image

Արդեօք Ամերիկան պիտի հեռանայ «Ինճիրլիք»»էն. Washington examiner

Արդեօք Ամերիկան   պիտի  հեռանայ «Ինճիրլիք»»էն. Washington examiner

Ամերիկեան ուժերու վերահսկողութեան տակ գտնուող «Ինճիրլիք»» ռազմակայանը մեծ նշանակութիւն ունի իր գրաւած աշխարհագրական դիրքով, որովհետեւ կը գտնուի Սուրիոյ, Միջերկրական Ծովուն եւ Ռուսաստանի մօտակայքը, ու նաեւ կարեւոր է ՆԱԹՕ-ին համար, որուն անդամ է Թուրքիան: Այս ռազմակայանը կը համարուի ՏԱԷՇ-ի դէմ ծաւալուող միջազգային դաշնութեան գործողութիւներու գլխաւոր կեդրոններէն մին։

Ըստ ամերիկացի բարձրաստիճան  գործիչի մը, Միացեալ Նահանգներ սկսած է մտածել ամերիկեան ուժերը «Ինճիրլիք» ռազմակայանէն ետ քաշելու մասին, Թուրքիոյ նախագահ՝ Ռէճէպ Էրտողանի վարած արտաքին քաղաքականութեան պատճառաւ:

Washington examiner լրատուամիջոցի հաղորդումով՝ ԱՄՆ-ի ծերակոյտի ՝ Եւրոպական արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ՝ ծերակուտական Ռոն Ճոնսըն այս առումով ըսած է.- «ինչ կը վերաբերի «Ինճիրլիք» ռազմակայանին, պէտք է հաշուի  առնել  ամենավատը»:

Ի դէպ, Էրտողան բազմիցս սպառնալիքներ ուղղած է, այս ռազմակայանը փակելու առնչութեամբ:

Թերթը նշած է, որ Ամերիկեան ուժերու «Ինճիրլիք»էն քաշուելու պարագային, ԱՄՆ-ի եւ ՆԱԹՕ-ի ամենամեծ երկրորդ բանակը ունեցող երկրին միջեւ յարաբերութիւնները պիտի յանգին մեծ փոփոխութիւններու, մանաւանդ Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի ներկայ մերձեցումի պայմաններուն տակ:

Ճոնսըն ըսած է նաեւ «Մենք կ'ուզենք պահպանել մեր ներկայութիւնը եւ համագործակցութիւնը Թուրքիոյ հետ, բայց պաշտապանական դիրքերէ ելլելով ... եւ պէտք է վերանայիլ այն հանգամանքին, որ Էրտողանի բռնած ուղին լաւ տեղ պիտի չտանի...»: Ան շարունակած է, որ ԱՄՆ ներկայիս սկսած է ուսումնասիրել «Ինճըրլիք» ռազմակայանը Յունաստանի մէջ ստեղծուելիք զօարակայանով մը փոխարինելու կարելիութիւնները։

Իր հերթին ԱՄՆ-ի արտաքին գործոց Նախարար՝ Մայք Փամփէօ նախապէս յայտարած էր, որ Միացեալ նահանգները պիտի վերցնէ Կիպրոսի նկատմամբ կիրառուած 33 տարուայ սահմանափակումները, ինչ որ տեղիք տուած էր Թուրքիոյ զայրոյթին:

ԱՄՆ-ի եւ Կիպրոսի անվտանգութեան համագործակցութիւնը ձեւով մը նախազգուշացում է ուղղուած Էրտողանին, եւ յիշեցում թէ ԱՄՆ կը քննարկէ նոր ռազմակայաններ ստեղծելու հնարաւորութիւնները, եթէ Էրտողանի վարչակարգը շարունակէ գործել նոյն հռետաբանութեամբ եւ հարեւաններուն հետ խնդիրներ «ստեղծելու» մօտեցումներով։

Յիշեցնենք, որ ամերիկեան ուժերու վերահսկողութեան տակ գտնուող «Ինճիրլիք» ռազմակայանը մեծ նշանակութիւն ունի իր գրաւած աշխարհագրական դիրքով, որովհետեւ կը գտնուի Սուրիոյ, Միջերկրական Ծովուն եւ Ռուսաստանի մօտակայքը, ու նաեւ կարեւոր է ՆԱԹՕ-ին համար, որուն անդամ է Թուրքիան: Այս ռազմակայանը կը համարուի ՏԱԷՇ-ի դէմ ծաւալուող միջազգային դաշնութեան գործողութիւներու գլխաւոր կեդրոններէն մին։

 «Արեւելք»ի համար թարգմանութիւնը ՝ Թ. Գ.ի