image

«Մանկութիւն չունեցող մարդիկ». Փոլիոյի հետեւանքով իր մանկութիւնը կորսնցուցած Մարկրիթի պատմութիւնը

«Մանկութիւն չունեցող  մարդիկ». Փոլիոյի  հետեւանքով իր մանկութիւնը     կորսնցուցած  Մարկրիթի  պատմութիւնը

Աշխարհի  վրայ  հազարաւոր  երեխաներու համար սիրելի  կերպար ՝«Թէտի  Պէր»ի հնարիչ ՝Մարկրիթ Սթիֆ   անցուցած է  դժուարին  պատանեկութիւն մը։ Ան  տառապած է Բոլիոյ   հիւանդութենէն, որ     1800-ականներուն կը համարուէր        անչափահսներու համար   մահացու հիւանդութիւն մը։

 

  Գերմանիոյ Կինկըն քաղաքին մէջ   իր աչքերը  24 յուլիս, 1847-ին    բացած  առողջ   Մարկրիթը, իր ծնունդէն 18 ամիսներ ետք  բռնուած է Բոլիոյ  հիւանդութեամբ։ Ան  արթնցած է բարձր ջերմութեամբ եւ անկարող՝ ոտքերը շարժելու:

1863 թուականին, հաշմանդամ Մարկրիթը իր սայլակով, սկսած է յաճախել կարագիտութեան դպրոց  եւ 17 տարեկանին  դարձած է    վարպետ դերձակուհի մը:

    Իր  ունակութիւններով եւ ձիրքով  աչքի   զարկող  Մարկրիթը  ժամանակ մը  անց ունեցած է իր սեփական կարի   փոքրիկ աշխատանոցը:

8 դեկտեմբեր, 1879-ին, նորաձեւութեան պարբերաթերթ մը թերթատած ատեն, տեսնելով փոքրիկ փիղիկի մը նկարը, Մարկրիթ ոգեշնչուած է   եւ   աւելի  ուշ  յեղափոխութիւն յառաջացուցած խաղալիքներու  աշխարհին  մէջ: Սկիզբը, պատրաստած է  բարձիկ մը փիղիկի ձեւով, վրան ասեղներ տեղադրելու նպատակով ու ապա  շուկայ հանած զանոնք: Յետագային սակայն նկատած, թէ գնողները հետաքրքրուած են այդ փիղիկներով, որպէս գեղեցիկ խաղալիքներ։

1880-ին յաջողելով վաճառել մօտ 5000 փիղիկէ խաղալիքներ, սկսած է նաեւ  այլ  կենդանիներու կերպարով խաղալիքներ արտադրել: Տասնամեակներ ետք, այս խաղալիքները պիտի նուաճէին աներեւակայելի յաջողութիւններ, հասնելով մինչեւ Միացեալ Նահանգներ:

1902 թուականին, այս անգամ իր ազգական Ռիչըրտին առաջարկը իրագործելով, պատրաստած է արջուկներու կերպարով խաղալիքներ, եւ մասնակցած  Լայբձիկ   խաղալիքներու  նշանաւոր ցուցահանդէսին, ուր մեծ յաջողութիւն արձանագրած, փոքրիկները ուղղակի զմայլած են այդ արջուկները տեսնելով  

1906-ին, ամերիկացի վաճառական մը կը գնէ Մարկրիթի արջուկներէն 3000 օրինակ ու   զանոնք  վաճառէ զանոնք Միացեալ Նահանգներու մէջ: 20-րդ դարու սկիզբները Միացեալ Նահանգներու մէջ տարածուած էր  «Թէտի Պէր» արջուկը, որ հնարուած էր ամերիկացի Մորիս Միչդըմի կողմէ , իսկ  Մարկրիթի արջուկները, որոնք նոյն չափով յաջողութիւն գտած էի,  նոյնպէս  յայտնի    դարձան «Թէտի Պէր» անունով: Իսկ «Թէտի» արջուկը իր անունը առած է Ամերիկայի նախագահ՝ Թէոտոր Ռոզֆելտէն, որ  անգամ մը որսի ելած ատեն 1902-ին, հրաժարած է կրակել ծառին կապուած արջի մը վրայ:

Հակառակ որ Մարկրիթ բոլիոյով  կը տառապէր  ու ամբողջ կեանքը հաշմանդամ գամուած մնացած  իր սայլակին վրայ, մեծ յաջողութիւններ նուաճած է առեւտրական աշխարհէն ներս, եւ կրցած է յաղթահարել իր հիւանդութիւնը եւ աւելին՝ երջանկացուցած աշխարհի մանուկները իրենց  համար  սիրելի  դարձած արջուկներով: Միայն 1907 թուականին  աւելի քան մէկ միլիոն արջուկներ    վաճառուած էին  աշխարհով մէկ։

61 տարեկան  հասակին  իր մահկանացուն կնքած  Մարկրիթի պատմութիւնը  մեծագոյն ցուցանիշ է   հիւանդութիւնը յաղթահարել որոշած   անհատի    վառ ու գեղեցիկ   օրինակի մը։

Նիւթը ՝ «Ալ Արապիյա»էն

 «Արեւելք»ի համար   թարգմանեց ՝  Թ.Գ.