image

Հարէս Ապտըլ Հաք կը պահանջէ ետ քաշել հալէպահայերու սուրիական հպատակութիւնը

Հարէս Ապտըլ Հաք կը պահանջէ    ետ քաշել    հալէպահայերու   սուրիական  հպատակութիւնը

Սուրիոյ տագնապին  առընթեր իր  ծայրայեղ  եւ կողմնակալ կեցուածքներով յայտնի «Ալ Ճազիրա» կայանի լրագրող Հարէս  Ապտըլ Հաք, իր Ֆէյսպուքեան էջով  պահանջած է   ետ վերցնել  հալէպահայերու սուրիական  հպատակութիւնը: Լրագրողը նաեւ  ըսած է, որ այդ  մէկը  պէտք է կատարուի   Սուրիոյ իշխանութիւններուն պարտութիւնէն ետք:   Նշենք, որ   Ապտըլ Հաքի  այս «տեսութիւն»ը լոյս  տեսած է «Ալ Քուտս» կայքին  մէջ եւ լուրին հեղինակը կայքի Թուրքիոյ «Կազի Այնթապ» նահանգի   թղթակից է: