image

Առնչութի՞ւն, թէ՞ առընչութիւն. Արմենակ Եղիայեան

Առնչութի՞ւն, թէ՞ առընչութիւն. Արմենակ Եղիայեան

 Ասի բաղադրեալ բառ մըն է, որուն բաղադրիչներն են՝ առ-ինչ-ութիւն:

Առնչութիւն դառնալով՝ ինչ բաղադրիչին ի ձայնաւորը կը սղի ու փոխարէնը կը լսուի ը ձայնաւորը, որ ոմանք չեն գրեր ( առնչութիւն), իսկ ուրիշներ կը գրեն (առընչութիւն)՝ մէկ միաւորով աւելցնելով բառամէջի ը-ի գործածութիւնը, որուն այնքան հակառակ է մեր լեզուն եւ էր...Մեսրոպ Մաշտոց ի՛նքը:        

Այս պարագային եւս երկւութեան սերմը  կը գտնենք, դժբախտաբար, «Նոր հայկազեան»-ի մէջ, ուր բառս հաւասարապէս կիրարկուած է երկու ձեւերով. բայց իրապէս պէ՞տք է այս եզակի գործը այպանել նման երկւութիւններու համար:  Պէտք չէ մոռնալ, որ «Նոր հայկազեան»-ը ուղղագրական ձեռնարկ մը չէ, այլ ան  յղացուած է իբրեւ հարազատ պատկերը, հայելին, անդրադարձը  մեր անցեալի մատենագրական ժառանգին, ուր նման երկւութիւններ  անխուսափելիօրէն յառաջացած են, ինչպէս պէտք է ըլլայ պարագան աշխարհի բոլոր հին մատենագրութեանց. անոր հեղինակները պարզապէս ջանացած են հարազատօրէն ցոլացնել այդ երկւութիւնները կամ բազմաձեւութիւնները: Կաճառ մը, լեզուաբանական հիմնարկ մը կամ եզրաբանական  կոմիտէ մը պէտք է ընէր այդ զտումի աշխատանքները. ահա ա՛յս է որ պակսած է արեւմտահայերուս, մինչ արեւելահայերը ունեցած են այդ բախտը, որուն շնորհիւ ալ  արեւելահայերէնի բառապաշարը գրեթէ զերծ է ակնբախ  ու գայթակղեցուցիչ բազմաձեւութիւններէ:

«Նոր հայկազեան»-ը ունի առինչ, որ հաւասարապէս տուած է առընչից եւ առինչից.  ապա ունի առինչունակ, բայց նաեւ առնչունակ, այլեւ  ունի  առնչութիւն  (Ա. հատոր, էջ 305բ). յատկանշական է, որ այս վերջին բառը առանձին բառայօդուածի չէ վերածուած: Աշխարհաբարը աւելցուցած է առնչել, առնչուիլ,  առնչակից, առնչակցիլ,  առնչաբար, առնչական, առնչում:

«Առձեռն»-ը ունի միայն առնչակից, Գաբամաճեան՝ առնչակից եւ առնչութիւն, եւ այնուհետեւ բոլոր բառարանագիրները՝ Գայայեան, հայր Ճիզմեճեան, Տէր Խաչատուրեան այս եւ արմատակից բառերը գրած են առանց ը-ի: Բայց ահա Բենիամին Թաշեան 1963-ին կը պաշտպանէ առընչութիւն ձեւը՝ ծանօթ հիմնաւորումով: Որմէ ետք զայն ը-ով կը գրէ հայր Կռանեան եւս՝   առընչուիլ եւ առընչութիւն: Արեւելահայերը  ը-ով ոչ մէկ միաւոր ունին:

Եթէ ը-ով գրութեան բառարանային համեմատութիւնը շատ համեստ է,   ապա արեւմտահայ իրականութեան մէջ այդ համեմատութիւնը բաւական բարձր է. գոնէ 50  տոկոս, եթէ ոչ աւելի: Անշուշտ պէտք չէ կարծել, թէ հայր Կռանեանին կը պարտինք այս բարձր  համեմատութիւնը: Այս ալ արեւմտահայու հոգեբանութեան մէկ շատ հարազատ ցոլացումն է. ան կը սիրէ շեղիլ սովորական ճամբայէն ու անցնիլ  նեղ կածաններէ. այս պատկերն ալ կը գտնենք մեր սերտած բառին առթիւ:

 Բառս  եւ անոր բաղադրեալները ը-ով գրողներուն հիմնաւորումը ա՛յն է, որ միավանկ  արմատներու բառասկիզբի ի-ն բարդումի եւ ածանցումի առթիւ կը հնչիւնափոխուի ը-ի. օրինակ՝ ինչ-ընչեղ, ընչաքաղց, ընչազուրկ , ինձ-ընձենի, իղձ-ըղձալի, ունդ-ընդեղէն եւ այլն. ուրեմն՝ առինչ-առընչութիւն: Թէեւ այս վերջին բերուած օրինակները կը տարբերին անով, որ ասոնց մէջ  հնչիւնափոխուող ի-ն կը գտնուի բառին սկիզբը, իսկ այդ դիրքի վրայ  ը-ի զեղչումը կ’աղաւաղէ   բառերը. անընթեռնելի են՝ նչեղ, նձենի, ղձալի  եւ այլն. այս պատճառով ալ այս դիրքին վրայ ը տառի առկայութիւնը անհրաժեշտութիւն է: Մինչդեռ առնչութիւն բառին մէջ ը-ի բացակայութիւնը որեւէ աղաւաղում չի յառաջացներ: Ահա այս հիմամբ ալ վաղ գրաբարեան օրերէն նման ը մը աւելորդ տեսնողներ եղած են, որոնց վրայ աւելցած են աշխարհաբարի մէջ այդ ը-ն անտեսողները: Հարցը ինքզինք այսպէս ալ լուծած ըլլալ կը թուէր՝ նկատի առած այն լայն կիրարկութիւնը, որ, սկսած գրաբարի օրերէն,  թօթափած է  ը միջանկեալ տառը: Սակայն, ինչպէս ըսի, բաւական մեծ է թիւը անոնց, որոնք կառչած են այդ ը-ին:

          Ի  նպաստ անոր զեղչումին՝  բերենք հետեւեալ հիմնաւորումը եւս.

 Բառակազմական տեսակէտէ՝ առ-ինչ եւ ոչ-ինչ երկու կաթիլ ջուրի պէս կը նմանին իրարու. ըստ այսմ ալ եթէ կարելի է կամ պէտք է գրել առընչութիւն, ապա պէտք է կարելի ըլլայ նաեւ գրել ոչընչութիւն: Արդ, մենք  չենք պատկերացներ արեւմտահայ մը,  որ ոչնչութիւն, ոչնչական, ոչնչային, ոչնչաբան, ոչնչանալ[1]  բառերէն մէկը կամ միւսը փորձուէր գրել ը-ով. ինչո՞ւ,−  չենք գիտեր ինչո՛ւ, սակայն այս այսպէ՛ս է: Նոյնքան բարացուցական է յղել բառը, որ ստուգաբանօրէն՝ ի ուղել է, ուր նմանապէս զեղչուած է  ու ձայնաւորը՝ առանց ը-ի վերածուելու: Միւս կողմէ՝ մենք չենք կրնար երկու չափ, երկու կշիռ ալ գործածել նոյն երեւոյթներուն հանդէպ, նոյնիսկ եթէ նման բաներ կամայաբար, իսկ երբեմն ալ տգիտաբար տեղի ունեցած են մեր լեզուի անտէրութեան դարերուն: Հիմա որ որոշած ենք այլեւս վերջ տալ բազմաձեւութիւններու եւ աւելի կուռ ու  տրամաբանական ուղղագրութիւն մը կտակել  մեր յետնորդներուն, ապա մեզի կը մնայ, որ միահամուռ որդեգրենք բերուած բառայօդուածին  ը-է զուրկ տարբերակը ու գրենք՝ առնչութիւն, առնչուիլ, առնչակից եւ այլն:

 



[1]Նոր հայկազեանը ոչինչ բառայօդուածին կից դրած է ոչընչի, քիչ անդին ունի ոչնչէ. իսկ բոլոր բաղադրեալ բառայօդուածները առանց ը-ի են, ինչպէս՝ ոչնչանամ, ոչնչութին, ոչնչաքեան եւ այլն: