image

Նաթանիահոյի գրասենեակը կը մերժէ մեկնաբանել Ֆախրիզատէի սպաննութիւնը

Նաթանիահոյի գրասենեակը կը մերժէ մեկնաբանել Ֆախրիզատէի սպաննութիւնը

Իսրայէլի վարչապետ՝ Բենիամին Նաթանիահոյի գրասենեակը հրաժարած է մեկնաբանելէ իրանցի կորիզային գիտնական՝ Մուհսէն Ֆախրիզատէի սպաննութիւնը, գրած է Almasdar News-ը:

Նաթանիահոյի գրասենեակի ներկայացուցիչը Reuters գործակալութեան յայտնած է, որ իրենք ձեռնպահ կը մնան այս հարցի վերաբերեալ մեկնաբանութիւններէ:

Նշուած է, որ երկու տարի առաջ, Նաթանիահոն յայտարարած էր, թէ Ֆախրիզատէն Իրանի համար կորիզային զինանոց կը մշակէ:

«Յիշեցէք այս անունը՝ Ֆախրիզատէ»,- 2018-ին ըսած էր Իսրայէլի վարչապետը։