image
Հրատապ լուրեր:

Չեռնոպիլ. Ճշմարտութիւնը՝ պաստառին

Չեռնոպիլ. Ճշմարտութիւնը՝  պաստառին

Հինգ մասերէ բաղկացած «Չեռնոպիլ» շարժանկարը կը շարունակէ ցնցել հեռատեսիլն ու համացանցը: Ընդամէնը վերջերս համաշխարհային առաջնախաղ ունեցող այս դիպաշարը իր դիտումներուն քանակով գերազանցած է «Գահերու խաղը», ամերիկեան հատուածային շարժանկարի դիտումներուն ցուցանիշները:

«Չեռնոպիլ»ը, պատմական ըլլալով հանդերձ, աւելի շատ հետեւող ունեցած է, քան՝ երեւակայական ժանրի «Գահերու խաղը», որ 2011 թուականէն մինչեւ այսօր կը նկարահանուի եւ կլանուած կը պահէ դիտողը:

«Չեռնոպիլ» հեռուստաշարը ստեղծուած է ամերիկացի բեմագիր Կրէկ Մազինի եւ բեմադրիչ Եոհան Ռենկի կողմէ, ամերիկեան հեռատեսիլային ալիք HBO-ի եւ բրիտանական հեռատեսիլային շարքեր պատրաստող Sky-ի համագործակցութեամբ: Նկարահանուած են դերասաններ, որոնք մարմնաւորած են չեռնոպիլեան աղէտին ընթացքին դեր ունեցող մարդիկը: Առաջնախաղը կայացած է մայիսին՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Բրիտանիոյ մէջ, իսկ յունիս ամսուն հեռարձակուած է վերջին մասը, սակայն ցնցումն ու տառապանքը, որ ունեցած են այս ժապաւէնը դիտողները, տակաւին կը շարունակուին…

Բեմագիրը այս նիւթին անդրադարձած է հինգ տարի չեռնոպիլեան աղէտը ուսումնասիրելէ ետք: Այս աղէտը, որ պատահած է 26 ապրիլ 1986 թուականի գիշերը, կը նկատուի պատմութեան ամենամեծ եւ ամենասարսափելի հիւլէական աղէտը, որուն ֆիզիքական եւ հոգեբանական հետեւանքները կը շարունակուին մինչեւ այսօր:

Չեռնոպիլ անունը Ուքրայնոյ եւ դրացի երկիրներուն մէջ կը յիշեցնէ անվերջ մղձավանջ մը՝ Խորհրդային Միութեան չարագոյն եւ վատթարագոյն շրջանը, երբ փորձագիտութիւններու ծնունդ աղէտը խորտակեց մարդկային ճակատագրեր, պատճառեց տնտեսական ահռելի վնասներ: 26 ապրիլ 1986 թուականի գիշերը պայթեցաւ Ուքրայնոյ մէջ գտնուող Չեռնոպիլ շրջանի հսկայական հիւլէակայանի ելեկտրական հոսանք արտադրող չորրորդ հնոցը: Հոն, 1970 թուականին, Խորհրդային Միութեան կառավարութեան որոշումով, սկսած էր կառուցուիլ Եւրոպայի ամենամեծ հիւլէակայանը: Կառավարութիւնը ծրագրած էր հիւլէական ելեկտրականութիւն արտադրող ութ հնոց կառուցել, բայց երբ աղէտը պատահեցաւ, միայն չորրորդ հնոցին կառուցումը աւարտած էր:

Հեռատեսիլային այս շարքը կը փորձէ քակել այն հանելուկը, որ գոյութիւն ունի աղէտի պատճառներուն շուրջ: Միչեւ այսօր Չեռնոպիլի կայանին պայթելուն շուրջ բազում տարակարծութիւններ կան: Հիմնական պատճառները, անշուշտ, կառուցումի սխալներն էին, բայց կար նաեւ մարդկային գործօնը՝ խորհրդային պաշտօնեաներու անփութութիւնն ու անիմաստ յամառութիւնը, որոնք ճակատագրական եղան: Բայց ինչ որ եղած է, այլեւս անդառնալի է. պայթիւնէն յետոյ երկաթի հազարաւոր մանր խորանարդներ ցիրցուան եղած են զանազան ուղղութիւններով, պայթիւնին կարմիր լոյսը մութին մէջ այնպիսի փայլուն եւ հետաքրքրական պատկեր մը յառաջացուցած է, որ մօտակայ Փրիփիաթ քաղաքին բնակիչները դուրս եկած են այդ անսովոր տեսարանը դիտելու՝ առանց անդրադառնալու, որ կ՚ենթարկուին անողոք շողարձակումի: Ըստ տուեալներուն, չեռնոպիլեան աղէտին շողարձակումը աւելի ուժգին եղած է, քան՝ ճաբոնական Հիրոշիմայի վնասը: Պայթիւնին հետեւանքով մթնոլորտ նետուած է 110 թոն ուրանիում եւ 900 թոն շողարձակող ուրուաքար՝ գրիտ: Ցարդ, այդ ու ուրիշ վնասակար նիւթեր չեն հանգած եւ տեւաբար կը վնասեն հողը, ջուրը, բնութիւնը, կենդանիները, ուտելիքը եւ հոն աշխատող մարդիկը, որոնք կեանքի գնով ամէն ինչ կ՚ընեն, որպէսզի աղէտին հետեւանքները նուազին: Անոնք ձեւով մը հերոսներ են, ինչպէս հերոսներ էին 1986 թուականին Չեռնոպիլ մեկնած հազարաւոր մարդիկ, առանց գիտնալու, թէ ո՛ւր կ՚երթան:

Չեռնոպիլը, որ Ուքրայնոյ հնագոյն բնակավայրերէն էր եւ հազարէ աւելի տարիներու պատմութիւն ունէր, դարձած է աղէտի անյոյս գօտի մը: Մինչ աղէտը, քաղաքին մէջ կը բնակէր 12 հազար 500 մարդ, իսկ այսօր՝ մօտաւորապէս 500 հոգի տակաւին կը բնակի իրենց տուներուն մէջ: Տարբեր է պատկերը, սակայն, մօտակայ Փրիփիաթ քաղաքին մէջ, ուր մեռելային լռութիւն մը կը տիրէ: Աղէտը չեռնոպիլեան կը կոչուի, բայց հիմնովին աւերուած է Փրիփիաթ քաղաքը, որ կը գտնուի Չեռնոպիլէն 3 քիլօմեթր հեռաւորութեան վրայ:

Փրիփիաթ աւանը այդ վայրին մէջ հիմնադրուած է 1970 թուականին եւ կառուցուած է Չեռնոպիլի հիւլէակայանի աշխատողներուն եւ անոնց ընտանիքներուն համար. եղած է Խորհրդային Միութեան հիւլէական իններորդ քաղաքը: Առհասարակ, հիւլէական ճարտարարուեստը մեծ տեղ ունէր Խորհրդային Միութեան մէջ, կը կառուցուէին քաղաքներ, որոնք կը բնակեցուէին հիւլէական կայաններուն մէջ աշխատողներուն ընտանիքներով, եւ շատեր, զանազան վայրերէ, կը փոխադրուէին այս նորակառոյց բնակավայրերը՝ տուն եւ աշխատանք ունենալու համար. այդպէս կառուցուած է նաեւ Հայաստանի Մեծամօր աւանը, ուր կը գտնուի Հայաստանի աթոմակայանը:

1979 թուականին, երբ Փրիփիաթ գիւղաւանի բնակչութիւնը հասած է 49 հազարի, ստացած է քաղաքի կարգավիճակ: Կայանի վթարէն մէկ օր վերջ՝ 27 ապրիլին, Փրիփիաթի բնակչութիւնը ամբողջութեամբ տարհանուած է՝ տարածքին վրայ ստեղծուած վտանգաւոր շողարձակումին եւ մթնոլորտ նետուած քայքայիչ նիւթերուն պատճառով: Փրիփիաթը այսօր անմարդաբնակ է եւ մինչ օրս հոն առկայ է շողարձակումի վտանգը, հակառակ անոր, որ զբօսաշրջիկներ, ուսումնասիրողներ կ՚այցելեն եւ իրենց աչքով կ՚ուզեն տեսնել կործանումին վայրը:

Ուքրայնան Չեռնոպիլը 2011 թուականին պաշտօնապէս բաց տարածք յայտարարած է զբօսաշրջիկներու համար, որոնց կ՚ուղեկցին յատուկ մարդիկ եւ այդ վայրերուն մէջ տեղադրուած են գործիքներ, որոնք ցոյց կու տան ամէն մէկ վայրին վրայ շողարձակումին չափը:

Փրիփիաթի բնակիչները տարհանելէ ետք անոնց համար Չեռնոպիլի հիւլէակայանէն 50 քիլօմեթր դէպի հիւսիս-արեւելք՝ Տինեփեր գետի ձախ ափին կառուցուած է Սլաւուտիչ քաղաքը։

Չեռնոպիլի հիւլէակայանի պայթիւնէն ետք, առաջին երեք ամիսներուն, 31 հոգի մահացած է, իսկ ճառագայթման հետեւանքները, որոնք բացայայտուած են տասնհինգ տարիներու ընթացքին, դարձած են 60-80 մարդու մահուան պատճառ: 134 մարդ զանազան աստիճանի ճառագայթային հիւանդութիւններ ստացած է: Չեռնոպիլեան աղէտի հետեւանքներուն վերացման համար կառավարութիւնը բաւական մեծ թիւով մարդիկ, Խորհրդային Միութեան ողջ տարածքէն, ղրկած է հոն եւ աւելի քան 600 հազար մարդ, ոգեւորուած անգիտութեամբ լծուած է աշխատանքի: Շատեր գործուղղուած են հոն՝ առանց տեղեակ ըլլալու, թէ ո՛ւր կ՚երթան, բայց քանի որ կառավարական որոշում էր, չէին կրնար հրաժարիլ: Ըստ տուեալներուն, մաքրութեան եւ աղէտի հետեւանքներուն վերացման այս արշաւը աւելի մահացու եղած է, քան ինքը՝ պայթումը: Աշխատանքներուն մէջ ներգրաւուած են մանաւանդ զինուորներ, որոնք արիութեան շքանշաններով, հերոսի կոչումներով տուն դարձած են՝ «վաստակած» նաեւ քաղցկեղ, անբուժելի բորբոքումներ, նեարդային եւ ուրիշ խանգարումներ: Անոնք իրենց երկիրներուն մէջ նկատուած են աղէտէն տուժածներ եւ օժանդակութիւն ստացած են պետութենէն, բայց ոչինչ կրնայ փոխարինել մարդուն վերջնականապէս կորսուած առողջութիւնը:

Ուքրայիոյ, Ռուսաստանի, Սպիտակ Ռուսիոյ տարածքին այսօր ալ կը բնակին շուրջ երեք միլիոն մարդիկ, որոնք կը նկատուին Չեռնոպիլէն տուժածներ, իսկ ուրիշ երկիրներէ օգնելու գացած տղամարդիկ ճառագայթումը նուազեցնող յատուկ բուժօգնութիւն կը ստանան իրենց երկիրներուն մէջ: Փաստ է, որ մարդիկ հոն գացած են առանց տեղեակ ըլլալու հետեւանքներուն: Բան մը, որ այդ տարիներուն բնական էր:

Այս անգիտակից վիճակը ստեղծուած էր Խորհրդային Միութեան յոյժ գաղտնի քօղին տակ, չէր խօսուեր աղէտին եւ վտանգաւոր շողարձակումին մասին, աղէտին մասին ալ ընդհանրապէս երկրի բնակչութիւնը ուշ տեղեկացած է:

Խորհրդային Միութեան ղեկավարութիւնը պայթիւնի առաջին օրերուն չյայտարարեց երկրին մէջ եղած աղէտին մասին, առաջին անգամ շուէտցի մասնագէտներ տեղեկագիրներ հրապարակեցին եղածին մասին, երբ Շուէտի հիւլէական կայաններէն մէկուն մէջ շողարձակումը չափող ազդանշանային համակարգը սկսաւ տագնապի ազդանշաններ հաղորդել: Իսկ երբ հովը տարօրինակ ամպեր ցրուեց Եւրոպայի սկանտինաւեան հատուածին վրայ, արտասահմանեան կարեւոր թերթեր, առաջին էջերուն վրայ, գրեցին Խորհրդային Միութեան մէջ պատահած աննախադէպ աղէտին մասին, որ համաշխարհային նշանակութիւն ունեցաւ: Երեք շաբաթ յետոյ՝ 15 մայիսին, Խորհրդային Միութեան առաջին քարտուղար Միխայիլ Կորպաչով վերջապէս յայտարարեց, թէ ի՛նչ պատահած է երկրին մէջ: Անշուշտ, ո՛չ այդ ժամանակ, ո՛չ ալ յետագայ տարիներուն իշխանութիւնները ամբողջութեամբ խօսած են աղէտին մասին, իսկ քանի մը տարի ետք արդէն փլուզուած է Խորհրդային Միութիւնը, եւ Չեռնոպիլի աղէտին մասին տեղեկատուութիւնը մնացած է կարգերու փլուզման մշուշին տակ: 1988 թուականին անձնասպանութիւն գործած է համակարգման աշխատանքներու ղեկավար, խորհրդային ակադեմիկոս Լեկասով՝ նամակ մը յղելով իշխանութիւններուն եւ նոյնիսկ անոր այդ քայլին դրդապատճառներն ու նամակի բովանդակութիւնը ամէն կերպով ծածկուած ու խեղաթիւրուած են:

Ուքրայնոյ Ազգային անվտանգութեան կոմիտէի գաղտնազերծած փաստաթուղթերը յետագային վկայած են, որ պայթիւնի ուժգնութիւնը համարժէք է 30 թոն պայթուցիկ նիւթի՝ թրոթիլի ուժին: Այդ փաստաթուղթերուն համաձայն, 1986 թուականի փետրուարին, Ազգային անվտանգութեան կոմիտէի աշխատակիցները կառավարութեան զեկուցած են, որ չորրորդ հնոցին մէջ պայթիւնի վտանգ կայ, քանի որ անիկա կը շահագործուի անթոյլատրելի ձեւով, կոպիտ կերպով կը խախտուին անվտանգութեան կանոնները: Այս բոլոր զեկոյցները, սակայն, փակուած են չհրկիզուող պահարաններու մէջ: Խորհրդային իշխանութիւնները լռած են այդ զեկոյցներէն ետք եւ վստահ եղած են, որ խորհրդային սարքերը աննկուն են՝ այդպիսի համբաւ կար աշխարհին մէջ, որ պէտք չէր խաթարել…

Եւ ահաւասիկ՝ աղէտէն երեսուներեք տարի ետք ամերիկա-բրիտանական այս հեռուստաշարը մեծ ջանքեր կը գործադրէ բոլոր մութ անցքերուն վրայ լոյս սփռելու:

Չեռնոպիլի աղէտէն յետոյ Խորհրդային Միութեան մէջ սառեցուած են տասն նոր հիւլէակայաններու կառուցման ու նախագծման աշխատանքները: Պատմաբաններն ու քաղաքագէտները վերլուծած են, որ Չեռնոպիլի աղէտը նաեւ ձեւով մը արագացուցած է Խորհրդային Միութեան փլուզման՝ արդէն թափ առած, գործընթացը: Բոլորը քաջ գիտէին, որ կատարուածը քաղաքական ու տնտեսական համակարգերու անկատարութեան, «ժամկէտանցութեան» պարզ ցուցանիշ մըն է:

Այս շարժանկարին բեմագիրը ըսած է. «Մենք խաբելու հնարաւորութիւն իսկ չունէինք: Մարդիկ, որոնք ապրած են այս աղէտը, տակաւին ողջ են: Մեր պարտքն էր պատմել ճշմարտութիւնը: Աղէտին հետեւանքով այս մարդիկը կորսնցուցած են իրենց հարազատները, հիւանդացած են, կրճատուած է նաեւ անոնց կեանքին տեւողութիւնը»: Հեռատեսիլային շարժանկարը լաւագոյն ձեւով կը բացայայտէ մարդոց ճակատագրերը, որոնք հերոսներ դարձան աղէտին հետեւանքով, կորսնցուցին իրենց կեանքերը, հեռացան իրենց բնակավայրերէն: Լիովին դատարկուած է երկու գիւղաւան եւ շուրջ իննսունմէկ գիւղեր, որոշ գիւղեր ամբողջովին թաղած են հողին տակ, քանի որ հնարաւոր չէ եղած մաքրել մահացու նիւթերուն հետքերը: Մինչեւ հիմա շողարձակումը հաւասար կերպով չի տարածուիր, եղանակային պայմանները եւ նիւթերու փոխակերպումները տարօրինակ դրսեւորումներ կ՚ունենան: Երբեմն թունաւոր նիւթերը կ՚իջնեն անձրեւին հետ, երբեմն դուրս կու գան հողին տակէն… Կան շրջաններ, ուր անասնապահներ չեն կրնար վաճառել իրենց պահած կովերուն եւ ոչխարներուն միսը, բնութեան մէջ կը բազմազան անբնական սրադունչ եղնիկներ, խոշոր բոյսեր, անգոյն թռչուններ, կարճ ոտքերով բադեր եւ շատ մեծ պտուղներ, որոնք խեղումներու արդիւնք են: Երբեմն ալ ի յայտ կու գան նոր բուսատեսակներ:

Ուքրայնոյ հիւանդանոցներուն մէջ այսօր ալ բուժում կը ստանան երիտասարդներ, որոնք շողարձակումի ենթարկուածներուն զաւակներն են եւ քաղցկեղէ կամ ուրիշ հիւանդութիւններէ կը տառապին: Աղէտին հետեւանքները մինչ այսօր վերացնող կառոյցները յայտարարած են, թէ հնարաւոր չէ մէկ կոճակով կեցնել կայանին աշխատանքը, այդ մէկը աստիճանաբար պիտի կատարուի, իսկ երբ վերջնականապէս դադրի գործելէ, մեծ աշխատանք անհրաժեշտ է հիւլէական թափօնը կառավարելու, տեղ մը պահելու: Մթերանոցներ, պատեր եւ այլ կառոյցներ շինուած են՝ հիւլէական թափօնը ամբարելու նպատակով, ջրային կայաններ կը գործեն՝ հիւլէական ուժանիւթ արտադրող հնոցները զով պահելու համար, սակայն բաւական աշխատանք կայ տակաւին կատարուելիք:

Շարժանկարը հրաշալի կերպով ցոյց կու տայ, թէ ինչպէ՛ս կը շարունակուի աղէտը եւ ինչպէ՛ս տակաւին շողարձակումի կ՚ենթարկուին հոն աշխատողները, որոնք, ճիշդ է որ բարձր աշխատավարձ կը ստանան, բայց առողջական խնդիրներէ կը տառապին եւ որոշ ժամանակ ետք կ՚արձակուին աշխատանքէ: Գծուած է աղէտեալ եւ վտանգաւոր գօտի մը, որ բնակութեան պիտանի չէ, սակայն որոշ գիւղացիներ, պետութեան արտօնութեամբ եւ հսկողութեան տակ ըլլալու պայմանով, վերադարձած են իրենց տուները՝ տէր կանգնելու տուներուն եւ հողերուն: Անոնք հոն կը բնակին բազում հիւանդութիւններով եւ ապագայի հանդէպ անյոյս օրեր գլորելով, ինչպէս նաեւ մխիթարուելով, որ այսօր, աշխարհի մէջ, մեծ տաքացումի, հորմոններով հարստացուած սնունդին եւ տեւական նեարդային ճնշումի պայմաններուն տակ, ամէն մարդ ձեւով մը շողարձակումի տակ է: Բայց այս մարդիկը ուղղակի շողարձակումի վնասները կը կրեն, ինչպէս նաեւ վտանգի տակ են բոլոր արտասահմանեան մասագէտները, որոնք կ՚աշխատին այս վայրին մէջ եւ կ՚ուսումնասիրեն շրջակայ միջավայրին վրայ արձակուող հիւլէներուն կործանարար ուժը: Գիտնականներ հողի, կենդանիներու եւ բոյսերու վրայ փորձեր կատարած են՝ հասկնալու համար, թէ ի՛նչ վնասներ հասցուցած է աղէտը բոյսերուն եւ կենդանիներուն: Յստակ է, որ հոս կը գտնուի աշխարհի ամենաարտառոց բնութիւնը:

Արդեօք այս վայրին մէջ կարելի՞ է նորէն կեանքի սկսիլ: Շարժանկարը այս հարցումին պատասխանը չի տար, բայց կու տայ շատ հարցումներու պատասխաններ, զորս խորհրդային վարչակարգը վարպետօրէն թաքցուցած էր իր բնակիչներէն: Այս շարժանկարը աղէտէն յետոյ կատարուած երկրորդ պայթիւնն է, որ բացած է շատերուն աչքերը՝ ցոյց տալով, թէ ինչպէս մարդը կործանեց բնութիւնը եւ ձեւափոխուած բնութիւնն այսօր ինչպէ՛ս կը կործանէ մարդը: Շարժանկարը նաեւ բնապահպանական մեծ աղէտին տագնապի ազդանշան մըն է, որ այսօր կը հասուննայ աշխարհի մէջ: 

 

Անուշ Թրվանց 

 «ԺԱՄԱՆԱԿ»