image

Ռուս-չինական յարաբերութիւնները մտահոգիչ սկսած են դառնալ ԱՄՆ-ին համար

Ռուս-չինական յարաբերութիւնները մտահոգիչ  սկսած են դառնալ ԱՄՆ-ին  համար

Ռուսաստանի եւ Չինաստանի յարաբերութիւններու ամրապնդումը մեծ սպառնալիք է ԱՄՆ-ի համար: Նման կարծիք յայտնած է National Interest ամսագիրի փորձագէտ՝ Տիւկ Պենտոուն։

Պենտոուի կարծիքով՝ Չինաստանն ու Ռուսաստանը իրենց յարաբերութիւնները բարձր մակարդակի տեղափոխած են այն ժամանակ, երբ Արեւմուտքը տնտեսական պատերազմ սկսած է Ռուսաստանի դէմ։ Ընդ որում, երկու երկիրներու կառավարութիւնները կը շարունակեն մերձեցման քաղաքականութիւնը։

Ըստ Պենտոուի՝ «այժմ նոյնիսկ ԱՄՆ-ի կողմնակիցները սկսած են զայրանալ աշխարհի երկրորդ խոշորագոյն տնտեսութեան եւ աշխարհի երկրորդ ուժեղագոյն բանակի համագործակցութեան պատճառով»։

Ան նաեւ յայտնած է, որ ԱՄՆ-ի ղեկավարութիւնը պէտք է բանակցութիւններու սեղանի շուրջ նստի ռուս քաղաքական գործիչներուն հետ եւ փոխզիջումներ  կատարէ։

Պենտոուի կարծիքով, Սպիտակ տան նպատակը ոչ թէ Ռուսաստանը Միացեալ Նահանգներուն դաշնակից դարձնելն է, այլ խանգարելը, որ վերջինս դառնայ Չինաստանի դաշնակիցը: