image

Ապու Տապիի գահաժառանգը առաջարկած է Թուրքիոյ փոխարէն իրենց երկրին մէջ ստեղծել Ամերիկեան խարիսխ

Ապու Տապիի գահաժառանգը առաջարկած է Թուրքիոյ փոխարէն իրենց երկրին մէջ ստեղծել Ամերիկեան խարիսխ

Ապու Տապիի թագաժառանգ, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու (ԱՄԷ) զինուած ուժերու գլխաւոր հրամանատարի տեղակալ շէյխ Մոհամետ պըն Զայէտ ալ Նահեան ԱՄՆ-ին առաջարկած է Թուրքիոյ Ատանա նահանգի Ինճիրլիքի շրջանին մէջ տեղակայուած խարիսխը տեղափոխել ԱՄԷ: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ «Էրմէնիհապէր»էն:

Ըստ թրքական լրատուամիջոցներու՝ թագաժառանգը այդ քայլին դիմած է Թուրքիոյ հետ ունեցած հակասութիւններու, յատկապէս Լիպիոյ ճգնաժամին մէջ ունեցած հակառակ դիրքաւորման պատճառով:

Կը հաղորդուի, որ առաջարկութիւնը արդէն ուղարկուած է Փենթակոն:

Նշենք, որ Ինճիրլիքի ռազմական օդուժը կ'օգտագործուի ԱՄՆ-ի եւ Թուրքիոյ ռազմաօդային ուժերու կողմէն։ Օդուժը կը գտնուի Ատանա քաղաքէն 8 քմ հեռաւորութեան վրայ: Այն կը հանդիսանայ Եւրոպայի մէջ ԱՄՆ-ի եւ ՆԱԹՕ-ի արեւելեան ռազմակայանը: