image
Հրատապ լուրեր:

Սուրիոյ մէջ ռուս-թրքական պատերազմ տեղի կ՚ունենայ. Յոյն զինուորական

Սուրիոյ մէջ ռուս-թրքական պատերազմ տեղի կ՚ունենայ. Յոյն  զինուորական

 

Յոյն սիւնակագիր, պաշտօնաթող  գնդապետ, Ազգային անվտանգութեան դպրոցի մագիստրոս Պանայոթիս Նասթոսը հրապարակած է Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններու գնահատականը: Pentapostagma հրատարակութեան էջերուն վերոյիշեալ հեղինակի ներկայացուցած նիւթին մէջ Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները կ'անուանուին «ռուս-թրքական նոր պատերազմ»: Այս մասին գրած է ռուսական «Military review» հրատարակութիւնը:
 «Ռուսաստանը կը պահպանէ եւ նոյնիսկ կ'աւելցնէ իր ռազմական ներկայութիւնը Սուրիոյ մէջ: Սա յստակ ազդանշան է ինչպէս Թուրքիոյ, այնպէս ալ Իսրայէլին, որ Մոսկուան պատրաստ է դիմակայել սուրիական պետութեան դէմ յարձակումներուն: Ի հարկէ, Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յատուկ չի խօսիր այդ երկիրներու մասին, բայց պարզ կը դառնայ, որ Թուրքիան Սուրիոյ մէջ «անցանկալի ռազմական գործողութիւններ» կ'իրականացնէ, այդ շարքին նաեւ այն տարածքներուն մէջ, ուր ռուսական զօրքեր կան»,-գրած է Նասթոսը:
 Օրինակ,  խօսքը Այն Իսսա քաղաքի թրքական գնդակոծման մասին է, ուր տեղական (քրտական) վարչակազմի խնդրանքով ստեղծուած է ռուսական դիտակէտ:
 Այդ ֆոնին Այն Իսսայի երկինքին մէջ յայտնուած են մարտական ինքնաթիռներ: Սուրիական աղբիւրները նշած են, որ ասոնք «կրնան ըլլալ Ռուսաստանի օդատիեզերական ուժերու ինքնաթիռները»:
 Յոյն հեղինակը գրած է, որ Ռուսաստանը «զայրացած է» նաեւ Սուրիոյ վրայ իսրայէլական ռմբակոծութիւններէն, որոնք կ'իրականացուին «իրանական ու իրանամէտ ուժերու վրայ յարձակման պատրուակով»: Յոյն պաշտօնաթող գնդապետը նշած է, որ իսրայէլական ինքնաթիռները «յաճախակի հարուածներ կը հասցնեն Սուրիոյ տարածքին` այնտեղ ներկայ ԱՄՆ զինուած ուժերու հետ անոնք համաձայնեցնելէ ետք»:
 «2020 թուականին Թուրքիան Սուրիոյ մէջ կորսնցուցած է իր բանակի առնուազն 60 զինծառայող, վիրաւորուած է 100 թուրք զինուորական: Մէկ տասնեակէ աւելի թրքական անօդաչուներ խոցուած են հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու կողմէ: Այդ ժամանակ ԱՄՆ-ն Մոսկուան մեղադրած է թուրք զինուորներու մահուան համար: Բայց Ռուսաստանը կը հերքէ բոլոր մեղադրանքները»,-գրած է Նասթոսը:
 Միեւնոյն ժամանակ, Նասթոս ուշադրութիւն հրաւիրած է այն բանի վրայ, որ Սուրիոյ մէջ ռուս-թրքական յարաբերութիւնները կարելի չէ անամպ անուանել, քանի որ Սուրիոյ մէջ պետութիւններէն իւրաքանրիւրն ունի իր նպատակներն ու շահերը, իսկ այդ նպատակներն ու շահերը յաճախ կը հակադրուին: