image

Տէր Զօրի մէջ. Ռուսաստան ծանր հարուածներ տուաւ Սուրիոյ ահաբեկիչներուն

Տէր Զօրի մէջ. Ռուսաստան ծանր հարուածներ տուաւ Սուրիոյ ահաբեկիչներուն

Մարդու իրաւունքներու սուրիական դիտորդական կեդրոնի (SOHR) աքթիւիսթները ֆիքսել են Սուրիոյ մէջ «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման դիրքերու ուղղութեամբ ռուսական կործանիչներու իրականացուցած օդային հարուածները:

Ինչպէս կը յայտնէ դիտորդական կեդրոնի կայքը, ռուսական ինքնաթիռներն երէկ առաւօտեան աւելի քան 40 օդային հարուած իրականացուցած են Հալէպ-Համա-Ռաքքա քաղաքներուն մէջ:

Միեւնոյն ժամանակ Սուրիոյ կառավարական ուժերը եւս կը շարունակեն օդային հարուածներ հասցնել Տէր Զօրի եւ Հոմսի միջեւ ինկած տարածաշրջանու մէջ՝ ապահովելու համար երկու նահանգները միաւորող ճանապարհի անվտանգութիւնը:

Ահաբեկիչներէն տարածքի մաքրման գործողութիւնները կ'իրականացուին ռուսական ուղղաթիռներու աջակցութեամբ: