image

Թրամբէն նոր պատիժներ՝ Իրանին

Թրամբէն նոր պատիժներ՝ Իրանին

ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամբ կը նախատեսէ ստորագրել հրամանագիր, որ թոյլ կու տայ պատժամիջոցներ կիրառել անոնց հանդէպ, որոնք կը խախտեն Իրանի հանդէպ սովորական սպառազինութեան էմպարկօն: Այս մասին կը յայտնէ Reuters-ը:

Աղբիւրները կը յայտնեն, որ հրամանագիրը, ինչպէս կ'ակնկալուի, պիտի հրապարակուի առաջիկայ օրերուն եւ թոյլ պիտի տայ նախագահին պատժամիջոցներ կիրառել՝ թոյլ չտալով խախտողներուն մուտք գործել ԱՄՆ շուկայ:

ԱՄՆ գործողութիւններու անմիջական պատճառը Իրանի դէմ զէնքի ՄԱԿ-ի էմպարկոյի մօտալուտ վերջնաժամկէտն է: