image

«Իմ դէմ մահափորձ կը պատրաստուէր» Հասան Նասրալլա

«Իմ  դէմ  մահափորձ կը պատրաստուէր» Հասան Նասրալլա

Պատասխանելով  «Ալ Մայատին»  կայանի  գործադիր տնօրէն՝  Ղասսան Պըն Ժըտոյի հարցումներուն      «Հըզպալլա» ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ «տարուան զրոյցը» խորագրեալ պատկերասփռուած հարցազրոյցի մը ընթացքին  ամփոփեց  2020   տարուան  ընդհանուր զարգացումները։

 Նասրալլա անհաւանական նկատեց, որ Միացեալ Նահանգներու գործող նախագահ Տանըլտ Թրամփ յարձակում մը գործէ Լիբանանի կամ «Հըզպալլա»ի դէմ` միաժամանակ զգուշացնելով, որ Թրամփի անհատականութեան վերլուծումէն մեկնելով կարելի է սպասել նման արկածախնդրութիւն մը, թէեւ ճշգրիտ տեղեկութիւններ չկան այս մասին:

Շիիթ առաջնորդը  բացայայտեց, թէ մէկէ աւելի կողմեր զգուշացուցած են զինք` իր դէմ պատրաստուող մահափորձի մը ծրագիրէն, առաւելաբար ամերիկեան, իսրայէլեան եւ սէուտական կողմերու թիրախ նկատելով ինքզինք:

Ան յայտնեց, որ մէկէ աւելի անգամներ զգուշացուցած է իրանցի ղեկավար Քասեմ Սուլէյմանին մահափորձի մը վտանգէն:

Պաղեստինեան հարցին գծով Նասրալլա յայտնեց, որ արաբական երկիրներու մեծ մասը «ծախեց» պաղեստինեան դատը, հրապարակ նետելով արուեստական թշնամի մը` Իրանը:

Նասրալլա յայտնեց, որ Եգիպտոսի նախկին նախագահ Հիւսնի Մուպարաքի հրաժարելուն յաջորդ օրն իսկ Քասեմ Սուլէյմանի Պէյրութի արեւմտեան արուարձան եկած եւ իրեն հետ միասնաբար խորհրդակցած է, թէ ամերիկեան ընդհանուր ծրագիր կայ շրջանի վարչակարգերը փոխելու: Ան այս մասին փոխանցած է նաեւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի, եւ Սուլէյմանիի հետ երեքով խորհրդակցած են Սուրիոյ վարչակարգին դէմ հարուածի դիմակալման ծրագիրին շուրջ:

Նասրալլա հերքեց, թէ Իսրայէլ կը պատրաստուի յարձակումի մը Լիբանանի դէմ` միաժամանակ յայտնելով, որ Իսրայէլ զգուշ ու մտահոգ է Լիբանանի հետ հարաւային ծովային սահմանագծումին գծով