image

Դամասկոսի հնաբոյր, բայց միշտ նորոգուող գինետունը՝ «Ապու Ժորժ»

Դամասկոսի  հնաբոյր, բայց միշտ նորոգուող  գինետունը՝ «Ապու Ժորժ»

Հին Դամասկոսի թաղամասերէն՝ «Պապ Շարքի»ի մէջ, «Ապու Ժորժ»ին գինետունը տակաւին դռները բաց կ'ընդունի իր յաճախորդները: Այստեղ մարդիկ ոչ միայն լաւագոյն գինին ըմպելու կու գան, այլ  գինետան  տարբերուող մթնոլորտին համար: Հին նկարները, հին օրերու ձայնասփիւռէն լսուող երգերը, պատերուն եւ սեղաններուն վրայ փորագրուած յուշերը կը գրաւեն յաճախորդները: Իսկ Ապու Ժորժը, որ անձամբ կը սպասարկէ եւ ներկաներուն հետ նստելով սրտբաց մտիկ կ'ընէ անոնց հոգերը, ջերմութիւնով կը պարուրէ վայրը:

Գինետուն մը, որ հարիւր տարուան  պատմութիւն ունի, հիմնուած է 1910-ին: Յիսունական թուականներուն  գինետունը գնած է Ապու Ժորժի հօրեղբարը աւելի ուշ ծախելու իր եղբօրը: Ներկայիս Ապու Ժորժն ու իր եղբայրը Ապու Իսամը կը տնօրինեն գործը:

Շատ մը մրցակիցներ տապալած այս գինետունը, 2008-ին իր ամէնէն «ուժեղ» մրցակիցին ալ «ցտեսութիւն»  ըսելով  այսօր կը հանդիսանայ իւրայատուկ ոճին հաւատարիմ միակ գինետունը։

Դժբախտաբար նոյն տարին «Պապ Շարքի» թաղամասի կարգ մը շէնքեր փուլ կու գան, գետնին տակ նկուղի մը առկայութեան պատճառաւ: Գինետունը, բոլոր շէնքերուն պէս կը վերանորոգուի եւ 2009-ին կը վերաբացուի:

2010-ականներուն, երբ Սուրիան կ'ապրէր բարգաւաճութիւն, եւ զբօսաշրջութեան ոլորտը զարգացման մէջ էր, «Պապ Շարքի»ի մէջ կը բացուին արդիական զանազան ճաշարաններ, սակայն Ապու Ժորժի գինետունը չի կորսնցնելով իր յատու երանգը, կը դառնայ հազարաւոր զբօսաշրջիկներու ուշադրութեան կեդրոն:

2011-ին երբ Սուրիոյ մէջ սկսաւ աղէտալի պատերազմը, ինչպէս բոլոր գործերը, զբօսաշրջիկութեան ոլորտն ալ վնասներ կրեց: Ապու Ժորժի գինետունը, դիմանալով ռումբերու սպառնալիքներուն եւ կրելով նիւթական ահռելի վնասներ, շարունակեց բաց պահել իր դռները, հիւրընկալելով  հանգիստ շունչ մը քաշել ուզող տասնեակ յաճախորդներ:

2015-ին, «Պապ Շարքի» թաղամասը կրկին կը սկսի ապրիլ աշխուժութիւն ի տես արդիական ճաշարաններու ու Bar-երու բացման: Գինետունը կը տոկայ ներկայ մրցակցութեան ալ, կարգ մը փոփոխութիւններ ընելով, եւ աւելցնելով համացանցն ու համակարգիչը: Համալսարանի ուսանողներ կը սկսին յաճախել այստեղ, որովհետեւ ան կը պահապանէ իր մատչելի սակերը, հակառակ շրջապատին մէջ տիրող սղաճին:

Եւ ի վերջոյ «Քորոնա» համաճարակը, գինետունը կը դիմակայէ անոր հետ կապուած տնտեսական հետեւանքներու հարուածներուն ալ:

Տասնամեակներու ընթացքին, Ապու Ժորժի գինետունը ականատես ըլլալով զանազան տագնապներու, մնացած է նոյն հին ու տաքուկ այն վայրը, ուր հաւաքուելով տարբեր սերունդներ, միասին խմած են ու կը խմեն Սուրիական հայրենիքին կենացը:

 

Լուրը՝   «Սնաք սուրի» կայքէն 

 «Արեւելք»ի համար թարգմանեց՝  Թ.Գ.