image

«Ամերիկայի ժողովրդավարութիւնը հարուածի տակ է..»ԱՄՆ Ընտրեալ նախագահ Ճօ Պայտըն (Տեսանիւթ)

«Ամերիկայի ժողովրդավարութիւնը հարուածի տակ է..»ԱՄՆ Ընտրեալ նախագահ Ճօ Պայտըն (Տեսանիւթ)

«Կը յորդորեմ, որ նախագահ Տանըլտ Թրամբ խօսի մամուլին եւ խրատէ իր հետեւորդներուն, որ արագօրէն լքել «Գաբիթըլ հոլլ»ը եւ հեռանան...» այս խօսքերով քիչ առաջ հանդէս եկաւ ԱՄՆ նորընտիր նախագահ Ճօ Պայտըն։

 

Պայտըն նաեւ ըսաւ, որ  այս պահուն Ամերիկայի ժողովրդավարութիւնը ծանր հարուածի տակ է, խորհուրդ տալով բոլորին շարժիլ բացառապէս սահմանադրական քայլերով եւ հիմք ընդունելով երկրի կանոնադրութիւնները։

 

Նշենք, որ այսօր Գոնկրէսի մէջ տեղի ունեցած եւ կէս մնացած ընտրական արդիւնքներն ամփոփող նիստէն անմիջապէս ետք Թրամբի հետեւորդներ ներխուժած էին «Գաբիթըլ հոլլ»ի շէնք եւ անկարգութիւններու դիմած։

 Բողոքարարներուն  դիմած  քայլերուն  հետեւանքով   տեղի  ունեցան բախումներ,   որուն հետեւանքով ալ ինկան  տասնեակ վիրաւորներ։