը աւարտած էր՝ ներկայ բազմութիւնը ջահերով դուրս եկած եւ սկսած էր երգել օփերայի հատուածներէն: Այսպէս եղած է «Անուշ» օփերային սկիզբը, որ ակնյայտ դարձուցած է օփերային ապագայ յաջող ուղին:

Ալեքսանդրապոլի մէջ «Անուշ»ը բեմադրուած է մի քանի անգամ, ապա սկսած է անոր արշաւը դէպի ուրիշ քաղաքներ։ Արմէն Տիգրանեան իր փոքրիկ թատերախումբով սկսած է շրջիլ Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Անդրկովկասի քաղաքներուն մէջ: «Անուշ» օփերան հիացումով ընդունուած է Երեւան, Մոսկուա, Թիֆլիզ, Պաքու: Նուագախումբի ամբողջական կազմով, արհեստավարժ կատարողներով «Անուշ»ը ներկայացուած է Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 50-ամեակին առթիւ՝ 1919 թուականին՝ Թիֆլիզի Արթիստական թատրոնին մէջ՝ կրկին Արմէն Տիգրանեանի ղեկավարութեամբ:

Հետզհետէ համահայկական հռչակ վայելող օփերան ներկայացուած է նաեւ սփիւռքի բազմաթիւ հայաշատ համայնքներուն մէջ եւ այդպէս հասած է նաեւ սփիւռքահայ հանդիսատեսին:

30 ապրիլ 1950-ին, Երեւանի մէջ բեմադրուած է «Անուշ»ի 400-րդ ներկայացումը, որուն մէջ առաջին անգամ ի յայտ եկած է Գոհար Գասպարեանի «Անուշ»ը՝ դառնալով չգերազանցուած գագաթ ու չափանիշ մը հայ օփերային արուեստին մէջ: Սարոյի դերերգը կատարած է Աւագ Պետրոսեան, որուն կատարած դերը երկար տարիներ չէ մոռցած հանդիսատեսը:

Ահա թէ ինչպէս կը յիշէ Գոհար Գասպարեան իր «Անուշ»ը.

Անուշին հետ ծանօթացայ 1950-ին, երբ թատերական վարիչը՝ մեծատաղանդ խմբավար Միքայէլ Թաւրիզեանը առաջարկեց ուսումնասիրել զայն, եւ եթէ հաւնիմ, ապա մասնակցիմ նոր բեմադրութեան: Կը թուէր, թէ ատիկա պարզապէս փորձ մըն է, քանի որ Անուշի դերերգին բնոյթը եւ երաժշտական հնչիւններուն ոչ այնքան բարձր դիրքը ոչ մէկ առընչութիւն ունէին այն ժամանակուան գեղգեղաձայնային երգացանկին հետ, մանաւանդ, որ հայկական դերերգերու իմ կատարումներուն հանդէպ տակաւին կանխակալ վերաբերմունք կար:

Անուշի դերերգին համար կը պահանջուէր սոփրանոյի ոչ բնորոշ կըրծ-քային հնչեղութիւն եւ լեցուն ու զօրեղ հնարաւորութիւն: Բայց զիս մտահոգողը այդ չէր: Այդ դժուարութիւնները կարելի էր յաղթահարել: Խնդիրը դերին խորքը, յուզականութիւնը, երաժշտութեան ոճին առանձնայատկութիւնները ընկալելու դժուարութիւնն էր... Որո՞նք են հայկական օփերային երգեցողութեան բաղկացուցիչները, ինչպէ՞ս է հայ բանահիւսական երգին առընչութիւնը երգարուեստի դասական օրէնքներուն հետ...

Հակառակ հազար ու մէկ մտահոգութիւններուս՝ ձեռնամուխ եղայ օփերային եւ դերերգին ուսումնասիրութեան... Եւ գլուխէս թռան տեսական կանոններուն մասին մտահոգութիւններս... Ես ցնցուած էի...

-Սիրելի՛ մաէսթրօ,-ըսի Թաւրիզեանին,- ես այս դերը չեմ կրնար երգել, կը յուզուիմ, նոյնիսկ կու լամ..

-Ես գիտէի, որ դերը պիտի սիրէք,- ըսաւ մաէսթրոն,- եւ հետզհետէ շատ աւելի պիտի սիրէք... Իսկ ինչ կը վերաբերի յուզուելուն ու լալուն, առաջին քանի մը ներկայացումէն ետք կ՚անցնի... կ՚ընտելանաք:

Սիրելի մաէսթրոն իրաւացի էր առաջին հարցին մէջ. ժամանակի ընթացքին աւելի սիրեցի դերերգը: Բայց ան սխալեցաւ երկրորդին մէջ... Ես երբեք չընտելացայ Անուշին: Որքան ալ երգեցի, ան միշտ յուզեց ու լացուց զիս... Քանի՜-քանի՜ դերերու ճակատագրերուն ընտելացայ, հաշտուեցայ, բայց Անուշին ճակատագիրը միշտ ալ վրդովեց ու փոթորկեց սիրտս ու հոգիս:

Զիս կը հետաքրքրէր ամէն ինչ, որ կապուած էր Անուշին հետ: Անյագօրէն կ՚ուսումնասիրէի Թումանեանի ստեղծագործութիւնը, դերի որոշ կատարումներ, քննախօսականներ: Յոյժ կը հետաքրքրուէի հայ ժողովուրդի մեծագոյն երգչուհիին՝ Հայկանոյշ Դանիէլեանին Անուշով, որ ինծի բախտ չէր վիճակուած լսել:

Լսեցի միայն քանի մը ձայնագրուած հատուածներ, զորս շատ հաւնեցայ:

Մեկնեցայ Լոռի... Հիացայ, զմայլեցայ եւ ապրեցայ այդ չքնաղ բնութեամբ... Երգեցի եւ ձայնիս արձագանգին մէջ լսեցի այդ խորհրդաւոր բնութեան անդրադարձը... Անուշը այստեղի զաւակն է, եւ անոր հոգիին մէջ այս աշխարհի անաղարտութիւնը, լոյսն ու պայծառութիւնը, ամօթխած մաքրութիւնն ու խոր տառապանքը կայ:

Ինքնամոռաց խորասուզուեցայ փորձերուն մէջ: Դերերգը պատրաստելուն ինծի կ՚օգնէր թատրոնի հմուտ դաշնակահարուհի Մարգարիտ Մելիք-Ստեփանեանը, որուն հետ, մէկ ամիս անց, ներկայացանք Թաւրիզեանին:

Մեծագոյն երջանկութիւն է արուեստագէտին կենսագրութեան մէջ՝ ժամանակին հանդիպիլ այն ուղեցոյց ուսուցիչներուն, որոնք կը կազմակերպեն արուեստագէտին մտածելակերպը, պարզութիւն ու լոյս կը սփռեն բազմաթիւ հարցերու վրայ եւ կը կանխորոշեն ապագադ: Ես ունեցած եմ հիանալի ուսուցիչներ, անոնցմէ ոմանք համաշխարհային յայտնի դէմքեր են, սակայն Թաւրիզեանին պարտական եմ երաժշտութեան մէջ կերպարի ոգին զգալու եւ հոգեվիճակը վերապրելու իմ կարողութեամբ:

«Անուշ» օփերան արդէն հատած է իր 100-ամեակը եւ այսօր Երեւանի Օփերայի եւ պալէի թատրոնի մշտական խաղացանկին մէջն է:

 

*


Այսքանը՝ տիգրանեանական «Անուշ»ին մասին, բայց հայ երաժշտութեան, օփերային արուեստի պատմութեան մէջ պակաս կարեւոր չէ այն հանգամանքը, որ «Անուշ» օփերային երաժշտութեան վրայ առաջին աշխատողն է Կոմիտասը: Երեւանի «Եղիշէ Չարենց» գրականութեան եւ արուեստի թանգարանին մէջ սրբութեամբ կը պահ-ւին այն պատառիկները, որ մնացած են Կոմիտասի «Անուշ» օփերայէն: Այդ սակաւ նիւթերն իսկ կը վկայեն, որ Կոմիտասը 1904 թուականին, ստեղծագործական մեծ ոգեւորութեամբ, ձեռնամուխ եղած է Թումանեանի «Անուշ» ստեղծագործութեան հիման վրայ օփերա ստեղծելու աշխատանքներուն:

