image

Մոհսէն Ֆախրի Զատա, կամ «Ստուերի մարդ»ը.Ո՞վ էր ան

Մոհսէն Ֆախրի Զատա, կամ «Ստուերի մարդ»ը.Ո՞վ  էր ան

 Հակառակ անոր, որ Իրանի կառավարութիւնը տարիներ շարունակ գաղտնի պահած էր գիտնական Մուհսէն Ֆախրի Զատայի ինքնութիւնն ու անոր կատարած դերը,  Իրանի կորիզային ծրագրին առընթեր, սակայն կարգ մը երկիրներ, յայտնաբերած են անոր գործունէութիւնը, որպէս Իրանի կորիզայինի ծրագրի  հիմնական սիւներէն  մին:

Ըստ ամերիկեան «Ուաշինկթըն Փոսթ»ին, Զատայի   դերն ու կարեւորութիւնը բացայայտուած են, երբ զանազան առիթներով յաճախակիօրէն տեսնուած է, մանաւանդ վերջին շրջանին, Իրանի գերագոյն հոգեւոր առաջնորդ՝ Ալի Խամենէի կողքը: Պարբերականը նշած է, որ Զատա պատասխանատուն եղած է Իրանի բանակին հետ կապուած բնագիտական հետազօտութիւններու կեդրոնին, նաեւ մասնակցած է Իրանի  ուրանի  հարստացման առաջին գործարանի հիմնադրութեան:

«Քառնեկի» հաստատութեան գիտաշխատող՝ Քարիմ Սականբուր գիտնականի ահաբեկումը համարած է հարուած Իրանին, որովհետեւ Զատան ամէնէն շատ իրազեկ գիտնականն էր  կապուած Իրանի կորիզային ծրագրին։

Իսկ «Ուաշինկթըն ինսթիթութ»ի Միջին Արեւելքի հարցերու փորձագէտ՝ Սայմըն Հանտըրսըն  համեմատած է Զատայի եւ զօրավար՝ Քասէմ Սուլէյմանիի սպաննութիւնները, ըսելով որ երկու իրանեան ծանրակշիռ անձնաւորութիւնները կը վայելէին բարձր հեղինակութիւն, տարբեր ոլորտներու մէջ:

Ըստ ՄԱԿ-ի Կորիզային ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան եւ Ամերիկեան հետախուզական գործակալութեան, Զատա նախագահած է Իրանի Կորիզային զէնքերու ծրագիրը, որ փակուեցաւ 2003-ին:

ԻրանԻ կորիզային ծրագրի դադրեցումէն ետք, Զատան մէկն էր այդ 8 գիտնականներէն, որոնց նկատմամբ 2007-ին դրամատնային հաշիւներու սառեցում նաեւ ճամբորդելու սահմանափակումներ կիրառուեցան ՄԱԿ-ի կողմէ, մասնաւորապէս՝ իրանեան պալիսթիկ հրթիռներու հետազօտութիւններուն կապակցութեամբ:  

 Ըստ «Սքայ նիւզ արապիա»  կայքին  Զատան ունեցած է երեք անձնագիր եւ յաճախ ճամբորդած է տիրանալու կորիզային ուժանիւթի արդի նորութիւններուն:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան 2020-ի զեկոյցին համաձայն, Իրանի կորիզային ծրագրի դադրեցումէն ետք իսկ Զատայի ղեկավարութեամբ շարունակուած է իրանեան ռազմական ծրագիրներ «Ամատ» անուան տակ:

Կորիզային ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան 2011-ի զեկոյցը, համարած է Զատան տնօրէնը «Ամատ»ին, որ կորիզային ծրագրին տուած է  ռազմական կարեւորութիւն։

Իրանի Պաշտպանութեան նախարարութեան կայքը  յայտարարած է,  թէ ուրբաթ՝ 27 նոյմբերին, մայրաքաղաք Թեհրանի մէջ, ահաբեկիչները թիրախ դարձուցած են գիտնական Ֆախրի Զատայի ինքնաշարժը. ան ծանր վիճակի մէջ փոխադրուած է հիւանդանոց, ուր կնքած է իր մահկանացուն:

 

Նիւթը  «Սքայ նիւզ արապիա»էն

 «Արեւելք»ի համար  արաբերէնէ  թարգմանեց՝ Թ.Գ.