image
Հրատապ լուրեր:

Նախագահ Ռոհանին ողջունած է Արցախեան խնդրով կայացուած համաձայնութիւնը

Նախագահ Ռոհանին ողջունած է Արցախեան խնդրով կայացուած համաձայնութիւնը

Իրանը ջանք չի խնայեր, Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիին վրայ իրավիճակի ապամագլցման համար: Այս մասին յայտարարած է Իրանի նախագահ՝ Հասան Ռոհանին Շանկհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան անդամ պետութիւններու ղեկավարներու խորհուրդի նիստի ժամանակ:

Ան նշած է, որ ըլլալով Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հարեւանը ու հաշուի առնելով բազմաթիւ պատմական ընդհանուր բնագծերը տարածաշրջանի ժողովուրդներու, Իրան գոհունակութիւն յայտնած է ՌԴ միջնորդութեամբ ռազմական հակամարտութեան վերջ դնելու եւ դիւանագիտական կարգաւորման գործընթացք սկսելու երկու երկիրներու առաջնորդներու որոշումով: Ռոհանին յոյս յայտնած է, որ երկու երկիրները կը կարողանան կարգաւորել բոլոր տարաձայնութիւնները խաղաղ մթնոլորտի մէջ եւ միջազգային իրաւունքի ծիրէն ներս:

«Այդ նպատակով Իրանը հրադադարի հաստատման եւ խաղաղութեան հարցով ծրագիր ներկայացուցած էր, ինչպէս նաեւ բուռն բանակցութիւններ վարած հակամարտող կողմերու եւ այլ երկիրներու հետ: Մենք որեւէ ջանք չենք խնայեր այդ տարածաշրջանին մէջ իրավիճակի ապամագլցում եւ կայուն անվտանգութիւն, կայունութիւն եւ խաղաղութիւն հաստատելու համար»,-նշած է Ռոհանին: