image

Իսրայէլի հարուածներուն հետեւանքով զոհուած է 8 անձ

Իսրայէլի հարուածներուն հետեւանքով զոհուած  է 8 անձ

 Երէկ գիշեր Իսրայէլի հարուածներուն հետեւանքով զոհուած է  8 անձ։ Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց «Սքայ նիւզ արապիա» կայանէն։

 

 Աղբիւրը նաեւ նշեց, որ հարուածներուն ամենածանրը եղած է Հոմսի ծայրամասերուն, ուր զոհուած են սուրիական բանակի5  զինուորներ, եւ բանակին զօրակցող « Տիֆահ ուաթան»ի  3 զինեալներ։

 

 Կը նշուի նաեւ, որ հարուածներ եղած են մայրաքաղաք Դամասկոսի ուղղութեամբ, սակայն Սուրիոյ բանակի ՀՕՊ-եր կարողացած են համարժէք պատասխան տալ իսրայէլեան կրակի աղբիւրներուն։

 

 

 Քաղաքացիական զոհերու մասին տեղեկութիւններ չեն հաղորդուիր։