image
Հրատապ լուրեր:

Մոհսէն Ֆախրի Զատայի սպանութեան հարցով Ռոհանիէն մեղադրանք՝ Իսրայէլին

Մոհսէն Ֆախրի Զատայի սպանութեան հարցով Ռոհանիէն մեղադրանք՝ Իսրայէլին

Իրանի նախագահ Հասան Ռոհանին Իսրայէլը մեղադրած է իրանցի միջուկային ֆիզիկոս, երկրի միջուկային ծրագրի գլխաւոր մասնագէտ Մոհսէն Ֆախրի զատան սպանելու համար եւ ըսած է, որ այդ յանցագործութիւնը պիտի չդանդաղցնէ երկրի միջուկային արդիւնաբերութեան զարգացումը: Այս մասին կը տեղեկացնէ Reuters գործակալութիւնը:

«Հերթական անգամ համաշխարհային ամբարտաւանութեան սիոնիստական ձեռքը արիւնով թաթախուած է: Նահատակ Ֆախր զատայի սպանութիւնը ցոյց կու տայ մեր թշնամիներու յուսահատութիւնն ու ատելութեան խորութիւնը ... Անոր նահատակութիւնը պիտի չկանգնեցնէ մեր ձեռքբերումները», -ըսած է Ռոհանին իրանական հեռուստատեսութեամբ հեռարձակուած ելոյթի ժամանակ:

Յիշեցնենք, որ Իրանի մէջ սպանուած է երկրի պաշտպանութեան նախարարութեան առընթեր հետազօտութիւններու եւ նորարարութիւններու կազմակերպութեան ղեկավար, միջուկային ֆիզիկոս Մոհսէն Ֆաֆրի Զատան։

Իրանի ԱԳ նախարար Մոհամատ Զարիֆը յայտնած էր, որ Իսրայէլը անմիջական առնչութիւն ունի սպանութեան հետ։