image

Ռուսաստան նոր ռազմակայան մը պիտի հիմնէ Ռաքքայի մէջ. «Ալ Մարսատ»

Ռուսաստան նոր ռազմակայան մը պիտի հիմնէ Ռաքքայի մէջ. «Ալ Մարսատ»

 

Մարդու իրաւունքներու սուրիական դիտորդական կեդրոնը (SOHR), յղում ընելով իր աղբիւրներուն, կը յայտնէ, որ ռուսական ուժերը Սուրիոյ մէջ նոր ռազմակայան տեղակայած են Ռաքքա քաղաքէն հիւսիս ինկած Այն Իսա շրջանի Քալթա գիւղին մէջ:

Միեւնոյն ժամանակ նշուած է, որ վերսկսած են ռազմական բախումները «Սուրիական դեմոկրատական ուժեր» զօրամիաւորման եւ թրքամէտ խմբաւորումներու միջեւ, որոնք հրթիռային հարուածներ փոխանակած են այդ շրջանի երկու գիւղերուն մէջ:

Սուրիական դիտորդական կեդրոնի տուեալներով՝ ռուսական ուժերը զինամթերք եւ այլ սարքաւորումներ տեղափոխող 22 բեռնատարէ բաղկացած շարասիւն բերած են նոր ռազմակայանի տարածք: