
Իրանի նախագահ՝ Հասան Ռոհանին յայտարարած է, որ իր վարչակազմը թոյլ չի տար, որ «Քովիտ-19»-ի դէմ օտար պատուաստներ փորձարկուին Իրանի քաղաքացիներուն վրայ:
Ինչպէս կը հաղորդէ «Թանսիմ» գործակալութիւնը, իրանցի նախագահի խօսքով՝ ներկայ պահուն երկրին մէջ կը գործադրուին ջանքեր տեղական պատուաստի արտադրութիւնը սկսելու եւ վստահելի դեղամիջոց շուկայ հանելու համար:
Իրանի առողջապահութեան նախարարութիւնը մերժած է արտասահմանեան պատուաստներու փորձարկումներ ընելու առաջարկները: Ռոհանին կոչ ըրած է իր ժողովուրդին չխաբուելու օտար պատուաստներու հարցով:
Ռոհանին նշած է, որ հանրային գլխաւոր պահանջներէն մէկը պատուաստման հասանելիութիւնն է: Ան յայտնած է, որ կը նախատեսուի 4 փուլով 60 միլիոն իրանցիներու պատուաստումը:
Յիշեցնենք, որ Իրանի մէջ 2020 թուականի վերջին եւ այս տարուայ առաջին օրերուն մեկնարկած են երկու տեղական պատուաստի փորձարկումները մարդոց վրայ:
Նախօրէին, Իրանի Կարմիր մահիկի խօսնակ՝ Մուհամմատ Հուսէյն Մողատտամ չեղեալ համարած էր 150 000 չափաբաժին պատուաստի ներկրումը ԱՄՆ-էն: Այդ որոշումը կայացուած էր երկրի գերագոյն առաջնորդ, այաթոլլահ Ալի Խամենիին յայտարարութենէն ետք, որով հոգեւոր առաջնորդը արգիլած էր ամերիկեան եւ բրիտանական պատուաստներ ներկրել:
Իրանի մէջ համավարակի ողջ ընթացքին վարակուած է 1 280 438 մարդ, մահացած՝ 56 100:














