image

Նուիրեալներու շարքերը եւս մէկով նօսրացան

Նուիրեալներու   շարքերը  եւս մէկով  նօսրացան

Եւ ի՜նչ մէկ։  Մէկ մը՝ որուն կեանքը  իր մէջ միաժամանակ ամբողջական ծառայութիւն ենթադրող նուիրում  եղաւ։ Նուիրում Եկեղեցւոյ եւ իր Միաբանութեան ճամբով՝ ծառայութիւն Ազգին, անոր իրարայաջորդ սերունդներու հոգե-մտաւոր ու տոհմիկ դաստիարակութեան իբրեւ Մարդ, Քրիստոնեայ եւ Հայ՝ այնպէս ինչպէս ուխտած էր ընել Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Միաբանութեան սրբարար վեղարը հանդիսաւորապէս կրած օրէն, 1948-ական տարիներուն, եւ աւելի քան կէս դար անընդմէջ։ Ծառայութիւն՝ լուսարձակներէ հեռու, խոնարհաբար եւ համեստօրէն այնպէս ինչպէս կ՛ուխտեն  Հայ Քոյրերը։

Իբրեւ շարքային Քոյր կամ  1993-էն սկսեալ աւելի քան տասնամեակ մը՝ իբրեւ Միաբանութեան Մեծաւոր Մայր  ան՝  եկեղեցանուէր, ազգանուէր, հայակերտումի,, ծառայասիրական, կրթական, դաստիարակչական առաքելութեան նուիրեալ  տիպարը եղաւ այնպէս ինչպէս պատկերացուցած էր  Միաբանութեան հիմնադիր Հայրը՝  Կարտինալ Անտոն Պետրոս Թ․ Հասունեան։

Յանձին Մայր Արմինէ Մակարոսեանին այսպիսի վաստակաշատ նուիրեալ մըն է որ իր հոգին Աստուծոյ յանձնեց Կիրակի, 7 ապրիլ 2019-ին, նօսրացնելով  նուիրեալներու շարքերը այնպիսի պահու մը երբ աւելի քան երբեք Եկեղեցին եւ Ազգը կարիքը ունին իր նմաններուն, որոնց անարատ սէրը Հայ Քոյրերու Միաբանութեան կողմէ առաջադրուած  եկեղեցանուէր, ազգանուէր եւ հայրենանուէր առաքելութեան հանդիսացած է մղիչ ուժը իրենց նուիրումին։

Կրօնական կեանքը ընդգրկելու կոչումը թերեւս բաւարար պիտի չըլլար եթէ չըլլար զայն ամբողջացնող հոգեւոր եւ հայեցի կրթութիւնը,  զոր   Արմինէ Մակարոսեան ստացած է հայկական Միաբանութեան երէց քոյրերուն շունչին տակ ու անոնց վարժարաններուն մէջ, ուր   կազմաւորուած է վաղ մանկութենէն։  Հռոմի իտալական եւ ապա ֆրանսական կրթական բարձրագոյն ուսումնարանները նպաստած են ժրաջան մայրապետին մէջ զօրացնելու կրօնական, մարդկային եւ ազգային արժէքներու անփոխարինելիութեան գիտակցութիւնը, որոնցմով օժտուած են Միաբանութեան անդամուհիները։ Մայր Արմինէ Մակարոսեան այնուհետեւ իր հերթին ջանացած է իր կենդանի օրինակով այդ գիտակցութիւնը փոխանցել իրեն վստահուած սերունդներուն, որոնք այսօր պիտի գան  խոնարհելու իր յիշատակին առջեւ։

 

 

Սարգիս Նաճարեան