image

Թուրքիոյ նոր փորձանքն ու «դաշնակից»ը... կամ «Իսլամ եղբայրներ»ու վտանգը

Թուրքիոյ նոր փորձանքն ու «դաշնակից»ը... կամ «Իսլամ եղբայրներ»ու վտանգը

 «Իսլամ Եղբայրներ» կազմակերպութիւնը այլեւս վտանգ կը ներկայացնէ Թուրքիոյ համար»: Այս մասին գրած է թրքական Gazetaduvar կայքը: Յօդուածի հեղինակ՝ Մուսա Օզօրլու զգուշացուցած է, որ այս կազմակերպութիւնը կրնայ ուռճանալ եւ նոյնիսկ իշխանութեան հասնիլ: Ան բարձրաձայնած է շարք մը կարեւոր հարցադրումներ, թէ ինչու Ռէճէպ Էրտողան եւ իր կառավարութիւնը կ'աջակցին այս կազմակերպութեան:

Յօդուածագիրը նշած է նաեւ, թէ Թուրքիոյ ներկայ կառավարութիւնը մեծ յոյսեր կապած է այս կուսակցութեան հետ, առանց նկատի առնելու, թէ ինչ վիճակի հասած է ան Եգիպտոսի՝ նոյն ինքն կուսակցութեան հիմնադրութեան օճախին մէջ:

Եւ նկատելին այն է, որ Անգարա գաղտնի չի պահեր իր զօրակցութիւնը «Իսլամ եղբայրներ»ուն: Էրտողանի խորհրդական՝ Եասին Աքթայ հրապարայնօրէն ըսած է, թէ « Իսլամ Եղբայրներ»ը կը համարուին մեր բազուկը արաբական աշխարհին մէջ, անոնք կը նային Թուրքիոյ իբր նոր Խալիֆայութեան»:

 Իր կարգին Թուրքիոյ երկրորդ քաղաքական ուժ համարուող ըննդիմադիր Ժողովրդա- հանրապետական կուսակցութեան նախագահ՝ Քամալ Քլըչտարօղլու յայտնելով իր վրդովմունքը ըսած է« Ովքեր են այս եղբայրները, ի՞նչ է անոնց քաղաքականութիւնը, ինչո՞ւ զօրավիգ կը կանգնիք անոնց: Ինչպէս դուք Քրտական Բանուորական կուսակցութիւնը ահաբեկչական կը համարէք, նմանապէս Եգիպտոսը «Իսլամ եղբայրներ»ը ահաբեկչական կուսակցութիւն կը համարէ»:

 Աղբիւրը անդրադարձած է նաեւ թրքական-եգիպտական յարաբերութիւններուն, ընդգծելով, որ Եգիպտոսի համար առաջին պայմանը Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու, այն է, որ Թուրքիան դադրեցնէ իր աջակցութիւնը յիշեալ կուսակցութեան:

Միւս կողմէ Թուրքիան կը հիւրընկալէ «իսլամ եղբայրներ»ու տասնեակ ղեկավարներ, անոնց նոյնիսկ տրամադրելով անոնց լրատուական հարթակներ հեռատեսիլի կայաններ։

 

Գաղտնի չէ, որ վերջին քանի մը տարիներուն, Թուրքին ու Քաթար միասնաբար նեցուկ կը կանգնին յիշեալ կազմակերպութեան, որ կը վայելէ Քաթարի նիւթական հովանաւորութիւնը եւս Թուրքիոյ մէջ:

 Նիւթը ՝ «Ալ Արապիյա»էն

«Արեւելք»ի համար թարգմանեց ՝ Թ. Գ.