image

Սաատ Հարիրի Լիբանանի վարչապետ նշանակուեցաւ

Սաատ Հարիրի Լիբանանի վարչապետ նշանակուեցաւ

 Լիբանանի նախագահ զօր. Միշէլ Աուն Սաատ Հարիրին երկրի վարչապետ նշանակեց։

 

 Նշենք, որ հարիրիի վարչապետ նշանակուիլը եղաւ երկրի երեսփոխաններուն մասնակցութեամբ պարտադիր խորհրդակցութեանց արդիւնքով։

 

 

 Ինչպէս «Արեւելք»   աւելի վաղ  գրած էր  Հարիրին վարչապետի իր պաշտօնէն հրաժարած էր եւ անոր յաջորդած էր Հասսան Տիապը (Տիապ վարչապետ նշանակուած էր դեկտեմբեր 2019-ին), որ 8 ամիս վարչապետի պաշտօն կատարելէ ետք հրաժարական տուած էր Պէյրութը աւերակած պայթումէն անմիջապէս ետք (4 օգոստոս 2020)։

 

Մինչեւ Հարիրիի վարչապետ նշանակուիլը, եւ ըստ Լիբանանի համար նախատեսուած նախաձեռնութեան երկրի վարչապետի պաշտօնը վստահուած էր Մուսթաֆա Ատիպին (31 օգոստոս), որն իր կարգին չկարողանալով կառավարութիւն կազմել նոյնպէս հրաժարած էր։

 

 Ի դէպ վարչապետ նշանակուելէ անմիջապէս ետք հարիրի կարճ խօսքով մը հանդէս եկած էր յայտարարելով, որ մեծ ճիգեր պիտի իրագործէ արագօրէն նոր կառավարութիւն մը կազմելու։