image

Նաթանիահու կը սպառնայ. «Այս դեռ սկիզբն է»

Նաթանիահու կը սպառնայ. «Այս դեռ սկիզբն է»

Իսրայէլի վարչապետի պաշտօնակատար Բէնիամին Նաթանիահու սպառնացած է պաղեստինցիներուն եւ յայտարարած, որ ռազմական այս գործողութիւնը «դեռ միայն սկիզբն է»։

 

 Նաթանիահու նաեւ նշած է, որ իրենք պիտի շարունակեն հարուածները եւ նպատակ ունին ցաւցնել «Համաս»ը։

 

 Յիշեցնենք, որ արդէն երկրորդ օրն ըլլալով ռազմական գործողութիւններ կը կատարուին Իսրայէլի եւ Պաղեստինեան «Համաս» շարժումի զինեալներուն միջեւ։

 Իսրայէլ պատասխան կրակ բացած էր այն պահուն, երբ «Համաս»ի զինեալներ փութացին օգնութեան հասնիլ Երուսաղէմի «Ալ Աքսա» մզկիթի իրենց հայրենակիցներուն։

 

 Այս լուրի խմբագրման պահուն իսկ Իսրայէլ կը շարունակէ հարուածել « Կազա»ն։