image

Լիբանանի պայթումը եղած է «Հըզպալլա»ի պատկանող պահեստանոցի մէջ.Սխալի արդիւնքով.Reuters

Լիբանանի պայթումը եղած է «Հըզպալլա»ի պատկանող պահեստանոցի մէջ.Սխալի արդիւնքով.Reuters

Reuters գործակալութեան հաղորդմամբ, «Այն Քանա» շրջանին մէջ որոտացած պայթումը եղած է «Հըզպալլա» կազմակերպութեան պատկանող  պահեստանոցի մը մէջ։

Աղբիւրը այդ մասին հաղորդեց քիչ առաջ՝ նշելով նաեւ, որ պայթումը հետեւանք է սխալի մը։

Յիշեցնենք, որ «Արեւելք» աւելի վաղ այդ մասին հաղորդած էր, նշելով, որ պայթումը եղած է լիբանանեան «Հըզպալլա» կազմակերպութեան պատկանող կեդրոնի մը մէջ։

Մինչեւ այս պահը մարդկային տոյժերու մասին լուրեր չեն հաղորդուիր։