image

33 տարուան դադարէ ետք Ամերիկա զինամթերք պիտի ուղարկէ Կիպրոս

33 տարուան դադարէ ետք Ամերիկա   զինամթերք պիտի ուղարկէ Կիպրոս

   «Ինտիբէնտընթ  Արապիք»  կայքէն կը կարդանք՝ 

Միացեալ Նահանգներ որոշած է ռազմական  ուժ  տրամադրել Կիպրոսին. Գործընթացը պիտի սկսի յառաջիկայ տարի եւ այդպիսով վերջ պիտի տրուի Կիպրոսի  հանդէպ առկայ  զէնքի մատակարարման սահմանափակման օրէնքին։

«Կիպրոսի Հանրապետութիւնը Արեւելեան Միջերկրական տարածաշրջանին մէջ մեր հիմնական գործընկերն է: Մենք յաջորդ ֆինանսական տարուան ընթացքին, պիտի վերցնենք Կիպրոսի Հանրապետութեան նկատմամբ պաշտպանական զէնք եւ ծառայութիւններ վաճառելու սահմանափակումները»,- այս մասին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար՝ Մայք Փոմփէօն:

Փամփէօն աւելցուց թէ Միացեալ Նահանգները պիտի ընդլայնէ անվտանգութեան ոլորտին մէջ իր համագործակցութիւնը Նիկոսիոյ հետ:

2 սեպտեմբերին, Կիպրոսի նկատմամբ զէնքի 33 ամեայ սահմանափակումի վերացման ամերիկեան այս որոշումը, տեղիք տուաւ Թուրքիոյ զայրոյթին, որ յայտարարեց թէ այս քայլը կ'անտեսէ «կղզիին մէջ տիրող հաւասարակշռութիւնն ու հաւասարութիւնը»:

Յիշեցնենք, որ Կիպրոս բաժնուած է 1974 թուականէն ի վեր, Թուրքիոյ նուաճումէն ետք: Թուրքիան միակ երկիրն է, որ կը ճանչնայ Հիւսիսային Կիպրոսի Հանրապետութիւնը:

1987-ին, կղզիի միաւորումին նպաստելու ու սպառազինութեան մրցավազքէն խուսափելու միտումով, կիրառուած են Կիպրոսին զէնք մատակարարելու սահմանափակումներ: Եւ այսօր, զանոնք վերացնելու որոշումը կը համընկնի այնպիսի ժամանակի մը, երբ ՆԱԹՕ-ի երկու երկիրներու՝ Թուրքիոյ եւ Յունաստանի յարաբերութիւնները սուր լարուածութիւն կ'ապրին, տարածաշրջանի նաւթի ու կազի իրաւունքներու հակամարտութեան ընդառաջ:

Կիպրոսի նախագահ Նիքոս Անասթասիատիս ողջունեց Ամերիկայի այս քայլը, մինչդեռ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Անգարան կ'ակնկալէ իր ՆԱԹՕ-ի գործընկերոջմէ վերատեսութեան ենթարկել որուշումը։ Ապա աւելցուց թէ «Թուրքիան, որպէս երաշխաւոր երկիր, ելլելով իր իրաւական ու պատմական պատասխանատուութիւններէն, պիտի դիմէ համապատասխան քայլերու, ապահովելու համար կիպրացի թուրքերու անվտանգութիւնը»: