image
Հրատապ լուրեր:

Իրանցի գիտնականի անունը Իսրայէլի գաղտնի սպասարկութեանց «թիրախներու ցուցակ»ին մէջ էր

Իրանցի գիտնականի անունը Իսրայէլի գաղտնի սպասարկութեանց «թիրախներու ցուցակ»ին մէջ էր

Նախօրէին սպանուած յայտնի իրանցի միջուկագէտ-ֆիզիկոս Մոհսէն Ֆախր Զատան երկար ժամանակ եղած է իսրայէլեան հետախուզութեան «Մոսատ» ծառայութեան թիրախ, որ, ենթադրաբար, կանգնած է 10 տարի առաջ գիտնականներու սպանութեան ետին, որոնց շարքին եղած են նաեւ Ֆախր Զատայի տեղակալները, կը յայտնէ New York Times-ը։ 

Պարբերականը նշած է, որ Իրանը չէ համաձայնած կատարել Միջուկային ջերմուժի միջազգային գործակալութեան պահանջը, որ կը պնդէր գիտնականի հարցաքննութիւնը, յայտարարելով, որ ան Թեհրանի կեդրոնին մէջ իմամ Հուսէյնի համալսարանին մէջ դասախօսութիւններ կը կարդայ:

«Պարոն Ֆախր Զատան գիտնական է, սակայն շարք մը գաղտնի զեկոյցներու մէջ, մասնաւորապէս՝ 2007 թուականի զեկոյցի նման, որոնք Կեդրոնական հետախուզական վարչութիւնը կազմած է Ճորճ Պուշի վարչակազմի համար, նշուած է, որ գիտական դերը պարզապէս քօղարկում է։ 2008 թուականին անոր անունը աւելցուած է իրանցի այն պաշտօնեաներու ցանկին, որոնց դրամատնային հաշիւները ԱՄՆ հրամանով սառեցուած են»,- նշուած է յօդուածին մէջ։

New York Times-ը նշած է, որ Ֆախր Զատայի գործունէութիւնը բացայայտուած է նոյն թուականին։

«Աւելի ուշ պարզ դարձաւ, որ ան ղեկավարած է 110 եւ 111 նախագիծերը՝ փորձելով լուծել ամենաբարդ խնդիրները, որոնց կը բախին ռումբեր նախագծողները, եւ փորձելով մարտագլխիկը բաւականաչափ փոքր դարձնել, որ տեղաւորուի հրթիռի մէջ եւ դիմանայ մթնոլորտ մտնելու ժամանակ խիստ պայմաններուն»,- նշած է պարբերականը։