1903-ին, իշխանուհի, հասարակական եւ մշակութային գործիչ Մարիամ Թումանեանի հովանաւորութեամբ լոյս կը տեսնէ Յովհաննէս Թումանեանի «Բանաստեղծութիւններ» հատորը, որուն մէջ առաջին անգամ կը տպագրուի «Անուշ»ի աւարտուն տարբերակը: Նոյն թուականի վերջերուն Մարիամ Թումանեան (ան ազգակցական կապ չունէր Թումանեանին հետ, պարզապէս լաւ բարեկամներ էին) տակաւին իրեն անձնապէս անծանօթ Կոմիտասին կը ղրկէ «Բանաստեղծութիւններ» գիրքին մէկ օրինակը եւ ցանկութիւն կը յայտնէ, որ Կոմիտաս քերթուածին հիման վրայ օփերա ստեղծէ:

«Չեմ յիշեր, թէ ո՞ւր եւ ե՞րբ ծանօթացած եմ Կոմիտաս Վարդապետին, բայց իբրեւ երաժիշտ, ես շատ վաղուց կը ճանչնայի զայն եւ բարձր կը գնահատէի: Ես միշտ երազած եմ լսել հայկական օփերա մը, այսինքն՝ որ թէ՛ բովանդակութիւնը եւ թէ երաժշտութիւնը ըլլար զուտ ժողովրդական: Հաւատացած էի, որ Կոմիտասի գրիչին տակէն դուրս կու գար հրաշալի բան մը եւ իմ մէջս միտք մը յղացայ՝ առաջարկել անոր՝ Թումանեանի «Անուշ»ը օփերայի վերածել ու այդ դիտաւորութեամբ ես ղրկեցի իմ հրատարակած ժողովածոն», իր յուշագրութեան մէջ գրած է Մարիամ Թումանեան:

Արձագանգելով Մարիամ Թումանեանի առաջարկին՝ 22 յունուար 1904-ին Կոմիտաս Էջմիածինէն կը գրէ. «Շնորհափայլ իշխանուհի, ուրախութեամբ կարդացի պ. Յ. Թումանեանի «Անուշ»ը եւ շատ անուշ գտայ. պատրաստ եմ Ձեր փափաքն իրագործելու»: Կոմիտասը կարիք կը զգար օփերայի թատերատետրի մը. ան թատերատետրին մասին եւ բուն ստեղծագործութեան մասին նամակ մը կը գրէ Մարիամ Թումանեանին, խնդրելով իր միտքերը հաղորդել բանաստեղծին: Օրինակ, ան Յովհաննէս Թումանեանին կ՚առաջարկէ, որ որքան կարելի է, երգի ոգին պահելու համար, խոյս տայ թրքերէն բառերէ, հերոսներու երկխօսութիւններուն վերաբերող կարգ մը առաջարկներ ալ կ՚ընէ:

Իր ցանկութիւնները նամակին մէջ շարադրելէ ետք, Կոմիտաս կը խնդրէ՝ որքան հնարաւոր է շուտ պատրաստել օփերայի թատերատետրը, որպէսզի ինքն ալ սկսի օփերայի երաժշտական ծրագրի մշակումին: Սակայն, Թումանեան, զբաղած ըլլալուն պատճառով չէ պատրաստած թատերատետրը եւ այդ ալ Կոմիտաս գրած է:

Կոմիտաս, այսպէսով, փութով աշխատած է «Անուշ»ը օփերա դարձնելու ծրագրին վրայ:

Տարի մը անց, օփերային մէկ մասը, Կոմիտասի աշխատասիրութեամբ, արդէն պատրաստ էր, եւ 1908 թուին Թումանեանին գրած իր նամակին մէջ Կոմիտաս նշած է, որ բաւական աշխատանք կատարած է, ամէն ինչ ըրած է, որ գործը միասին աւարտեն: Թումանեան եւ Կոմիտաս հանդիպած են քանի մը անգամ եւ խօսած են օփերային մասին:

31 մարտ 1905-ին, Էջմիածնի Գէորգեան ճեմարանէն վաթսուն հոգիէ կազմուած քառաձայն երգեցիկ խումբը՝ Կոմիտասի ղեկավարութեամբ, կ՚ուղեւորուի Թիֆլիզ՝ համերգներ տալու:

Թիֆլիզեան այս ուղեւորութեան ընթացքին տեղի կ՚ունենան Կոմիտասի եւ Յովհաննէս Թումանեանի հանդիպումները: Մարիամ Թումանեանին եւ բանաստեղծին Կոմիտասը ցոյց կու տայ իր կատարած աշխատանքը՝ անոնց բնակարաններուն մէջ ալ կը կատարէ հատուածներ «Անուշ»էն: Իր յուշագրութեան մէջ Մարիամ Թումանեան կը գրէ.

«Բաւական բան գրած էր Կոմիտասը, իր օփերայէն քանի մը կտոր նոյնիսկ նուագած էր իմ տանս մէջ եւ հիացուցած էր զիս»:

Բանաստեղծին դուստրը՝ Նուարդ Թումանեան, նոյնպէս իր յուշերուն մէջ գրած է, որ Կոմիտաս իրենց տան մէջ ոգեւորութեամբ «Անուշ՝«էն հատուածներ նուագած է:

Նոյն տարուան՝ 1905-ի մայիսին, Թումանեան կ՚այցելէ Էջմիածին, կը հանդիպի Կոմիտասին եւ անոր կը նուիրէ իր լուսանկարը՝ «Կոմիտաս հայր սուրբին՝ իր բարեկամը Յ. Թումանեան» մակագրութեամբ: Ամենայն հաւանականութեամբ, այստեղ Կոմիտասը բանաստեղծին իր օփերայէն հատուածներ ցոյց տուած է, եւ Թումանեան Կոմիտասի կատարմամբ լսած է «Բարձր սարեր», «Ասում են ուռին», «Աղջի անաստուած» հատուածները՝ օփերայէն:

14 փետրուար 1909-ին, Մարիամ Թումանեանին գրած հերթական նամակին մէջ Կոմիտաս կը տեղեկացնէ. «Անուշը առաջ կ՚երթայ, նորէն քանի մը նոր բան գրեցի, մնացած եմ մոլորուած: Յովհաննէսի բանտարկութիւնն էր պակաս, նորէն կիսատ մնաց «Անուշ»ի երգական խմբագրութիւնը. յոյս ունէի, որ կու գար այս տօներուն եւ վերջ կու տայինք. այդ ալ այդպէս մնաց…»։

Փաստօրէն, Յովհաննէս Թումանեանի առաջին ձերբակալութեան պատճառով անոնք չհանդիպեցան եւ բանաստեղծին նախ՝ գերծանրաբեռնուածութիւնը, ապա ձերբակալութիւնը վերջ դրաւ կոմիտասեան օփերային ստեղծման:

Դերենիկ Դեմիրճեան կը վկայէ «…Գնալով Էջմիածին, այցելեցի Կոմիտասին: Կը յիշեմ՝ անոր հատուածները «Անուշ» օփերայէն, որուն վրայ ան կ՚աշխատէր: Ան երգեց Սարոյի եւ Անուշի հանդիպումը՝ «Ասում են ուռին»ը: Մասերը օրկանապէս ծնունդ էին ժողովրդական երգի եւ զարմանալի պարզ՝ իրենց գեղեցկութեան մէջ: Զիս կը հետաքրքրէր ժողովրդական երկխօսութիւնը…»:

Երեւանի «Եղիշէ Չարենց» գրականութեան եւ արուեստի թանգարանին մէջ պահուող կոմիտասեան այս սեւագիրները 27 էջ են: Կոմիտասագէտ Ռոպերթ Աթայեան գրած է. «Կոմիտասի սեւագիրներուն մէջ գործածուած է մի քանի ժողովրդական մեղեդի, հակառակ որ մեծ մասը նոր մեղեդիներ են՝ գրուած բանահիւսական-գեղջկական եւ քաղաքային ժանրերով: Իսկ այդ մեղեդիներուն մէջ, անշուշտ, ազգային երանգը շատ աւելի կը զգացուի»:

Կոմիտասը, այդ գործով, փաստօրէն, սկիզբը կը դնէր հայ ազգային օփերայի, որ կը տարբերէր եւրոպական օփերաներէն, եւ ազգային օփերային արուեստի կոմիտասեան գլուխգործոցը պիտի ըլլար «Անուշ»ը, որ ան աւարտին չէ հասցուցած:

Աթայեան իր ուսումնասիրութիւններուն մէջ վստահութիւն յայտնած է, որ եթէ գտնուած նիւթերը լրացուէին որոշ նուագախմբային եւ երգչախմբային հատուածներով, ապա Կոմիտասի ստեղծագործութիւնը կարելի էր մեծ բեմ բարձրացնել…

Ահաւասիկ, 100 եւ աւելի տարիներ ետք, Կոմիտասի գրած «Անուշ» օփերային նոր շունչ տրուած է եւ անիկա հնչած է իր 150-ամեակին առթիւ:

 

Անուշ Թրուանց

«Ժամանակ»/Պոլիս