image

Իրանի նախկին նախագահ Ահմատինաժատ «Կործանարար պատերազմ»ի մը մասին խօսած է

Իրանի նախկին նախագահ Ահմատինաժատ «Կործանարար պատերազմ»ի մը մասին խօսած է

 

Իրանի նախկին նախագահ Մահմուտ Ահմատինաժատը նախագահ Հասան Ռոհանին նախազգուշացուցած է  Մերձաւոր Արեւելքի եւ Պարսից ծոցի մէջ ծրագրուող «նոր կործանարար պատերազմի» մասին, գրած է MEMO-ն:

 

«Աշխարհի տարբեր լրատուամիջոցներու մէջ հրապարակուած բոլոր իրադարձութիւնները, դիրքերը եւ լուրերը ցոյց կու տան, որ Մերձաւոր Արեւելքի եւ Պարսից ծոցի մէջ նոր կործանարար պատերազմ կը նախատեսուի»,- գրած է Ահմատինաժատը գործող նախագահին ուղղուած նամակին մէջ` աւելցնելով, որ «բոլոր պաշտօնական անձինք պէտք է կանխեն պատերազմի բռնկումը անհրաժեշտ եւ անյապաղ միջոցներու ձեռնարկման ճանապարհով»: «Ես կ'ակնկալեմ, որ դուք` որպէս Իսլամական Հանրապետութեան նախագահ, կ'ընէք ամէն ինչ այս ուղղութեամբ` պատերազմի բռնկումը կանխելու համար»,- աւելցուցած է ան: