image

Լիպիա. Յարձակման ենթարկուած է նորանշանակ ՆԳ նախարարը

Լիպիա. Յարձակման ենթարկուած է  նորանշանակ ՆԳ նախարարը

 

Լիպիոյ Ազգային համաձայնութեան կառավարութեան ներքին գործոց նախարար Ֆաթհի Պաշաղայի ինքնաշարժերու շարասիւնը յարձակման  ենթարկուած է:  Այս մասին կը հաղորդէ լիբանանեան «Ալ-ժատիտ» լրատուական կայքը:
Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ միջադէպը տեղի ունեցած է Ճանզուր-Թրիփոլի մայրուղիին վրայ, որուն ընթացքին սպաննուած է յարձակում իրականացնողներէն մէկը:
 Տեղի լրատուամիջոցներու հաղորդմամբ՝ մի քանի զինուորական մեքենաներ փակած են նախարարի շարասիւնի ճանապարհը: Նախնական տուեալներով՝ նախարարի անվտանգութեան աշխատակիցները 2 անձ ձերբակալած են: Նախարարի թիկնապահներէն մէկը վիրուորուած է, սակայն նախարարը  չէ տուժած:   

Ներկայ պահուն Լիպիոյ Ազգային համաձայնութեան կառավարութեան ՆԳՆ-ն արտակարգ դրութիւն յայտարարած է, միջադէպի վայրին մէջ ռազմական ուղղաթիռ պտոյտներ կ'իրականացնէ: